Հանրապետութեան հրապարակ (Երեւան)

Հանրապետութեան հրապարակը, Երեւան քաղաքի վարչական կեդրոնի գլխաւոր ճարտարապետական համակառոյցն է՝ տօնակատարութիւններու, շքերթներու եւ ժողովրդական հաւաքոյթներու համար։ Հրապարակը ստեղծուած է (ըստ Երեւանի գլխաւոր յատակագիծին եւ նախագիծին) 1924 թուականին, ճարտարապետ՝ Ալեքսանդր Թամանեանին կողմէ ու կառուցուած է 1926-1958 թուականներու ընթացքին: 1940-1990 թուականներու ընթացքին կոչուած է Լենինի հրապարակ եւ հոն կառուցուած է թանգարաններու շէնք մը 1977 թուականին։ Մինչեւ 1990 թուական, հրապարակին հարաւ-արեւմտեան շրջանին մէջ կը գտնուէր Լենինի արձանը[1]:

Հանրապետութեան հրապարակ, Երեւան:

Հանրապետութեան հրապարակը կ'ընդգրկէ վարչական շէնքեր, օրինակ՝ կառավարութեան տունը (որուն ճարտարապետն է՝ Ալեքսանդր Թամանեան, իսկ անոր դահլիճի նախագիծը եւ շինութիւնը ղեկավարած է Գէորգ Թամանեանը), կառավարական 2-րդ տուն մը (որուն ճարտարապետներն են՝ Սամուէլ Սաֆարեան, Վարազդատ Արեւշատեան եւ Ռաֆայէլ Իսրայէլեան), Արհեստի միութիւններու շէնքը (ճարտարապետ՝ Մարք Գրիգորեան), «Արմենիա» հիւրանոցը (ճարտարապետ՝ Էտուարտ Սարապեան) եւ թանգարաններու շէնքը (ճարտարապետ՝ Սամուէլ Ղազարեան)[2]:

Հանրապետութեան հրապարակին շուրջի շէնքերը կառուցուած են դեղին եւ վարդագոյն յատուկ տուֆ քարերով:

1971 թուականին հանրապետութեան հրապարակին կառուցման հեղինակները ստացած են ՀԽՍՀ պետական մրցանակը[3]:

Ճարտարապետութիւն

Խմբագրել

Հրապարակը կազմուած է երկու մասէ։ Առաջինը՝ շրջանաձեւ է, որուն կեդրոնը քարէ նախշերով սալայատակ է, որն ըստ մտայղացման բարձրէն դիտելու պարագային պէտք է յիշեցնէ հայկական գորգ։ Երկրորդն ունի սեղանաձեւ տեսք եւ կը ներառէ երգող շատրուանները, որ տեղակայուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանին եւ Ազգային պատկերասրահի շէնքին դիմաց[4]։ Հրապարակի շուրջը գտնուող շէնքերը կառուցուած են վարդագոյն եւ սպիտակ տուֆէ, իսկ անոնց ստորին մասը՝ պազալթէ։

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Հանրապետութեան հրապարակը 1920-ական թուականներին։ Հայացքը ներկայիս կառավարութեան մոտից դեպի նախկին Նոյան Տապան խանութ։ Աջ կողմում երեւում է Արական գիմնազիայի շէնքը՝ ներկայումս վերակառուցված որպես Ազգային պատկերասրահ, կողքին՝ Դայմոնդ ռեստորանի շէնքը։ Դիմացի այգիների փոխարեն ներկայումս շատրվաններ են։

Քաղաքային հրապարակը տարբեր համամասնութիւններով այդ վայրի հարեւանութեամբ գոյութիւն ունեցած է շատ դարեր[5]։ Մասնաւորապես Շահումեանի հրապարակի մօտակայքը գոյութիւն ունեցած Ղանթարի շուկան փաստօրէն գտնուած է Շահար թաղամասի ու բերդի միջեւ։ Ներկայիս հրապարակի տարածքին մէջ կը գտնուին բնակելի շէնքեր, մինչ նոր հրապարակի շինարարութեան սկիզբը՝ 1920-ական թուականներու կէսը։ Շէնքերու սկսած են վերափոխուիլ 1926 թուականին՝ առեւտրային կէտերու ու կրպակներու, երբ կառուցուած է Գիւղատնտեսութեան ժողովրդական կոմիսարիատի շէնքը՝ ապագային Կառավարութեան շէնքի տեղը։ 1935 թուականէն յետոյ վերափոխուած է Սվերդլովի (Բիւզանդի), Նալբանդեան, Աբովեան, Ամիրեան ու պուլվարի միջնամասի շէնքերը՝ հարթացնելով այսօրուան հրապարակի ողջ տարածքը[6]։

2003 թուականին Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի ամբողջ տարածքին մէջ իրականացուած են բարեկարգման շինարարական աշխատանքներ։ Հրապարակի ասֆալտապատ վերին շերտը հեռացնելու ընթացքին բացուած են խոր փոսորակներ, քարէ պատերու մնացորդներ, սեւ, կարմիր տուֆի մշակուած սալիկներ, կղմինտրներ, կաւանօթի բեկորներ, տուֆէ պատրաստուած ջրատար խողովակներ։

ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի հնագիտական ջոկատը պեղումներ իրականացուցած է նոյն տեղը եւ հետազօտած՝ բացուած փոսորակներէն միայն երեքը[7]։   

Պեղումներէն ի յայտ եկած են հրապարակի եւ յարակից փողոցներու ասֆալտի տակ պահպանված 17-րդ դարուն պատկանող եւ անցեալ դարասկիզբին քանդուած շէնքերու նկուղային յարկաբաժիններ։ Քառակուսի յատակագիծով սրահի տարբեր բաժանմունքները ստեղծուած են խաչուող թաղերով աւարտող միջնապատերու շնորհիւ։ Բարեկարգման աշխատանքներու արդիւնքով, հրապարակի կեդրոնը կառուցուած է յայտնի խճանկարը, իսկ պեղուած տարածքները ծածկուած են հողով ու աւազով, ըսելով՝ «այս տարածքները կը փակենք՝ ձգելով յետագայ սերունդներուն»։

Այդ կառոյցները կը ներկայացնեն շինարարական արուեստի կարեւոր ժամանակահատուած, որ մեր մօտ քիչ ուսումնասիրուած է։ Յայտնաբերուած գտածոները կը վկայեն այն մասին, որ Երեւանն անընդհատ զարգացում ապրած է[7]:

 
Երեւանի կեդրոնական հրապարակ, 1935-1937 թուականների լուսանկար

Մինչ խորհրդային տարիներուն՝ 1906-1911 թուականներուն, հրապարակը նախագծած է Բորիս Մեհրաբեանը[8] որպէս Երեւանի յատակագիծի մաս։ Հրապարակի ժամանակակից տեսքը 1924 թուականին նախագծած է քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ Ալեքսանդր Թամանեանը։ Հրապարակի շինարարութիւնը սկսած է 1926 թուականին՝ Կառավարութեան շէնքի կառուցումով[9][10][11][4][12]։ Նախագիծը մշակուած է մինչեւ 1950-ական թուականները, երբ նախագծուած են հինգ շէնքերը եւ աւարտած՝ 1977 թուականին[9], երբ կառուցուած է Ազգային պատկերասրահը։ Խորհրդային շրջանին հրապարակը կրած է Լենինի անունը՝ ի պատիւ խորհրդային առաջնորդ Վլադիմիր Լենինի։ Լենինի արձանը հրապարակին մէջ տեղադրուած է 1940 թուականին եւ վերացուած՝1991 թուականին, Հայաստանի անկախացման նախաշեմին։

Տեսարժան վայրեր

Խմբագրել

Կառոյցներ

Խմբագրել
Կառույց Պատմութիւն
Կառավարութեան շէնք № 1 
Շէնքը կը պատկանի Հայաստանի կառավարութեան (նախարարներու գրասենեակներ եւ գործադիր իշխանութեան ոչ լրիւ կազմ)։ Խորհրդային տարիներուն հոն գտնուած է Ժողովրդական կոմիսարիատը՝ խորհրդային Հայաստանի գործադիր մարմինը։

Հիւսիս-արեւմտեան հատուածը կառուցուած է 1926-1929 թուականներուն Ալեքսանդր Թամանեանի նախագիծով[4]։ 1938 թուականին շէնքի մնացած մասի կառուցումը յանձն առած է իր որդին՝ Գէորգ Թամանեանը։ Շէնքի կառուցումը աւարտած է 1941 թուականին[9][13]։

Հայաստանի պատմութեան թանգարան եւ Ազգային պատկերասրահ 
Շէնքին մէջ տեղակայուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանը եւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահը, Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահը ու Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը։

Անսամպլին հիմք ծառայած է 1913 թուականին հիմնադրուած ու 1917 թուականին արտաքին շինարարութիւնը աւարտած[14] հսկայական П-աձեւ շէնքը, որու ներքին յարդարման աշխատանքները աւարտած են միայն 1920 թուականին։ Ապագայ Արական գիմնազիայի համար նախատեսուած շէնքի նախնական նախագիծը ստեղծած է ճարտարապետ Միխայիլ Ֆոն Դեր Նոննեն 1881 թուականին, որ 1876-1909 թուականներուն եղած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետը[15]։ 1907 թուականին նախագիծը լրամշակած է Ա․ Վասիլյեւը, իսկ յետագային նաեւ Վասիլի Միրզոյեանն ու Վ․ Սիմոնսոնը։ Վերջինիս նախագիծն ալ սկսած է կառուցուիլ 1913 թուականին։ Մուտքը նախագծուած է Աբովեան փողոցին կողմէ, որ մինչ այսօր կը ծառայէ, որպէս Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահի մուտք[9]։

1950-ական թուականներուն Մարկ Գրիգորեանի եւ Էդուարդ Սարապեանի կողմէ[9] նախագծուած է հրապարակին կողմէ ճակատային մասի ու լրացուցիչ յարկերու նախագիծը՝ շէնքի թեւերէն մէկուն հիմքին վրայ։ Շինարարութիւնը աւարտած է 1977 թուականին։ Շէնքի այս մասին մէջ տեղակայուած է Ազգային պատկերասրահը[9][16]։

Հանդիպակած թեւին վրայ այժմ կը գործէ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը։

Marriott հիւրանոց 
Շէնքը կառուցուած է 1958 թուականին Մարկ Գրիգորեանի եւ Էդուարդ Սարապեանի նախագծով[17]։ Խորհրդային տարիներուն հիւրանոցը կոչուած է Արմենիա։ Անիկա լիւքս դասի է, Հայաստանի առաջատար հիւրանոցներէն մէկը[18][19]։ Ունի 380 սենեակ[20]։
Կառավարութեան շէնք № 2 
Շէնքը կառուցուած է 1955 թուականին Սամուել Սաֆարեանի, Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի եւ Վարազդատ Արեւշատեանի նախագիծով[9][9][21][22]։ Առաջին յարկի պատուհաններուն վերի ֆրիզն անաւարտ է[23]։ 1996 թուականէն մինչեւ 2016 թուականը շէնքը պատկանած է Արտաքին գործերու նախարարութեան[22]։
Հայաստանի փոստի կեդրոնական շէնք  
Շէնքը կառուցուած է 1933 թուականէն մինչեւ 1956 թուականը Մարկ Գրիգորեանի եւ Էդուարդ Սարապեանի նախագիծով[9]։ Մինչեւ 2016 թուականը շէնքին մէջ գործած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան եւ կապի նախարարութիւնը[23]։

Լենինի արձան

Խմբագրել
 
Լենինի արձանը եւ Կառավարութեան շէնքը, 1978 թուականի խորհրդային նամականիշ

Խորհրդային առաջնորդ Վլադիմիր Լենինի եօթ մեթրանոց արձանը հրապարակին մէջ կանգնեցուած է Սերգեյ Մերկուրովի կողմէ, 1940 թուականի Նոյեմբերի 24-ին[24][25]։ Արձանը տեղադրուած է տասնմէկ մեթր բարձրութիւն ունեցող պատուանդանի վրայ եւ ուղղուած՝ դէպի Ազգային պատկերասրահի ապագայ շէնքը։ Արձանը «շուտով ճանաչում ձեռք բերած է, որպես յուշարձանային արուեստի մեծ ստեղծագործութիւն»։ Արձանը պատուանդանէն հանուած է 1991 թուականի Ապրիլ 13-ին՝ Խորհրդային Միութեան պաշտօնական փլուզման նախօրէին։ Արձանը «տեղադրած են բեռնատարի վրա եւ տարած՝ կեդրոնական հրապարակով, ինչպես մեռածի մարմինը՝ բաց դագաղի մէջ», մարդոց ուրախ բացագանչութիւններու ներքոյ[26]։ Ներկայիս արձանը կը գտնուի Ազգային պատկերասրահի բակին մէջ։ Պատուանդանը հրապարակին մէջ մնացած է մինչեւ 1996 թուական, անկէ ետք վերցուած է։

Փոփոխութիւններ

Խմբագրել

Տեր-Ղազարեանը գրած է. «Լենինի արձանի ապամոնթաժումը խախտած է տարածքի հաւասարակշռութիւնը։ Այդ դատարկ տեղի համար, ուր նախապէս կանգնած էր Լենինը, առաջարկուած են բազմաթիւ տարբերակներ, սակայն անոնցմէ ո՛չ մէկը չէր յաջողած»[27]։

2000 թուականի Դեկտեմբեր 31-ին պատուանդանի տեղը տեղադրուած է քսանչորս մեթրանոց խաչ՝ լուսաւորված փոքր լամբերով։ Տեղադրումը աւարտած է 2001 թուականի նախօրէին, երբ Հայաստանն ու հայ առաքելական եկեղեցին տօնած է քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակը։ Խաչը լուսաւորուած է 1700 լամբերով եւ հոն մնացած՝ ամբողջ տարուան ընթացքին։ Տօնակատարութիւններու աւարտին՝ 2001 թուականի վերջը, խաչը վերցուած էր։ Քանի որ ատիկա ժամանակաւոր նախագիծ էր, անոր տեղադրումն ու վերցուիլը մեծ աղմուկ չեն առաջացուցած[28]։

2004 թուականի Փետրուարին դատարկ տեղը դրուած է հեռուստատեսային պաստառ, որով ցուցադրուած են ապրանքներու եւ կազմակերպութիւններու գովազդներ[29]։ Պաստառը հանուած է 2006 թուականին[28]։

Առաջարկներ

Խմբագրել

Հայաստանի մէջ քանի մը անգամ տեղի ունեցած են նախագիծերու մրցոյթներ՝ նպատակ ունենալով լրացնել այն տեղը, ուր նախապէս եղած է Լենինի արձանը։ Տարածուած եղած է Սասունցի Դաւիթի արձանը Հանրապետութեան հրապարակ տեղափոխելու գաղափարը։ Ինչպէս արտայայտուած է Դիանա Տեր-Ղազարեանը, հայկական էպոսի՝ ապաքաղաքական բնոյթ ունեցող հերոսն անվտանգ ընտրութիւն է։ Սակայն, ինչպէս ան գրած է 2013 թուականին, իր ներկայի տեղէն արձանի տեղափոփումը «քիչ հաւանական է»[30]։

Շատրուաններ

Խմբագրել

Ամբողջ տարի մը երգող շատրուանները չեն աշխատած եւ կրկին բացուած են 2007 թուականի Սեպտեմբերին՝ ֆրանսական Aquatique Show International ընկերութեան կողմէ կատարուած վերանորոգումէն յետոյ[7]։ Շատրուաններու նորոգութեան համար ծախսուած է շուրջ 1,4 միլիոն եւրօ[31][32]։

Տօնածառ

Խմբագրել
 
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի տոնածառ 2019 թուականի Դեկտեմբերին

Ամէն տարի, 1950 թուականի Դեկտեմբերէն սկսեալ, ձմեռնային տօներէն առաջ, հրապարակին վրայ կը տեղադրուի տօնածառ[33]։

Ցայտաղբիւր

Խմբագրել
 
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակի եօթնաղբիւր ցայտաղբիւր

Եօթնաղբիւր ցայտաղբիւրը տեղակայուած է Պատմութեան թանգարանի շէնքին մօտ։ Անիկա բաղկացած է եօթ ոչ մեծ ցայտաղբիւրներէ, այդ պատճառով ալ կը կոչուի Եօթ աղբիւր։ Ցայտաղբիւրը տեղադրուած է 1965 թուականին եւ վերանորոգուած՝ 2010 թուականին[7]։

Եօթնաղբիւրի 12 անցքերէն իւրաքանչիւրի մէջտեղը կայ մէկ հայերէն տառ։ «Ա» տառի վերեւի զարդին մեջ մակագրուած է «անուշ լինի»։ Ցայտաղբիւրի կեդրոնական մասին մէջ խաչ գծուած է, որու անկիւնները չորս լեզուով գրուած է «Երեւան Երեւանից»։ Հայերէն մակագրութիւնը կը նայի դէպի հարաւ, որով կողմնորոշուելով կարելի է իմանալ հիւսիսը, արեւելքը, արեւմուտքը[34]։

Դեպքեր եւ միջոցառումներ

Խմբագրել

Շքերթներ

Խմբագրել

Խորհրդային ժամանակաշրջանին, ամէն տարի հրապարակին մէջ տեղի կ'ունենային շքերթներ Մայիս 1-ին (Աշխատանքի օր), Մայիս 9-ին (Յաղթանակի օր մինչեւ 1969 թուականը[24]) եւ Նոյեմբեր 7-ին (Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան օր[35][24]։ Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարները կանգնած են բեմին վրայ, Լենինի արձանին մօտ[35]։ Վերջին անգամ այդ շքերթները կայացած են 1988 թուականին[24]։

Հայաստանի անկախութեան առթիւ, հրապարակին մէջ Սեպտեմբեր 21-ին քանի մը անգամ տեղի ունեցան ռազմական շքերթներ, անոնց կարգին՝ 1996 (5-րդ տարեդարձ)[36], 1999 (8-րդ տարեդարձ)[37], 2006 (15-րդ տարեդարձ)[38][39], 2011 (20-րդ տարեդարձ)[40], 2016 (25-րդ տարեդարձ) թուականներուն[41]։

Համերգներ

Խմբագրել

2006 թուականի Սեպտեմբեր 30-ին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ համերգ տուած է ֆրանսացի հայազգի երգիչ Շառլ Ազնաւուրը[42]։

2015 թուականի Ապրիլ 23-ին ամերիկեան System of a Down ռոք խումբը, որու բոլոր մասնակիցները հայկական ծագում ունին, իրենց առաջին համերգը տուած են Հայաստանի մէջ՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։ Անվճար համերգը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին։ Համերգին ներկայ եղած են հազարաւոր ունկնդիրներ[43][44][45]։

2017 թուականի Յունիս 8-ին տեղի ունեցած ե անվճար համերգ՝ ռուս հիփ-հոփ արտիստ Տիմատիի կողմէ։ Համերգին ներկայ էր աւելի քան 40000 մարդ[46]։

2019 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին ելոյթ ունեցած է հոլանտացի DJ Արմին վան Բիւրենը՝ որպէս Տեղեկատուական տեքնոլոճիաներու համաշխարհային գոնկրէսի բացման արարողութիւն[47]։

Երգիչ Հայկոյի մահէն յետոյ, 2021 թուականի Հոկտեմբեր 30-ին եւ 31-ին բարձրախօսներով հնչեցին իր երգերը[48]։

Քաղաքական ցոյցեր

Խմբագրել

Խորհրդային ժամանակաշրջան

Խմբագրել

1965 թուականի Ապրիլ 24-ին Հանրապետութեան հրապարակին եւ Հայաստանի այլ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած են զանգուածային ցոյցեր՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին[49][50][51]։

1974 թուականի Յունուարին Հայաստանի ազգային միացեալ կուսակցութեան ընդհատակեայ կազմակերպութեան անդամ Ռազմիկ Զոհրաբեանը այրած է Լենինի դիմանկարը՝ բողոքելով տոտալիտար խորհրդային իշխանութեան դէմ[52]։

Անկախ Հայաստան

Խմբագրել
 
Ցույց Հանրապետութեան հրապարակում 2018 թուականի ապրիլի 20-ին

2008 թուականի նախագահական ընտրութիւններէն ետք, նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգսեանը Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կազմակերպած է իր 60.000-70.000 «կողմնակիցներու» միթինկը, որոնք բերուած են Երեւանի բոլոր վարչական շրջաններէն եւ Հայաստանի մարզերէն։ Անոնցմէ շատերը գացած են Ազատութեան հրապարակ, ուր տեղի ունեցած է Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի կողմնակիցներու ցոյցը[53]։ Մարտին՝ ցոյցի բռնի ցրւումէն յետոյ, տարածքը ժամանակաւորապես շրջապատուած է Հայաստանի Զինուած ուժերուն կողմէ[54]։

2012 թուականի Մայիս 4-ին ՀՀԿ համագումարի եւ Հանրապետութեան հրապարակին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախօրէին տեղի ունեցած համերգի ժամանակ, պայթած են ջրածինով լեցուած տասնեակ փուչիկներ։ Առնվազն 144 մարդ վիրաւորուած է[55][56]։

2018 թուականի Ապրիլ 17-23, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է զանգուածային բողոքի ակցիա Սերժ Սարգսեանի վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ։  Ապրիլ 22-ին ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի ձերբակալման օրը, ոստիկանութեան զօրքերը հրապարակ բերուած են։ Տասնյակ ցուցարարներ ձերբակալուած են[57][58]։ Երեկոյեան շուրջ 120 հազար ցուցարարներ եկած են հրապարակ եւ յարակից փողոցներ[59]։ Յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 23-ին՝ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն յետոյ, Հանրապետութեան հրապարակը դարձած է զանգուածային տօնակատարութիւններու կեդրոն[60][61]։ Ապրիլ 24-ին՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, տասնեակ ցուցարարներ մաքրած են հրապարակը եւ յարակից փողոցները[62]։

2020 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին՝ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն մէկ ամիս անց, մէկ տասնեակէ աւելի ընդդիմադիր կուսակցութիւններու կոալիցիան հրապարակին մէջ հանրահաւաք կազմակերպեց՝ պահանջելով Փաշինեանի հրաժարականը[63]։ 2021 թուականի Մարտ 1-ին զինուորականներու հրաժարականի կոչերէն քանի մը օր անց, Փաշինեանը հրապարակին մէջ, իր 20000 համախոհներուն հետ հանրահաւաք կազմակերպեց[64]։ 2021 թուականի Յունիս 20-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ ե՛ւ Փաշինեանը (Քաղաքացիական պայմանագիր), ե՛ւ իր գլխաւոր մրցակից Ռոպէրթ Քոչարեանը (Հայաստան դաշինքի առաջնորդ) հանրահաւաքներ կազմակերպեցին հրապարակին մէջ՝ հաւաքելով համապատասխանաբար աւելի քան 20,000 եւ 30,000 համակիրներ[65][66]։

Այլ դէպքեր

Խմբագրել

1968 թուականին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ մեծ շուքով նշուած է Երեւանի հիմնադրման 2750-ամեակը[35]։

2016 թուականի Յունիս 25-ին Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը եւ Գարեգին Բ-ը Հանրապետութեան հրապարակին մէջ կատարած են էկումենեան աղօթք[67][68], որուն ներկայ եղած է շուրջ 50,000 մարդ[69]։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Խոսող կոթողներ. Լենինի արձան»։ 1tv.am (հայերեն)։ Public Television of Armenia։ 10 July 2015։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 8 August 2016-ին 
  2. Tuayeva Salima (6 February 2004)։ «From Vladimir to Video: Action movies replace a stoic dictator in Republic Square»։ ArmeniaNow 
  3. «Yerevan Walking Tour: Republic Square Excavations»։ armenianheritage.org։ Armenian Monuments Awareness Project։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-11-17 
  4. 4,0 4,1 4,2 Louis Victor E., Louis Jennifer M. (1987)։ Louis motorist's guide to the Soviet Union։ Pergamon Press։ էջ 517։ ISBN 9780080318172։ «The centre of Erevan is Lenin Square; it was built as an architectural whole using the Armenian national style of architecture.» 
  5. Brookes Richard (1820)։ The General Gazetteer; or Compendious Geographical Dictionary (17th հրտրկթն․)։ London։ էջ ERN-ERZ։ «Erivan ... The Meidan is and open square, 400 paces over, in which are very fine trees.» 
  6. «Հրապարակ. Площадь Ленина в 1-й период реконструкции»։ PastVu։ արտագրուած է՝ 2020 թ․ օգոստոսի 4 
  7. 7,0 7,1 7,2 7,3 «Հրապարակի շատրվաններն ու ցայտաղբյուրը՝ կենդանի պատմություն»։ mediamax.am։ Mediamax։ 2013 թ․ ապրիլի 3 
  8. «Հանրապետության հրապարակ»։ yerevan.am 
  9. 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 9,5 9,6 9,7 9,8 Հայաստանի Հանրապետության կառավարություն (2004 թ․ նոյեմբերի 2)։ «Հայաստանի Հանրապետության Երևան քաղաքի պատմության և մշակույթի անշարժ հուշարձանների պետակական ցուցակ»։ arlis.am (հայերեն)։ Armenian Legal Information System։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ օգոստոսի 5-ին 
  10. Tigranian, 1985, էջ 25
  11. Avetisyan, 1979, էջ 80
  12. Gregorian Vartan (2008)։ The Road to Home: My Life and Times։ Simon and Schuster։ էջ 178։ ISBN 9781439129111։ «Buildings around the square were designed to reflect some features of ancient Armenian architecture.» 
  13. «Government Building History»։ Հայաստանի Հանրապետության կառավարություն։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ օգոստոսի 4-ին 
  14. «Эриванская гимназия» (ռուսերեն)։ 2020 թ․ փետրվարի 26 
  15. LLC Helix Consulting։ «Михаил фон дер Нонне и старый Ереван»։ www.panorama.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2020 թ․ օգոստոսի 4 
  16. «1947-1991 Հայաստանի պետական պատկերասրահ»։ gallery.am (y)։ Հայաստանի ազգային պատկերասրահ 
  17. Gevorgian A. O. (1979)։ «Yerevan»։ The Great Soviet Encyclopedia։ «The main architectural ensemble of the city is Lenin Square, at which several streets converge. On the square are a monument to V. I. Lenin (cast bronze, 1940, sculptor S. D. Merkurov), the Government House of the Armenian SSR (1926-41, A. I. and G. A. Tamanian), the second Government House (1955, S. A. Safarian, V. A. Arevshatian, and R. S. Israelian), the Armenian Historical Museum (1975), the Hotel Armenia (1958), and the building of the Communications Ministry and the Trade Union Council (1956-58); the last three were designed by M. V. Grigorian and E. A. Sarapian.»  view article online
  18. «Armenia Marriott Hotel Yerevan»։ marriott.com 
  19. Karanian Matthew, Kurkjian Robert (2002)։ Edge of Time: Traveling in Armenia and Karabagh։ Stone Garden Productions։ էջ 78։ ISBN 9780967212029։ «The country's flagship hotel is still the massive Hotel Armenia, which faces Republic Square in the heart of the city. In 2003 the hotel will be renamed the Armenia Marriott Hotel Yerevan to reflect its new ownership.» 
  20. «Marriott»։ Asian Hotel & Catering Times 26: 7։ 2001։ «...the 380-room Armenia Marriott Hotel Yerevan.» 
  21. «Սամվել Սաֆարյան վաստակավոր ճարտարապետ»։ archmuseum.am։ Հայաստանի ճարտարապետության ազգային թանգարան-ինստիտուտ։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ հունիսի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ սեպտեմբերի 27։ «...Կառավարական 2-րդ շենքը Երևանի Հանրապետության հրապարակում (համահեղինակներ՝ Ռ.Իսրաելյան, Վ.Արևշատյան)...» 
  22. 22,0 22,1 «Պատմություն»։ mfa.am։ Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարություն։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023 թ․ հոկտեմբերի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2023 թ․ սեպտեմբերի 23 
  23. 23,0 23,1 «Շրջայց Երևանով. Հանրապետության հրապարակ»։ armenianheritage.org։ Armenian Monuments Awareness Project։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-04-07-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-27 
  24. 24,0 24,1 24,2 24,3 «Լենինի արձան՝ (ան)կենդանի պատմություն»։ mediamax.am։ 2012 թ․ նոյեմբերի 27։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ օգոստոսի 4-ին 
  25. «Խոսող կոթողներ. Լենինի արձան»։ 1tv.am (հայերեն)։ Public Television of Armenia։ 2015 թ․ հուլիսի 10։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ օգոստոսի 8-ին 
  26. Verdery Katherine (1996)։ What Was Socialism, and What Comes Next?։ Princeton University Press։ էջ 232։ ISBN 9781400821990 
  27. Ter-Ghazaryan, 2013, էջ 583
  28. 28,0 28,1 Ter-Ghazaryan, 2013, էջ 584
  29. Tuayeva Salima (2004 թ․ փետրվարի 6)։ «From Vladimir to Video: Action movies replace a stoic dictator in Republic Square»։ ArmeniaNow 
  30. Ter-Ghazaryan, 2013, էջ 585
  31. «Հրապարակում ջրային հրավառություն է լինելու»։ Առավոտ։ 2007 թ․ հունիսի 25 
  32. «Երևանի Հանրապետության հրապարակի շատրվանները կգործարկվեն մինչև նոյեմբերի 1֊ը»։ Արմենպրես։ 2007 թ․ սեպտեմբերի 27 
  33. «Ամանորը և տոնածառը Երևանում՝ կենդանի պատմություն»։ mediamax.am։ Mediamax։ 2012 թ․ դեկտեմբերի 26 
  34. «Հրապարակի շատրվաններն ու ցայտաղբյուրը` կենդանի պատմություն - Mediamax.am»։ web.archive.org։ 2019 թ․ սեպտեմբերի 4։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019 թ․ սեպտեմբերի 4-ին։ արտագրուած է՝ 2022 թ․ հուլիսի 22 
  35. 35,0 35,1 35,2 Ter-Ghazaryan, 2013, էջ 582
  36. «Զորահանդես. 7 տարվա ընթացքում ոչ մի նոր տեխնիկա»։ Ա1+։ 2006 թ․ սեպտեմբերի 21։ «...1996 և 1999 թվականների զորահանդեսների...» 
  37. «Armenia Marks Independence Anniversary With Military Parade»։ Ասպարեզ։ 1999 թ․ սեպտեմբերի 21 
  38. «Հանրապետության հրապարակում անցկացվեց զորահանդես` նվիրված ՀՀ անկախության 15րդ տարեդարձին»։ Արմենպրես։ 2006 թ․ սեպտեմբերի 21 
  39. «Military parade is over in Yerevan: Armenian tricolor in the sky and 15 artillery salvos (photo report)»։ REGNUM News Agency։ 2006 թ․ սեպտեմբերի 21։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ մայիսի 25-ին 
  40. Danielyan Emil (2011 թ․ սեպտեմբերի 21)։ «Armenia Parades Military Might On Independence Day»։ azatutyun.am։ Radio Free Europe/Radio Liberty Armenian Service 
  41. «Military Parade Highlights Independence Day Celebrations in Armenia»։ Ասպարեզ։ 2016 թ․ սեպտեմբերի 21 
  42. «Charles Aznavour’s concert in Armenia»։ repatarmenia.org։ Repat Armenia Foundation։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016 թ․ հոկտեմբերի 2-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հոկտեմբերի 2 
  43. Westcott Lucy (2015 թ․ ապրիլի 23)։ «System of a Down's Pilgrimage to Commemorate the Armenian Genocide»։ Newsweek 
  44. «Watch System of a Down's First Ever Armenian Show»։ Rolling Stone։ 2015 թ․ ապրիլի 23։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ հունիսի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հոկտեմբերի 2 
  45. «Tankian’s Message: SOAD vocalist speaks to crowd on Genocide during concert in Yerevan»։ ArmeniaNow։ 2015 թ․ ապրիլի 24։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ հունիսի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ հոկտեմբերի 2 
  46. «Տիմատիի բացօթյա համերգին Երևանում ավելի քան 40.000 հանդիսատես էր հավաքվել» (հայերեն)։ PanARMENIAN.Net։ 2017 թ․ հունիսի 9 
  47. «WCIT 2019 grand opening in Yerevan: Armin van Buuren on stage!»։ style.news.am։ 2019 թ․ հոկտեմբերի 6 
  48. «Հանրապետության հրապարակում կհնչեն ՀՀ վաստակավոր արտիստ Հայկ Հակոբյանի երգերը» (հայերեն)։ Armenpress։ 2021 թ․ սեպտեմբերի 30։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021 թ․ հոկտեմբերի 14-ին 
  49. Malkasian Mark (1996)։ Gha-ra-bagh!: The Emergence of the National Democratic Movement in Armenia։ Wayne State University Press։ էջ 76։ ISBN 9780814326046։ «They were also among the university students who skipped classes on 24 April 1965, marching instead toward Yerevan's Lenin Square...» 
  50. Petrone Karen (2011)։ The Great War in Russian Memory։ Indiana University Press։ էջ 288։ ISBN 9780253001443 
  51. Lieberman Benjamin (2013)։ The Holocaust and Genocides in Europe։ A&C Black։ էջ 213։ ISBN 9781441194787։ «On the fiftieth anniversary of the Armenian Genocide thousands gathered in Lenin Square in the Yerevan...» 
  52. Payaslian Simon (2011)։ The Political Economy of Human Rights in Armenia: Authoritarianism and Democracy in a Former Soviet Republic։ I.B. Tauris։ էջ 87։ ISBN 9780857731692։ «In January 1974, Razmik Zohrapyan, a member of the NUP, burned Lenin‖s picture in Lenin Square (now Republic Square) in protest of Soviet totalitarian rule.» 
  53. Pennington Joseph (2008 թ․ փետրվարի 28)։ «LTP AND SARGSIAN HOLD DUELING RALLIES; LTP WINS HANDS DOWN»։ WikiLeaks։ Embassy of the United States, Yerevan 
  54. Tavernise Sabrina (2008 թ․ մարտի 3)։ «Emergency Order Empties Armenian Capital’s Streets»։ The New York Times։ «By Sunday night, military units moved in, taking up position at places like the government buildings at Republic Square.» 
  55. «Vote 2012: Accident at RPA rally causes 144 injuries»։ ArmeniaNow։ 2012 թ․ մայիսի 4։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ նոյեմբերի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ սեպտեմբերի 27 
  56. Stepanian Ruzanna, Shoghikian Hovannes (2012 թ․ մայիսի 4)։ «Scores Injured As Balloon Blasts Spark Chaos At Armenian Election Rally»։ azatutyun.am։ Radio Free Europe/Radio Liberty Armenian Service 
  57. «Armenian Protesters Detained At Yerevan's Central Square»։ Radio Free Europe/Radio Liberty։ 2018 թ․ ապրիլի 22 
  58. «Կառավարության դիմաց ոստիկանությունը մեծ ուժեր է կենտրոնացրել. բերման ենթարկեցին մի քանի ցուցարարի»։ news.am։ 2018 թ․ ապրիլի 22 
  59. Kucera Joshua (2018 թ․ ապրիլի 22)։ «Armenian opposition leader arrested, but protesters rally»։ eEurasianet 
  60. Navasardian Boris (2018 թ․ ապրիլի 23)։ «Armenia looks to the future as protesters celebrate resignation of Prime Minister Serzh Sargsyan»։ The Independent։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ ապրիլի 24-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ սեպտեմբերի 27 
  61. «Thousands Celebrate As Armenia's Longtime Ruler Sarkisian Steps Down»։ RFE/RL։ 2018 թ․ ապրիլի 23 
  62. Ghazaryan Diana (2018 թ․ ապրիլի 24)։ «Yerevan's Republic Square: Protest Epicenter Gets Citizen Clean-Up»։ Hetq Online։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018 թ․ հունիսի 16-ին։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ սեպտեմբերի 27 
  63. «ԻՔՄ հաղորդագրությունը դեկտեմբերի 22-ի ընդդիմության հանրահավաքի մասնակիցների քանակի վերաբերյալ»։ uic.am։ Իրազեկ քաղաքացիների միավորում 
  64. «ԻՔՄ հաղորդագրությունը մարտի 1-ին Նիկոլ Փաշինյանի հրավիրած հանրահավաքի մասնակիցների քանակի վերաբերյալ»։ uic.am։ Իրազեկ քաղաքացիների միավորում։ 2021 թ․ մարտի 2 
  65. «Statement of the Union of Informed Citizens on the number of participants in the final pre-election rally of the Civil Contract Party on June 17»։ Union of Informed Citizens։ 2021 թ․ հունիսի 17։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022 թ․ մայիսի 8-ին։ արտագրուած է՝ 2022 թ․ նոյեմբերի 2։ «about 21 100 people were in the Republic Square» 
  66. «Statement of the Union of Informed Citizens on the number of participants in the final pre-election rally of "Armenia" Alliance on June 18»։ Union of Informed Citizens։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022 թ․ մայիսի 8-ին։ արտագրուած է՝ 2022 թ․ նոյեմբերի 2։ «about 30 200 people were in the Republic Square» 
  67. «Ecumenical Prayer Vigil for Peace: Address of the Holy Father»։ vatican.va։ Yerevan, Republic Square: Holy See։ 2016 թ․ հունիսի 25 
  68. «Pope Francis Holds Ecumenical Service at Yerevan’s Republic Square»։ Armenian Weekly։ 2016 թ․ հունիսի 26 
  69. Povoledo Elisabetta (2016 թ․ հունիսի 25)։ «Pope Francis to Armenians: Seek Peace, but Never Forget Genocide»։ Նյու Յորք Թայմս 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել