Հացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)
«Հացին Երգը», Դանիէլ Վարուժանի յետ–մահու հրաշքով փրկուած բանաստեղծութիւններու այս ժողովածուն, կ'արտայայտէ ձգտումը վերադարձի մը՝ դէպի հայրենի հող եւ դէպի հին, տոհմիկ հայկականութիւն:
Երկին Կենսագրական Խորքը
ԽմբագրելԿենսագրական տուեալներու տեսակէտէն, անիկա առիթ կու տայ նշելու, որ Վարուժան ծնած է եւ իր մանկութիւնը ապրած՝ հայրենի Բրգնիկ գիւղին մէջ, «ուռենիներու տխուր հովանիին տակ երազկոտ, կամ գետեզերքներուն վրայ բադերուն քար նետելով անառակօրէն»։ Ապա 1909-ին, Վենետիկի եւ Կանտի ուսումէն ետք, վերադարձած է քանի մը տարի ապրելու հայրենի գաւառի Սեբաստիոյ կեդրոնը, նորոգելու՝ հայրենական կեանքի իր փորձառութիւնը։
Վարուժանի ուսումնական եւ գրական կազմաւորման մասին խօսելով, գիտենք, որ Վենետիկի թէ Կանտի իր ուսումնական տարիներուն, ան լայնօրէն ունեցած է առիթը ճանչնալու, եւրոպական նոր գրականութիւններու կողքին, նաեւ հիները եւ յոյն թէ լատին դասական բանաստեղծներու հովուերգական տեսակի պատկանող գործերը։
Գրապատմական-կենսագրական այսպիսի տուեալներ, ինչպէս միշտ, անբաւարար են բացատրելու գլուխ–գործոցի մը ծնունդը։ Մասամբ միայն՝ անոնք կը լուսաբանեն վաւերական բանաստեղծի մը ներաշխարհին մէջ խմորուող, կազմուող գործը՝ անոր զգայարանքներէն, պատկերային աշխարհի գոյներէն ու ձեւերէն ծնած, անոր անձնական հանճարով կնքուած։
«Հացին Երգը» երկի հրատարակութեան առթիւ
ԽմբագրելԵրեք ժողովածուները լոյս ընծայելէն յետոյ Վարուժան կը պատրաստուի հրատարակել «Հացին երգը» բանաստեղծական շարքը, որու վրայ սկսած էր աշխատիլ դեռևս 1909-1910 թուականներէն («Հացին երգը» գարնան դէմ պիտի սկսիմ»)։ 1914 թուականի Մարտ 26-ին Պոլսէն ընկերոջը՝ Վ. Ահարոնեանին կը գրէր.
Այժմ կը գրեմ «Հացին երգը», որ յուսամ տարիէ մը լոյս կը տեսնէ. այդ հատորին մեջ երգուած պիտի ըլլան հայրենի հողը, մշակներու աշխատութիւնը եւ գիւղական կեանքի խաղաղ մեծութիւնները։[1] |
Պատերազմի աւարտէն յետոյ, 1919 թուականին Վարուժանի այրին՝ Արաքսի Թաշճեան-Վարուժանը, կաշառելով գրաքննչութեան աշխատողին, կը մտնԷ այն ներքնայարկը, ուր կը պահուէին հայ գրողներու բռնագրաւուած ձեռագիրները։ Այդ մասին ակնարկուած է «Հացին Երգը» հատորի սկիզբը տեղադրուած «Երկու խօսք» բաժինին մէջ. «Գրաքննութեան մօտ ծառայող տխրահռչակ հայու մը անմեկնելի պատրաստակամութիւնը եւ, միւս կողմէ, կատարուած նիւթական որոշ զոհողութիւն մը, յաջողեցան ետ խլել այս գործը։»
Գործի տպագրութիւնը ստանձնեց «Նաւասարդ» նորաստեղծ միութիւնը, որ կազմուած էր վարուժանական արուեստի երկրպագուներէն։ Միութիւնը «Հացին Երգը» գիրքի «հրատարակութեանն ի նպաստ» 1921 թուականին Մայիսի 19-ին կազմակերպեց գրական ճոխ ցերեկոյթ մը։ Բանախօսութեամբ հանդէս եկան Վահան Թէքէեանն ու Շահան Պէրպէրեանը։ Արտասանուեցան Վարուժանի բանաստեղծութիւններէն ու կատարուեցան երգեր։ Ցերեկոյթի ամէնայուզիչ պահն, անշուշտ, այն էր, երբ «Վարուժնակիս» բանաստեղծութիւնն արտասանեց նոյնինքն՝ Վարուժնակը, բանաստեղծի դուստր Վերոնիկ Վարուժանը։
«Հացին Երգը» գիրքը լոյս տեսաւ 1921-ին։ Գիրքին մէջ, Վարուժանի սահմանած յաջորդականութեանբ դրուած էր 29 բանաստեղծութիւն։ Յաոաջաբանին մէջ կը նշուի, որ Վարուժանի ծրագրած շարքէն կը բացակայի վերջին 6 երգը, որոնց վերնագիրները նշանակուած գտանք բանաստեղծի գրպանի տետրակներուն մէջ, հետեւեալ շարադասութեամբ.- «Ալիւր», «Ախոռը», «Թթխմոր», «Փուռը», «Հայրենի Սեղան» եւ «Հացին Երգը»։
Երկը՝ բովանդակութիւն եւ ձեւային յատկանիշներ
ԽմբագրելԳործին նիւթը՝ հացին պատմութիւնն է, հացին արարումը, որ բանաստեղծը կը ներկայացնէ երբեմն քնարական, յաճախ եւ դիւցազներգական շեշտերով։ Անոր բանաստեղծութիւնները նիւթի եւ "ներշնչման միութիւն մը կը կազմեն», ատիկա կ'երեւի նաեւ հատորի ձեռագիրէն, որ նահատակ բանաստեղծին հարազատները, պատերազմէն ետք, կրցած են փրկել թուրք ոստիկանութեան ճիրաններէն։
Շարքը բացող «Մուսային» բանաստեղծութիւնը իր ձեւով կ'ամփոփէ հացի գեղջկական այս դիւցազներգութիւնը։ Խօսքը «Հայրենի Մուսայ»ին ուղղելով, բանաստեղծը անկէ կը խնդրէ սորվեցնել իրեն, «թէ ջլապինդ մշակն ինչպէս կը փարի իր կոր մաճին..», թէ «ինչպէս կ'ըլլան լերկ ակօսները բերրի..», եւ ապա՝ «թէ շիկագոյն ցորեանն ինչպէս կալին մէջ կը բրգանայ...» ու վերջապէս թէ՝ «կը սփռէ հացը սրբազան ի՜նչ բերկրանքներ, արարչական ի՜նչ կորով...»: «Հացին Երգը» կազմող 29 քերթուածները, նիւթի միութեան կողքին, զգալի այլազանութիւն մը կը ներկայացնեն շեշտադրման ու տաղաչափական ձեւի տեսակէտներէ։ Սկսած ծանրագնաց 16 վանկեայ երկտող տուներու դասական ձեւէն («Հունձք»), անոնք կ'երթան մինչեւ ժողովրդական երգի թեթեւ կշռոյթներու հարազատ վերարտադրութիւն (յատկապէս՝ «Հունձք կը Ժողվեմ...»)։ Ասոնց միջեւ կը տեղադրուին աւելի կամ նուազ կանոնաւոր ձեւեր։
Գլխաւոր գիծը, որ բնորոշ է բոլոր այս քերթուածներուն, Վարուժանի բանաստեղծութիւնը ընդհանրապէս յատկանշող պատկերային աշխարհն է, փոխաբերութիւններու եւ համեմատութիւններու շատ ճոխ կառուցումներով, տեսողական եւ լսողական տարրերու տիրապետութեամբ։ Անոնցմով՝ բանաստեղծը ձգտած է հասնիլ տոհմիկ հայաթեան մը հոգիին, հաւաքական ինքնութեան, երգել զայն։
«Հացին երգը» ժողովածուի տաղաչափական վերլուծութեան համար անհրաժեշտ է ճիշտ ներկայացնել շարքի ընդհանուր մտահղացման բուն էութիւնը: 1914 թ. Մարտի 26-ին Վարդգէս Ահարոնեանին գրած նամակին մէջ Վարուժանը կը խոստովանի. «Այժմ կը գրեմ «Հացին երգը», որ յուսամ տարիէ մը լոյս կը տեսնէ. այդ հատորին մեջ երգուած պիտի ըլլան հայրենի հողը, մշակներու աշխատութիւնը և գիւղական կեանքի խաղաղ մեծութիւնները»[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Դ. Վարուժան, Նամականի, Երևան, 1965 թ., էջ 208
- ↑ ««Հացին երգը». Դանիել Վարուժան»։ Սարգիս Շահինյան։ 2023-02-03։ արտագրուած է՝ 2024-01-26