Ճոն Ս․ Կիրակոսեան

Ճոն Սուրէն Կիրակոսեան (6 Մայիս 1929(1929-05-06)[2][1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Անդրկովկասի ԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն[2][1] - 20 Յունիս 1985(1985-06-20)[1], Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն[1], թաղուած է Երեւան), պատմաբան, դիւանագէտ:

Ջոն Ս. Կիրակոսեան
Ծնած է 6 Մայիս 1929
Ծննդավայր Երեւան
Մահացած է 20 Յունիս 1985
Մահուան վայր Մոսկուա, Խորհրդային Միութիւն[1]
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարան[2]
Ռուսաստանի գիտությունների ակադեմիայի արևելագիտության ինստիտուտ?[2]
Կոչում փրոֆէսոր[2][1]
Մասնագիտութիւն կուսակցական աշխատող, պետական գործիչ, պատմաբան, միջազգայնագետ
Աշխատավայր Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութիւն[2]
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն[2][1]
Կուսակցութիւն Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[2]
Երեխաներ Արման Կիրակոսեան
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ջոն Ս. Կիրակոսեան ծնած է Երեւան, 6 Մայիս 1929-ին: Նախնական եւ միջնակարգ ուսումը աւարտելէ ետք, հետեւած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Միջազգային Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի դասընթացքներուն` շրջանաւարտ ըլլալով 1951-ին:

1954 թուականին աւարտած է ՍՍՀՄ Գիտութիւններու Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին յետ-ընթացաւարտը՝ (ասպիրանտուրան)՝ պաշտպանելով թեկնածուական աւարտաճառը:

1966-ին յաջողութեամբ պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը՝ Պատմական Գիտութիւններու Դոկտորի աստիճան: 1969-ին արժանացած է փրոֆէսօրի կոչումին:

1962-1965-ին Խորհրդային Հայաստանի կոմկուսի կենտկոմի քարոզչութեան եւ քննարկման եւ շարժման բաժնին մէջ պաշտօնի կոչուած է իբրեւ բաժնի վարիչի տեղակալ:

1966-1969 պաշտօնավարած է Ռատիо-Հեռուստատեսութեան Պետական կոմիտէին մէջ որպէս Կոմիտիէի Նախագահ:

1969-1975 եղած է ՀԿԿ կենտկոմի Գիտութեան եւ Ուսումնական Հաստատութիւններու բաժնի վարիչ: ՀԿԿ Կենտկոմի անդամ 1966-էն սկսեալ:

Դասախօսած է Երեւանի Պետական համալսարանի մէջ:

1975-էն մինչեւ իր մահը, ան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարը: Նախագահն էր ան Խորհրդային Միութիւն-Արեւելեան Գերմանիա Բարեկամութեան Ընկերութեան Հայկական բաժանմունքին:

Հարուստ էր պետական բարձր գիտակցութեան եւ շիտակ բնաւորութեան տէր Ջ. Կիրակոսեանի պատմագրական եւ դիւանագիտական վաստակը: Անոր պատմագիտական գործունէութիւնը նուիրուած էր Հայ ժողովուրդի, միջազգային յարաբերութիւններու, Արեւելքի ժողովուրդներու նոր եւ նորագոյն պատմութեան հարցերուն:

Կառուցուած է հանրակրթական դպրոց Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի մէջ՝ Ջոն Կիրակոսեանի անուան թիւ 20 դպրոց։

 
Ջոն Կիրակոսեանի անուան թիւ 20 դպրոց

Պարգեւներ

Խմբագրել

Հասարակական եւ գիտական իր ծաւալուն գործունէութեան համար, 1971-ին Փրոֆ. Ջ. Կիրակոսեան պարգեւատրուեցաւ «Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ»ի շքանշանով: Արժանացաւ կառավարական բազմաթիւ մետալներու եւ պատուագիրներու:

Պատմաբան եւ միջազգայնագէտ Ջ. Կիրակոսեանի Հայ պատմագրութեան բերած մեծագոյն նպաստներէն մէկը կը հանդիսանայ անոր՝ Հայկական Հարցի պատմութեան, Հայ Դատին նուիրուած եւ թրքական «պատմագիտութեան» նորագոյն խեղաթիւրումները մերկացնող շարք մը արժէքաւոր աշխատութիւնները եւ բազմաթիւ յօդուածները:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Մեծանուն Հայ պատմաբանը կազմեր եւ խմբագրեր է «Հայաստանը Միջազգային Դիւանագիտութեան եւ Սովետական Արտաքին Քաղաքականութեան Փաստաթղթերում. 1828-1923» մեծարժէք ժողովածուն: Երեւան 1972 թ.

Առանձին Հատորներով լոյս տեսած են Փրոֆ. Ջ. Կիրակոսեանի աշխատութիւնները

«Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը եւ Արեւմտահայութիւն», (Երեւան 1967 թ.), «Անգլիական Միջամտութիւնը Իրանում 1918-1921 թ.», (Ռուսերէն, Մոսկուա 1954), «Արեւմտեան Հայաստանը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի տարիներին» (Ռուսերէն, Երեւան, 1971), «Պուրժուական Դիւանագիտութիւնը եւ Հայաստանը» (2 հատոր, Երեւան, 1978), «Երիտթուրքերը Պատմութեան Դատաստանի Առաջ» (2 հատոր, Երեւան, 1933):

Մրցանակներ

Խմբագրել

Հեղինակի այս վերջին յիշատակուած աշխատութիւնները արժանացած են Հայաստանի Հանրապետութեան 1985-ի պետական մրցանակին:

Գրականութիւն

Խմբագրել

1986-ի ամրան, յետ մահու՝ հրատարակուեցաւ «Երիտթուրքերը Պատմութեան Դատաստանի Առաջ» ռուսերէն հատորեակ մը, ուր ընդգրկուած են նաեւ 1983 եւ 1984 թուականներուն Հայ Դատին հետ առնչուող դէպքերը:

Փրոֆ. Ջ. Կիրակոսեան յարգուած եւ գնահատուած հեղինակն է գիտական բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք լոյս տեսան Հայաստանի, Խորհրդային Միութեան եւ Սփիւռքի, թէ՛ գիտական, եւ թէ առօրեայ մամուլին մէջ:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել