Ճորճիկ Ռասթկելէնեան

Ճորճիկ Ռասթկելէնեան բուն անունով՝ Գէորգ Ուանէս Ռասթկելէնեան (ծնած է Հասիչէ, Սուրիա 1943-ին) վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական, սուրիահայ վաստակաշատ ֆութպոլիստ: Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա երկրորդական վարժարանի Արաբերէն դասաւանդող ուսուցիչ, յետոյ կարգապահական ընդհանուր պատասխանատու ապա 14 տարի շարունակ տնօրէն:

Ճորճիկ Ռասթկելէնեան
Ծնած է 1943-ին։
Ծննդավայր Հասիչէ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  ԱՄՆ
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն ֆութպոլիստ
Մասնագիտութիւն արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան ճիւղ
Գործունէութիւն Ուսուցիչ, տնօրէն
Ամուսին Անժէլ Սիսեռեան
Երեխաներ Սեւակ, Շանթ եւ Լարա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ճորճիկ Ռասթկելէնեան նախնական ուսումը ստացած՝ տեղւոյն ազգային վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարան, միջնակարգի բաժին։ Գիշերօթիկի բաժինը փակուելուն պատճառով, հարկադրուած ուսումը կը շարունակէ ծննդավայրի պետական երկրորդական «Նուր Ատտին» վարժարանէն ներս։ Ան Պռովէի պետական քննութեան բացառիկ յաջողութիւն կ՛արձանագէ եւ Ճէզիրէ նահանգին առաջին դիրքը կը նուաճէ։ 1963-ի ամրան, ծնողքին հետ Հալէպ կը հաստատուին:երկրորդականի ուսումը (պաքալորիա) կ՛աւարտէ քաղքի պետական վարժարաններէն մէկէն։ Բացառիկ յաջողութիւն ձեռք ձգելէ ետք, իրաւունք կը ստանայ Հալէպի համալսարանին մէջ հետեւելու երկրաչափական ճիւղին, սակայն դժբախտաբար երեք ամիս ետք կը դադրի ուսանելէ, որովհետեւ անակնկալօրէն ծնողքին տնտեսական վիճակը հսկայ անկում կը կրէ եւ ան ծնողքին անդրանիկ զաւակը ըլլալով (3 եղբայր եւ 3 քոյր), կը ստիպուը դիմել այլընտրանքի։

Նոյն ժամանակ, Լիբանանի ՀՄԸՄ-էն կը ստանայ բացառիկ հրաւէր, միանալու ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին։ Այսպէս 1966-ին Լիբանան հաստատուելէ ետք, կը հետեւի համալսարանական ուսման, ընտրելով արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան ճիւղը, եւ զայն կ՛աւարտէ բացառիկ յաջողութեամբ։ Միեւնոյն ատեն կը ծառայէ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա երկրորդական վարժարանին մէջ, որպէս արաբերէն դասաւանդող ուսուցիչ, յետոյ կարգապահական ընդհանուր պատասխանատուի պարտականութիւնը կը ստանձնէ 14 տարի շարունակ։ Ապա տնօրէնութեան պաշտօնին կը հրաւիրուի եւ մինչեւ հանգստեանս տարիքը կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնները մինչեւ 2007-2008 տարեշրջանի աւարտը։

2009-ին կնոջը Անժէլին հետ կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներ, միանալով իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն։ Այժմ կը գտնուին Լոս Անճելըս։

Մարզական կեանք՝ ՀՄԸՄ-ի հետ ձեռք բերած նուաճումներ

Խմբագրել

Փոքր տարիքէն միացած է ՀՄԸՄ-ի իր ծննդավայրին մէջ՝ Հասիչէ, նախ որպէս սկաուտ, ապա մարզիկ՝ ֆութպոլիստ։

  • ՀՄԸՄ-ի ակումբը պետական արտօնագիր չունենալուն պատճառով ակումբը չկարողանար պաշտօնապէս շարունակել իր գործունէութիւնը եւ կը դատապարտուի փակուելու։
  • Ընդառաջելով տեղւոյն «ալ Խապուր» ակումբի վարչութեան առաջարկ-խնդրանքին, 14 տարեկանին մաս կը կազմէ Ա. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեան խումբին, եւ մինչեւ 1963-ի ամրան սկիզբը, օգտակար եւ շահեկան մասնակցութիւն կը բերէ այս ակումբին ձեռք բերած բոլոր յաջող իրագործումներուն։
  • Երեք տարի յաջորդաբար յաղթելէ ետք քաղաքի բոլոր խումբերուն, կը դառնան «ալ Ուահտէ»ի բաժակի ախոյեան, իրենց կատարած մրցումները Ճէզիրէի նահանգի խումբերուն դէմ, փայլուն յաղթանակներով արդիւնաւորուեցան։
  • 16 տարեկանէս մաս կազմած է քաղաքի հաւաքական կազմին եւ խմբապետի պաշտօնը իրեն վստահուած է։
  • 1961 թուականին մասնակցած է յաճախած վարժարանի, Սուրիոյ պետական վարժարաններու ախոյեանութեան մրցաշարքին եւ արդարօրէն տիրացած տիտղոսին եւ բաժակին։
  • Հալէպ.- Հասիչէի մէջ արձանագրած յաջող մրցումներէն ետք, 1963-ի ամրան սկզբնաւորութեան ծնողքին հետ Հալէպ հաստատուած է եւ անմիջապէս միացած ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի Ա. խումբին։
  • 1965-ին, ՀՄԸՄ-ի բարձր պատասխանատուութեան գիտակցութեան տէր եղբայրներուն հետ բազմաթիւ յաղթանակներ եւ մրցաշարքերու բաժակներ ապահովելէ ետք, արդարօրէն տիրացած են Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ֆութպոլի «Մումթազ» դասակարգի ախոյեանութեան բաժակին 1965-ին։ Այս պատուաբեր նուաճումը ախոյեանութիւնը Սուրիոյ պատմութեան մէջ առաջինն էր, որ կ’իրագործուէր՝ ՀՄԸՄ-ի խումբին կողմէ։
  • Ախոյեանութեան տիրանալէ ետք, 1966-ին յաջողած են հասնիլ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահի մրցաշարքի աւարտականին, մրցակից ունենալով Դամասկոսի ոստիկանական խառն խումբը, սակայն՝ դժբախտաբար չեն կարողացած իրականացնել ժողովուրդին փափաքը, երազը եւ (1-0) արդիւնքով կորսնցուցած են այդ ոսկի առիթը։
Եթէ ամէն ինչ բնականոն ձեւով ընթացք առնէր պիտի յաջողէինք իրականացնել այն ինչ որ 1962-ին յաջողեցան իրագործել մեր հերոս եղբայրները՝ տիրանալով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահի առաջին բաժակին։ Յաղթելով Դամասկոսի Ահլիին՝ (3-2) արդիւնքով, մեր ժողովուրդին նուիրեցինք այս բացառիկ պատմական նուաճումը, անսահման ուրախութիւն, յոյս եւ հպարտութիւն առթելով, մանաւանդ այդ տագնապալի օրերուն, երբ մեր գաղութը ի մասնաւորի կը դիմագրաւէր բացառիկ դժուար պայմաններ քաղաքական իմաստով։
- Ճորճիկ Ռասթկելէնեան

[1]

Սքանչելի եւ հետաքրքրաշարժ յուշագրական պատումներ ,որոնց իրազեկ դառնալով ոեւէ հայու արիւն կրող հայորդի հպարտութեան ցգացումներով կ՝ոգեւորուի։ Սիրելի Ճորճիկ, հոգեջերմ Ողջոյններ եղբայրական եւ անհամբեր սպասում կենսայուշագրութեանդ շարունակութեան:


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՃՈՐՃԻԿ ՌԱՍԹԿԵԼԷՆԵԱՆԻ ՅՈՒՇԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՆ