Ճորճ Պուռնութեան

Հայ պատմաբան եւ հայագէտ։

Ճորճ Պուռնութեան (25 Սեպտեմբեր 1943(1943-09-25), Սպահան, Իրան - 22 Օգոստոս 2021(2021-08-22), Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ պատմաբան, հայագէտ։

Ճորճ Պուռնութեան
Ծնած է 25 Սեպտեմբեր 1943(1943-09-25)
Ծննդավայր Սպահան, Իրան
Մահացած է 22 Օգոստոս 2021(2021-08-22) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիւ Ճըրզի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Ուսումնավայր Քալիֆորնիա Համալսարան (Լոս Անճելըս)
Մասնագիտութիւն փրոֆեսոր, պատմաբան
Աշխատավայր Ռատգերսի համալսարան?
Նիւ Եորք Համալսարան
Քոլումպիա Համալսարան
Կոնեկտիկուտի համալսարան?
Քալիֆորնիա Համալսարան (Լոս Անճելըս)
Թաֆթս Համալսարան

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Սպահան (Իրան)։ Համալսարանի երկարամեայ դասախօս եւ առաւել քան երեսուն հատորներու հեղինակ ու թարգմանիչ:

Անոր գործերը եւ ուսումնասիրութիւնները գլխաւորաբար նուիրուած են հայոց, պարսից եւ կովկասի պատմութեան[1]:

Իր դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է 1976-ին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, նիւթ ունենալով «Արեւելեան Հայաստանը՝ ռուսական նուաճման նախօրեակին»[1]:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Ան պարսից եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդած է բազմաթիւ բարձրագոյն ուսմանց հաստատութիւններու մէջ (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ, «Քոլոմպիա», «Թաֆց», Նիւ Եորք, «Ռաթկըրզ», Քընեթիքըթ, «Ռամափօ» քոլէճ եւ Կլենտէյլի համայնաքային քոլէճ):

Երկար տարիներ Ռուսիոյ եւ Խորհրդային միութեան պատմութիւն դասաւանդած է Այոնա քոլէճի (Նիւ Եորք) մէջ:

Ան Իրանեան հանրագիտարանի քառասուն խմբագիրներէն մէկը եղած է: 1990ական թուականներուն ան դասաւանդած եւ դասախօսած է նաեւ «Սիամանթօ» լսարանի աշակերտներուն:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Պուռնութեան հեղինակած է շարք մը հատորներ, որոնցմէ հայոց համառօտ պատմութիւնը («A Concise History of the Armenian People») ունեցած է եօթը հրատարակութիւններ: Այս գործերը թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, որոնց կարգին՝ հայերէնի, սպաներէնի, արաբերէնի, թրքերէնի, ռուսերէնի, ճափոներէնի եւ պարսկերէնի:

Ան նաեւ անգլերէնի թարգմանած է ուշ միջնադարեան եւ վաղ արդի շրջանի բազմաթիւ հայ մատենագիրներու գործերը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «George A. Bournoutian, Chronicle of Abraham of Crete»։ web.archive.org (անգլերէն)։ 2007-10-20։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-10-20-ին։ արտագրուած է՝ 2023-07-12 
  2. «Պատմաբան Ճորճ Պուռնութեան Ոչ Եւս Է»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2021-08-30։ արտագրուած է՝ 2023-07-12