Մականուն, անձի տոհմական անուանումը։ Կը տրուի ծնելէն կամ ամուսնանալէն ետք եւ կը փոխանցուի ժառանգաբար։

Մականունի ձեւաւորում

Խմբագրել

Մականունի ձեւաւորումն ու զարգացումը սերտօրէն կապուած են արտադրական յարաբերութիւններու զարգացման հետ։ Հին եւ միջին դարերուն մականուն կը կրէին ազնուական ընտանիքերերը՝ Մամիկոնեաններ, Արծրունիներ, Մեդիչիներ, Ռիուրիկովիչներ եւ այլն։

Միջնադարեան Հայաստանին մէջ նշանաւոր ընտանիքները յիշատակելու ժամանակ՝ անոնց ընդհանուր ճանաչում գտած մականունին կ՚աւելացուէր «ազգ», երբեմն՝ «տուն» բառերը՝ «ազգն Մամիկոնեաց», «ազգն Ռշտունեաց», «Տունն Արծրունեաց» եւ այլն։

Երբեմն մարդոց անուան կը կցուէր անոնց ծննդեան կամ հիմնական գործունէութեան վայրի անունը, որ եւ մականունի դեր կը կատարէր (Մովսէս Խորենացի, Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Լամբրոնացի)։ Կապիտալիստական արտադրական յարաբերութիւններու կազմաւորման շրջանին, երբ կը վերանայ տարբեր վայրերու մեկուսացումը, տեղի կ՚ունենայ բնակչութեան տեղաշարժ, կ՚աշխուժանայ առեւտուրը, եւ մարդու ինքնութիւնը հաստատող փաստաթուղթերը կը դառնան անհրաժեշտութիւն, մականունը լայն տարածում եւ ճանաչում կը գտնէ։ Թուրքիոյ մէջ մինչեւ 1930-ականներու կէսէրը մականուն գոյութիւն չունէր եւ պաշտօնապէս տեղի գտաւ Քեմալ Աթաթուրքի նախաձեռենութեամբ։

Կառուցուածք

Խմբագրել

Մականունը առաջացած է նախնիի անունէն, որուն աւելցած է պատկանելիութիւն կամ ազգակցական կապ (որդի, դուստր) արտայայտող նախածանց կամ վերջածանց։ Օրինակ, սլաւոններու մօտ՝ «իչ», «ով», «սկի», յոյներու՝ «իդես», պարսիկներու՝ «գադէ», վրացիներու՝ «ձէ», «շուիլի» եւն։

Մականունի կազմութիւնը Հայաստանի մէջ

Խմբագրել

Հայերը ունին այս կամ այն ազգակից խումբին պատկանիլը մատնանշող «ունի» ուրարտական վերջածանցը, որ հին ժամանակներուն բնորոշ էր նախարարական տոհմերուն (Ամատունի, Բագրատունի, Ռշտունի, Արծրունի եւն)։ Զանգեզուրի ազգագրական շրջանին յատուկ են «ենց», «ունց», «ոնց» վերջածանցները։ Ամէնատարածուած վերջածանցը «եան»ն է, որ պատմական աղբիւրներուն մէջ կը յիշատակուի 5-րդ դարէն եւ լայնօրէն տարածուած է 19-րդ դարէն։ Մականունը կ՚առաջանայ նաեւ զբաղմունքի կամ մասնագիտութեան անուանումէն (օրինակ՝ Դարբինեան, Ոսկերիչեան, Ժամագործեան)։ Կան մականունէն կամ տեղանունէն առաջացած մականուններ (Կարճիկեան, Չոլախեան, Բայբուրթեան, Երեւանցեան)։ Հայկական մականունները երբեմն կը կազմուին գործունէութեամբ աչքի ինկած կնոջ անունէն (Մանանդեան, Շուշանեան)։

Գրաբար հայերէնին մէջ մականուններու կազմութեան մէջ օգտագործուող վերջածանցները կ՚անուանուին ազգական կամ տոհմական ածանցակերտ մասնիկներ։ Անոնք են՝ ացի, երի, եան, եանց[1]։

Մականունի կազմութիւնը ԽՍՀ-ի մէջ

Խմբագրել

ԽՍՀ Միութեան եւ միութենական հանրապետութիւններու ամուսնութեան եւ ընտանիքի օրէնսդրութեան հիմունքներով (1968) ԽՍՀՄ–ի մէջ ամուսինները ըստ ցանկութեան կրնան ընտրել իրենցմէ մէկուն մականունը կամ պահպանել մինչ ամուսնականը։

Միութենական որոշ հանրապետութիւններու (Ուքրանիա, Պելառուսիա, Տաճիկիստան) գործող օրէնսդրութեամբ ամուսիններուն կը թոյլատրուի կից մականուն ունենալ։

Միւս հանրապետութիւններու, ինչպէս «ՀԽՍՀ ամուսնութեան եւ ընտանիքի օրէնսգիրք»-ը նման իրաւունք չի վերապահեր։ Երեխաներու մականունը կ՚որոշէ ծնողներու մականունով։ Ապօրինի ծնած երեխայի գրանցումը ծննդամատեանին մէջ (եթէ չկայ ծնողներու համատեղ դիմում եւ հայրութիւնը որոշելու վերաբերեալ դատարանի վճիռ) կը կատարուի մօր մականունով, իսկ հօր անունն ու հայրանունը կը գրանցուի մօր ցուցումով։

Ամուսինին մականունը կրող անձը ամուսնալուծութենէն ետք իրաւունք ունի վերականգնելու մինչամուսնական մականունը։ Մականունը փոխել կը թոյլատրուի 18 տարին լրանալէն ետք։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Տիգրան Աւետիսեան, Հայկական մականուն, Ե., ՀՍՍՀ ԳԱ հրատարակչութիւն, 1987, 322 էջ:

Արտաքին հղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Հ. Զ. Պետրոսեան, Ս. Ա. Գալստեան, Թ. Ա. Ղարագիւլեան, Լեզուաբանական բառարան (խմբ. Էդ. Բ. Աղայան), Երեւան, «Հայկական ՍՍՀ Գիտութիւնների Ակադեմիայի հրատարակչութիւն», 1975, էջ։