Մանուէլ Զուլալեան

Մանուէլ Զուլալեան` հայ գրող, ծնած է 1929 թուականի Դեկտեմբեր 30-ին Հալէպի մէջ - մահացած 2012 թուականի Յունուար 19-ին[1]: Աշխատած է որպէս գիտութիւններու դոքտոր, արեւելագետ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ։

Մանուէլ Զուլալեան
Ծնած է 30 Դեկտեմբեր 1929(1929-12-30)
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է 19 Յունուար 2012(2012-01-19) (82 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Սուրիոյ եւ Լիբանանի ֆրանսական մանտադ
 Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ուսումնավայր Շիրակի Մ. Նալբանդյանի անվան պետական համալսարան?
Վալերի Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարան
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկ
Ս. Փեթերսպուրկ Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժանմունք
Կոչում փրոֆէսոր
Մասնագիտութիւն գրող
Աշխատավայր պատմական գիտութիւններու դոքտոր, արեւելագետ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի անդամ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մանուէլ Կարապետ Զուլալեանը ծնած է 1929 թուականի Դեկտեմբեր 30-ին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ։ ին հայրենադարձութեան քարաւանով ընտանիքի հետ ներգաղթած է Հայաստան ու բնակութիւն հաստատած Լենինական (Կումայրի) քաղաքին մէջ։ Աւարտած է Միքայէլ Նալպանտեանի անուան մանկավարժական հաստատութեան պատմութեան, իսկ այնուհետեւ Երեւանի Վ.ալերի Պրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու հաստատութեան ռոմանա-գերմանական բաժինը։ 1954 թուականին ընդունուած է Հայաստանի ԳԱ Պատմութեան ինսդիդուդի ասպիրանտուրայ։ Գիտական մասնագիտացումը ստացած է Լենինգրադի համալսարանի արեւելագիտութեան ֆաքուլդեդին մէջ ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբելի ղեկավարութեամբ։ Տիրապետելով թրքերէնին եւ այլ օտար լեզուներու, Մանուէլ Զուլալեանը ձեռնամուխ եղած է Արեւմտեան Հայաստանի ուշ միջնադարի պատմութեան ուսումնասիրման գործին։

1988 թուականէն ի վեր կը գլխաւորէ Խ. Աբովեանի անուան մանկավարժական ինսդիդուդի ընդհանուր պատմութեան ամբիոնը։ Կը հանդիսանայ ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան ինսդիդուդի մասնագիտական խորհուրդի անդամ։ Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջին դարերու պատմութեան ու աղբիւրագիտութեան վերաբերեալ շարք մը աշխատութիւններու հեղինակ է, այդ թուին մէջ եւ 1995 թուականին լոյս տեսած «Հայոց պատմութեան խեղաթիւրումը արդի թուրք պատմագրութեան մէջ (հին եւ միջին դարեր)» գիրքի[2]։ Մանուէլ Զուլալեանը հրատարակած է «Օսմանեան օրէնքները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ (XVI-XVII դարերու Կանուննամներ)» աշխատութիւնը (1964 թ)։

Մանուէլ Զուլալեանը համակողմանի քննարկած է 16-17-րդ դարերուն մէջ մեծ տարածք ստացած ջալալիներու շարժման պատմութիւնը եւ հայկական, թուրքական ու բազմալեզու այլեւայլ սկզբնաղբիւրներու հիման վրայ հայագիտական գրականութեան մէջ առաջին անգամ լուսաբանած ջալալիներու շարժման նախադրեալները, ընթացքը եւ հետեւանքները։

1970 թուականին Մանուէլ Զուլալեանը ռուսերէն հրատարակած է «Հայաստանի Հին եւ միջնադարեան պատմութեան հարցերը ժամանակակից թուրքական պատմագիտութեան լուսաբանմամբ» ուսումնասիրութիւնր, որ նոր նիւթերով հարստացուած հրատարակուած է նաեւ հայերէն (Երեւան,1995)։ Հեղինակը բացայայտած է ժամանակակից թուրք պատմագիտութեան կեղծիքներն ու միտումնաւոր մեկնաբանութիւնները։

1971 թուականին Մոսկուայի մէջ ռուսերէն լեզուով հրատարակուած է Մ. Զուլալեանի «Հայաստանը XVI դարու առաջին կէսին» աշխատութիւնը՝ պաշտպանելով որպէս դոքտորական թէզ (1974 թ․), Մ. Զուլալեանը 1980 թուականին հրատարակած է «Արեւմտեան Հայաստանը XVI-XVII դարերուն մէջ» աշխատութիւնը։

Մանուէլ Զուլալեանը հրավիրուած է մասնակցելու թուրք յայտնի հեղինակ էվլիյա Ջելեբի ուղեգրութհան «Սէյահեթ-նամէի», Մոսկուայի մէջ բազմահատոր ռուսերէն թարգմանութեան իրականացմանը, եւ հրապարակուած է 1983 թուականին։ Մանուէլ Զուլալեանի մասնակցութիւնը մեծապէս նպաստած է ռուսալեզու ընթերցողներուն Հայաստանի մասին թուրք հեղինակի տեղեկութիւններու ճշմարտացի ներկայացմանը։

Մանուէլ Զուլալեանը 1990 թուականին գրած է «Հայ ժողովուրդի պատմութեան հարցեր ըստ եւրոպացի հեղինակներու (XIII-XVIII դարեր)» աշխատութեան առաջին գիրքը։ Աշխատութիւնը արժեքաւոր է եւ պատմագիտական, եւ աղբիւրագիտական առումներով։

Կրթութիւն

Խմբագրել

Ձեռքբերումները

Խմբագրել
Թուական Ձեռքբերումներ
1975 պատմական գիտութիւններու դոքտոր
1982 բրոֆեսոր
1996 ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս
1990 թղթակից անդամ

Պարգեւներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Վլադիմիր Բարխուդարեան, Պաուել Չոպանեան «Ակադեմիկոս Մանուէլ Զուլալեան» (Ծննդեան 70-ամեակի առթիւ), պատմաբանասիրական հանդէս № 1 2000, էջ 256-258