Մանուէլ Քաջունի

Հայ մանկավարժ, բնագէտ, փիլիսոփայ: Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (1843):

Մանուէլ Քաջունի (11 Օգոստոս 1823(1823-08-11) - 1 Դեկտեմբեր 1903(1903-12-01)), հայ մանկավարժ, բնագէտ, փիլիսոփայ: Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (1843):

Մանուէլ Քաջունի
Ծնած է 11 Օգոստոս 1823(1823-08-11)
Մահացած է 1 Դեկտեմբեր 1903(1903-12-01) (80 տարեկանին)
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Կոստանդնուպոլիս, թաղուած է Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին մէջ։ Աւարտած է Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը: Աշխատած է Կոստանդնուպոլսոյ Մխիթարեան վարժարանները՝ իբրեւ ուսուցիչ եւ տեսուչ, 1848–51-ին՝ «Բազմավէպի» խմբագիրի տեղակալ:

1883-էն՝ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի տնօրէն: 1903-ին ընտրուած է Վենետիկի միաբանութեան թագադիր աբբա:

Աշխատութիւններ

Խմբագրել

Քաջունին նպաստած է հայկական վարժարաններուն մէջ բնագիտական առարկաներու դասաւանդումը բարելաւելու եւ գիտութեան պահանջներուն համապատասխանեցնելու գործին, կազմած է ուսողութեան, տարրաբանութեան (քիմիագիտութիւն), բնագիտութեան, մեքենագիտութեան դասագիրքեր:

1869–75-ին Ս. Ղազարի մէջ հիմնած է բնագիտութեան ուսուցման տարրալուծարան: Քաջունիի «Արուեստաբանութիւն կամ շտեմարան գիտելեաց» գիրքը իւրատեսակ հանրագիտարան է:

Հեղինակ է գիւղատնտեսութեան տարբեր ճիւղերու վերաբերեալ գիտահանրամատչելի աշխատութիւններու:

Անոր գլխաւոր երկը՝ «Բառգիրք արուեստից եւ գիտութեանց եւ գեղեցիկ դպրութեանց», հանրագիտարան բառարանն է:

Քաջունիի «Հնախօսութիւն Հայաստանի» եւ «Աշխարհագրութիւն հին եւ նոր Հայաստանեայց դպրատանց տղայոց համար» ուսուցողական ձեռնարկները գրուած են Ղուկաս Ինճիճեանի աշխատութիւններու հիման վրայ: Առաջարկած է տարրաբանական նիւթերու անուանակարգման իր եղանակը, մշակած եւ շրջանառութեան մէջ դրած է բազմաթիւ հայերէն գիտական եզրեր:

Շքանշան

Խմբագրել

Արժանացած է Իտալիոյ Մեծ Խաչի Ասպետ շքանշանին (1897)[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Մանուէլ Քաջունի»։ Լանա Մանկասարեան։ 2014-11-13։ արտագրուած է՝ 2022-03-22 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։