Մատամ Թիւսo (թանգարան)

Մատամ Թիւսօ (անգլերէն՝ Madame Tussauds), մոմէ արձաններու թանգարան, որ աշխարհի ամէնէն շատ այցելու ունեցող թանգարաններէն մէկն է։ Մատամ Թիւսոյի անունը կրող թանգարանը այսօր մասնաճիւղեր ունի աշխարհի աւելի քան 26 քաղաքներու մէջ:

Մատամ Թիւսo
Տեսակ Մոմէ արձաններու թանգարան
Երկիր  Միացեալ Թագաւորութիւն
Տեղագրութիւն Ուեսթմինսթըր
Նստավայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն
Հասցէ Madame Tussauds, Marylebone Road, London, NW15LRMarylebone Road?
Հիմնադրուած է 1839
Հիմնադիր Աննա Մարիա Թիւսօ
51°31′22″N 0°09′19″W / 51.52279°N 0.15517°W / 51.52279; -0.15517
Կայքէջ madametussauds.com(անգլերէն)
Քարտէս
Քարտէս

Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին արքայական ընտանիքներու անդամներու, քաղաքական անձնաւորութիւններու, անուանի աստղերու, մարզիկներու եւ մինչեւ իսկ մարդասպաններու մոմէ արձանները:

Ակնարկ

Խմբագրել

Մատամ Թիւսոյի թանգարանը հիմնուած է 1835-ին, Լոնտոնի Պէյքըր սթրիթի վրայ` Աննա Մարիա Թիւսոյին կողմէ[1]:

Աննա Մարիա 16 տարեկանին քանդակած է իր առաջին մոմէ արձանը, որ կը մարմնաւորէր ֆրանսացի գրագէտ-փիլիսոփայ Ֆրանսուա Վոլթերը:

Արձաններէն

Խմբագրել

Լոնտոնեան թագարանի մուտքին այցելուները կը դիմաւորէ Աննա Մարիա Թիւսօն: Ան իր անձնական մոմէ արձանին հեղինակն է: Զայն քանդակած է մահէն 8 տարի առաջ: Թիւսօ մահացած է 89 տարեկանին:

Թանգարանին ամէնէն խնդրայարոյց արձանը Ատոլֆ Հիթլերինն է: Անոր արձանը կը գտնուի թէ՛ Լոնտոնի, եւ թէ՛ Պերլինի թանգարաններուն մէջ: Գերմանացի բռնապետին արձանը միակն է, որ ապակեայ պաշտպանիչ շերտով փակուած է, քանի որ թանգարանի այցելուները պարբերաբար անոր վրայ իրեր կը նետէին, ոմանք ալ կը թքնէին արձանին վրայ:

Մայր Թերեզան մերժած է, որ զինք քանդակեն, քանի որ կը հաւատար, թէ իր կատարած գործը շատ աւելի կարեւոր է, քան իր մոմէ մարմնաւորումը:

4, 5 մեթր բարձրութեամբ «Տը ինքրետիպըլ Հաք»ի մոմեայ արձանը թանգարանին ամէնէն մեծն է, իսկ «Թինքըր Պէլ»ինը` ամէնէն փոքրը:

Ազնաւուրին մոմէ արձանը 2004-ին դրուած է «Մատամ Թիւսօ» թանգարանին մէջ:

Աշխատակազմը

Խմբագրել

Թանգարանը աշխատակիցներու մեծ խմբակ մը ունի` վարսայարդարներ, դիմայարդարներ, նկարիչներ եւ այլ աշխատակիցներ։ Օրական կը ստուգուին արձանները, քերծուածքներ եւ գրեթէ օրական կը լուացուին մոմէ արձաններուն մազերը եւ կը թարմացուին շպարները։

Արձանի Մը Պատրաստութիւնը

Խմբագրել

Միջին հաշուով մոմէ արձանի մը պատրաստութիւնը կ'ենթադրէ 4 ամսուան աշխատանք եւ կ'արժէ շուրջ 300 հազար տոլար:

Նկարիչները մօտաւորապէս 150 տարբեր չափեր կ'արձանագրեն բնորդէն: Կը նկարեն մարմինը շուրջ 80 անգամ, իսկ դէմքը՝ 100 անգամ: Մոմէ արձանները կը պատրաստուին բնորդին իսկական չափերէն 2 տոկոսով աւելի մեծ, քանի որ մոմը ժամանակի ընթացքին կը չորնայ, եւ բնականաբար արձանը կը փոքրանայ:

Մոմէ արձաններու մազայարդարումը կը պահանջէ 5 շաբթուան աշխատանք, քանի որ իւրաքանչիւր մազի թել առանձին կը տեղադրուի, իսկ իւրաքանչիւր գլխու վրայ միջին հաշուով կան 100 հազար մազի թելեր։ Արձանի մը պատրաստութեան համար թելեր կ'օգտագործուին արձաններու աչքերուն մէջի մազերակները պատրաստելու համար[2]:

Մատամ Թիւսոյի թանգարաններու գտնուած վայրերէն

Խմբագրել
 
Մատամ Թիւսոյին թանգարանը՝ Ամսթերտամ

Ամերիկա

Խմբագրել

Եւրոպա

Խմբագրել
 
Մադամ Տյուսոյի թանգարանը Բեռլինում
  • Փարիզ

Աւստրալիա

Խմբագրել


Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Dawn (2012-05-26)։ «The Baker Street Bazaar»։ The Legends of London (անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-02-02-ին։ արտագրուած է՝ 2022-02-14 
  2. «Տասը Հետաքրքրական Բան…Մատամ Թիւսոյի Թանգարանը»։ aztag31.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-14 

Աղբիւրներ

Խմբագրել