Մատրասի Խմբակ
Մատրասի Խմբակ, հայ գրական-քաղաքական կազմակերպութիւն։
Մատրասի Խմբակ | |
---|---|
Տեսակ | Ակումբ եւ Քաղաքական Կազմակերպութիւն |
Հիմնադիր | Հայ |
Գործունէութեան տարածք | Հնդկաստան |
Ստեղծուած է 1770-ական թուականներուն, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ՝ իբրեւ անմիջական արդիւնք հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ Յովսէփ Էմինի քարոզչութեան։
Հայ ժողովուրդին մէջ ազատագրական գաղափարներու տարածման, երիտասարդութեան հայրենիքի պատմութիւնն ու մշակոյթը ծանօթացնելու համար անհրաժեշտ էր գրականութիւն ունենալ։ Նման գիրքեր տպագրելու համար. հնդկահայ մեծահարուստ Շահամիր Շահամիրեանը 1771-ի Մատրաս քաղաքի մէջ հիմնած է հայկական տպարան մը։
Մատրասի խմբակին ակնառու դէմքերէն էին Մովսէս Բաղրամեանը, Շահամիր Շահամիրեանը, Յակոբ Շահամիրեանը եւ այլն։ Մատրասի խմբակին անդամներուն աշխարհայեացքին վրայ մեծապէս կ'ազդեն Օսմանեան կայսրութեան ու Պարսկաստանի բռնապետութիւններուն ենթարկուած Հայաստանի ծանր դրութիւնը, ազատագրութեան հասնելու հայերու ձգտումը, ինչպէս նաեւ եւրոպական լուսաւորականութեան գաղափարները։
1772-ին լոյս կ'ընծայէ Մովսէս Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ» գիրքը։ Իրականութեան մէջ առաջին գիրքն էր, որ կը ներկայացնէր ԺԸ. դարու հայ ազատագրական գաղափարախօսութիւնը՝ տոգորուած ազատասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ։ 1876-ին գիրքը կը թարգմանուի ռուսերէնի եւ կը տպագրուի Փեթերսպուրկի մէջ երկու հազար տպաքանակով, այնուհետեւ կը թարգմանուի նաեւ վրացերէնի։
Ծրագիրներ
ԽմբագրելՄատրասի խմբակը կը ծրագրէր․
- Դպրոցներ բանալ, ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն տարածել, երիտասարդութիւնը դաստիարակել ազատասիրութեան ու հայրենասիրութեան գաղափարներով եւ պատմութիւնը սորվեցնել:
- Զինել ժողովուրդը, երիտասարդութեան սորվեցնել ռազմական գործը, զանոնք նախապատրաստելով օտար տիրապետողներու դէմ զինուած ապստամբութեան մը:
- Ապստամբութեան նախապատրաստման եւ կազմակերպման համար Խամսայի մելիքութիւններուն մօտ մարմին մը ստեղծել՝ կազմուած Հայաստանի տարբեր շրջաններու ներկայացուցիչներէն:
- Հայաստանի ազատագրութեան գործին նիւթական աջակցութիւն բերելու նպատակով, քահանային քով խոստովանութեան գացող իւրաքանչիւր անհատ, իր կարողութեան համաձայն, իր լուման տար:
- Ապստամբութեան յաղթանակը ապահովելու համար հայերը համագործակցէին վրացիներուն հետ՝ օտար բռնատէրերու դէմ մղուող պայքարին մէջ եւ ձեռք բերէին Ռուսական պետութեան հովանաւորութիւնն ու աջակցութիւնը:
Գաղափարախօսութիւնը
- Կ'արտայայտէ հայ առեւտրական քաղքենիութեան եւ քաղքենի մտաւորականութեան գաղափարախօսութիւնը։
- Կը զարգացնէ սահմանադրական գաղափարներ:
- Կը ձգտի ապագայ ազատագրուած Հայաստանի մէջ ստեղծել քաղքենիացած հանրապետութիւն մը (կամ ալ՝ սահմանադրական միապետութիւն մը), քարոզել աւատատիրական կարգերու վերացումը եւ հայկական պետականութեան վերածնունդը կապել Ռուսաստանի օգնութեան հետ։
- Բացի «Նոր տետրակ, որ կոչի յորդորակ» գիրքին, Մատրասի խմբակը կը ստեղծէ հայ քաղաքական գրականութեան այնպիսի գլուխ գործոցներ, «Որոգայթ փառաց» երկը, ինչպէս նաեւ 1780-ական թուականներու ռուսական կառավարութեան ներկայացուած «Հայ-ռուս դաշնակցային պայմանագիր»ին նախագիծը։
- Կը քննադատէ Հայոց եկեղեցին, որ իր քարոզչութեամբ եւ չարին չդիմադարձելու կոչով հայ ժողովուրդը փաստօրէն կը զրկէ դիմադրական կորովէն։ Կ'արծարծեն լուսաւորութեան տարածման եւ ազգային ինքնագիտակցութեան արթնացման հրատապ հարցը:
- Կը փորձէ ուրուագծել Հայաստանի ապագայ պետական կարգը եւ Ռուսաստանի հետ ունենալիք փոխյարաբերութիւններուն բնոյթը։
Ռուսաստանի հովանիին տակ հայկական պետականութիւնը վերականգնելու՝ 20 յօդուածէ բաղկացած նախագիծը կը կազմէ Շահամիր Շահամիրեանը։ Այս նախագիծով Ռուսաստանի օգնութեամբ ազատագրուած Հայաստանը պէտք է հռչակուէր հանրապետութիւն՝ խորհրդարանական կարգով։ Հայաստանի մէջ 20 տարի ժամկէտով պէտք է մնար 6000 ռուսական զօրք։ Այս ծրագիրը ներկայացուած է ռուսական կառավարութեան, սակայն իշխանութիւններու կողմէ բաւարար ուշադրութեան չէ արժանացած ու չէ քննարկուած։
Մատրասի խմբակին լուսաւորական եւ ազգային-ազատագրական դէպքերու գաղափարները կը կրեն Իւթոպիական բնոյթ, քանի որ իրական հող չունէին ժամանակի հայ իրականութեան մէջ։
Գրականութիւն
Խմբագրել- ԺԱ. Դասարանի Հայոց Պատմութեան դասագիրք, Երեւան 2010
- Հայոց պատմութիւն։ Հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը։ Երեւան 2012։