Մարկատէ
Մարկատէ, (արաբերէն՝ مركدة) հին անուանումը Մաքսին, կը գտնուի Սուրիոյ Հասաքէ նահանգին մէջ, իսկ Տէր Զօր նահանգին հիւսիս-արեւելքը, շուրջ 90 քլմ. հեռաւորութեամբ:
Բնակավայր | |
---|---|
Մարկատէ | |
Երկիր | Սուրիա |
Մարկատէ անապատային շրջան է:
Մարկատէն եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
ԽմբագրելՄարկատէի մէջ հայ համայնք գոյութիւն չունի:
Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, թուրքերը անխնայօրէն հայեր ջարդած են՝ հոն հասած գաղթականները դուրս բերելով շարքերէն:
1992-ի վերջաւորութեան, շինարարական պետական ծրագիրի մը իրագործման ընթացքին, պատահաբար յայտնագործուած հայ աճիւններու հսկայ կոյտերն ու հաւաքական գերեզմանափոսերը կը մղեն Բերիոյ Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը մատուռ-յուշարձանով մը յաւերժացնելու Ապրիլեան անշիրիմ նահատակներու յիշատակը:
Վերոնշեալ մատուռ-յուշարձանին հիմնարկէքը կը կատարուի 8 Մայիս 1994-ին, նախագահութեամբ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի:
7 Մայիս 1995-ին, մատուռ-յուշակոթողը կ'անուանուի Ս. Յարութիւն Մատուռ:
24 Ապրիլ 1996-ին, մատրան օծումը կը կատարուի ձեռամբ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (նախագիծ եւ իրագործում` հալէպահայ ճարտարապետ Գէորգ Սարգիսի):
Մատրան պահակութիւնը յանձնուած էր տեղացի արաբի մը, Նաշմէ Սլաուի անունով, որուն Մեծ մայրը հայուհի մըն էր, Մարիամ Մուրատ անունով:
Մարկատէն հաւաքական գերեզման է բազմահազար հայորդիներու, որոնց ոսկորներուն բեկորները մինչեւ օրս տակաւին անթաղ կը մնան աւազներուն տակ:
Ամէն տարի, 24 Ապրիլին, ուխտագնացութիւն կը կազմակերպուէր դէպի Տէր Զօր եւ Մարկատէ, սակայն սուրիական պատերազմին պատճառով այս աւանդութիւնը կը խախտի:
Վերոնշեալ բլուրին վրայ կը գտնուի այն ոճրային քարայրը, ուր թուրքերը բազմահազար հայեր լեցուցած եւ սպաննած են: Մութ քարայրին հսկայական բացուածքէն ներս կը գտնուին անթաղ ոսկորներու ամբողջ կոյտեր: Հողը թեթեւ մը եթէ փորուի, տակաւին հայու աճիւններ դուրս կու գան հոնկէ:
Ս. Յարութիւն մատրան հանդիպակաց կողմը գտնուող հողատարածքին վրայ 21 Սեպտեմբեր 2007-ին, իւրայատուկ արարողութեամբ հիմնաքարը կը զետեղուի ծննդաբերական ու բժշկական հիւանդանոցի մը, որ պիտի կոչուէր «Նահատակաց հիւանդանոց» եւ պիտի դառնար հայ ժողովուրդի հրապարակային երախտագիտական արտայայտութիւնը՝ հանդէպ արաբ սուրիացի ասպնջական ժողովուրդին, որ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն հիւրընկալած, խնամած, վէրքերը բուժած եւ պատսպարած էր հայ ժողովուրդին «մնացորդաց»ը:
Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ, վերոնշեալ հողատարածքին վրայ հիմնաքարի «սեղան»ին շաղախը կը տեղադրուի եւ յատուկ արձանագրութեամբ յուշաքար մը կը զետեղուի:
Հիւանդանոցը, նկատի առնուած էր 30 սենեակներէ, ինչպէս նաեւ յատուկ բաժիններէ՝ ծննդաբերութեան, վիրահատութեան եւ ատամնաբուժութեան: Սակայն, սկիզբ առած այս մեծ աշխատանքը 2011-ի սուրիական պատերազմով կանգ կ'առնէ[1]: