Ալ Հասաքէ

նահանգ՝ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան կողմը

Ալ Հասաքէն կամ հայկական անուանումով Հա-սի-չէն (արաբերէն՝ الحسكة) Ճեզիրէի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանը կը գտնուի, Տէր Զօրի եւ Գամիշլիի միջեւ, Խապուր գետին եզերքը, ընդարձակ եւ բարեբեր հողի մը վրայ՝ Գամիշլիէն դէպի Տէր Զօր` շուրջ 80 քլմ. հեռաւորութեան վրայ:

Բնակավայր
Ալ Հասաքէ
արաբերէն՝ محافظة الحسكة
Երկիր  Սուրիա
Ներքին բաժանում Ալ Հասաքէ, Ռաս Ուլ Այն, Ալ Մալիքիա շրջան, Գամիշլի եւ Ալ Շատտատէ
Տարածութիւն 23 334,0 քմ²
Բնակչութիւն 1 512 000 ± 500 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2011)[1]
Ժամային գօտի UTC+2 եւ Համաշխարհային կոորդինացված ժամանակ?
Պաշտօնական կայքէջ esyria.sy/ehasakeh/

Հասաքէ Ճեզիրէի մայրաքաղաքն է. հոն կը նստի նահանգապետը (մուհաֆէզ), հակառակ անոր որ Գամիշլին աւելի մեծ կեդրոն է:[2]

Հասաքէի հայութիւնը

Խմբագրել

1927-ի տուեալներով, Հասաքէի մէջ ապրած են 20-22 տուն հայ, զուրկ հոգեւոր մխիթարութենէ եւ որոնց պէտքերը կը հոգար Տէր Զօրի քահանան:

1929-ին Թուրքիոյ արեւելեան գաւառներէն Սուրիա ապաստանողներու մեծագոյն մասը կը հաստատուի Հասաքէ, Գամիշլի, Գարամանիէ եւ Ռաս ուլ-Էյն: Նիւթական չգոյութեան պատճառով չեն կրնար Հալէպ հասնիլ:

1938-ին համայնքը ունեցած է աղիւսաշէն շէնք մը, որ գործածուած է, իբրեւ դպրոց եւ բարձրացած է ազգապատկան ընդարձակ հողի մը վրայ: Նոյն թուականին 100 մեթր քառակուսի տարածութեան վրայ հիմը կը դրուի նորակառոյց եկեղեցւոյ: Այնուհետեւ, 1942-ին օրուան Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Խորէն վարդապետ Բարոյեանի (Խորէն Ա. կաթողիկոս) օրով կը կառուցուի Հասիչէի Ս. Յովհաննու եկեղեցին: Ունի մէկ Ս. Սեղան: Այսպիսով, Հասաքէի համայնքը կ'օժտուի քարաշէն եկեղեցիով մը եւ դպրոցով: Կառուցումը կ'աւարտի 1960-ին, իսկ զանգակատունը` 1963-ին:

Քաուքապ լեռը, Հասաքէի մէջ

1988-ին կը ստանայ իր վերջին վիճակը: Շրջափակին մէջ կառուցուած է դպրոցը:

Եկեղեցւոյ կից կը գտնուի «Երիտասարդաց» ակումբը:

1940-ին Հասաքէի հայ համայնքի թիւը հասած է 551-ի:

1944-1945-ին Ճեզիրէի շրջանը մատնուած է անգործութեան, որուն պատճառով հայերուն մեծ մասը իրենց օրապահիկը հանելու համար հեռացած են այդ շրջանէն:

Ըստ 1950-ի տուեալներուն Հասաքէի մէջ 70 հայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են, ունեցած են մնայուն քահանայ մը, որ պարբերաբար այցելած է Տերպէսիէ եւ Ռաս ուլ-Էյն: Նոյն տուեալներով՝ Ազգային վարժարանին մէջ 80 երկսեռ աշակերտներ ուսանած են, որոնց հարկ եղած ուսումն ու կրթութիւնը ջամբուած է երեք հայ պաշտօնեաներու (1 այր, 2 օրիորդ) եւ մէկ արաբերէնի ուսուցիչի կողմէ, կրթական նախարարութեան (մուարիֆ) կողմէ տրամադրուած:

Եկեղեցին վերանորոգուած է 1988-ին եւ քարապատուած՝ 1997-ին: Աւելի ուշ, կառուցուած է նոր դահլիճ մը:

Մկրտութեան աւազանը շինուած է 1999-ին:

1992-ին, շրջափակին մէջ կանգնած է Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողը:

Շրջափակէն ներս կը գործէ Ազգ. Մեսրոպեան Վարժարանն ու Կիրակնօրեայ դպրոցը (1962):

Ըստ 1992-ի տուեալներուն, աշակերտութեան թիւը 125 էր, ուսուցչական կազմը՝ 11, իսկ պաշտօնէութիւնը 2:

Ըստ 2005-2006-ի տուեալներուն, աշակերտութեան թիւը կը հաշուէր 160-165, որոնցմէ 85-90-ը հայեր, մնացեալը՝ օտար: Իսկ մանկապարտէզին թիւը՝ 30 աշակերտ:

Հայոց լեզուի եւ կրօնագիտութեան ուսուցումը դասաւանդուած է շնորհիւ տեղւոյն քահանայ հօր եւ սակաւաթիւ հայ ուսուցիչներու:

Հասաքէի հայ համայնքի զաւակները առ հասարակ կը զբաղին արհեստներով, մանր առեւտուրով, պարտիզամշակութեամբ եւ երկրագործութեամբ:

Միութիւններ

Խմբագրել

Անցեալին համայնքը ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Գործած են հետեւեալ մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ միութիւններու մասնաճիւղեր.

Սուրիահայ օգնութեան խաչ (ՍՕԽ)
Խմբագրել

Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՍՕԽ) մասնաճիւղը իր հիմնադրութենէ ետք քանի մը անգամ կազմալուծուած է: Փետրուար 1939-ին կրկին վերակազմուած եւ 35 անդամներով գործած է: 1940-1946-ին կրկին կազմալուծուած է, յետոյ շարունակած է գործել: 1946-1947-ին, մասնաճիւղը անգամ մը եւս դադրած է գործելէ: Իսկ 1947-ին 30 անդամ-անդամուհիներով վերստին սկսած է գործել: 1990-1991-ի տուեալներով մասնաճիւղին թիւը եղած է 30 խաչուհիներ: Այսպէս, զանազան պատճառներով մերթ դադրող, մերթ գործող այս մասնաճիւղը հետագային «Լոռի» անունով սկսած է գործել: Այնուհետեւ, 2012-ի տուեալներով «Լոռի» մասնաճիւղը 40 անդամուհի ունեցած է: Մասնաճիւղը բարերար դեր կատարած է այս շրջանի հայութեան:

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն (Հ.Մ.Ը.Մ.)
Խմբագրել

Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Հասաքէի մասնաճիւղը հիմնուած է 1939-ին: Ժամանակի ընթացքին, մասնաճիւղը կիրարկած է ֆութպոլ, պասքեթպոլ եւ փինկ-փոնկ: Փոքրաթիւ անդամներէ բաղկացող Հասաքէի մասնաճիւղը պահած է նաեւ սկաուտական խումբ:

Սեփական ճիգերով կառուցած է ակումբ՝ ներկայանալի սրահով, ուր կարելիութիւն տուած է իր անդամներուն, որ իբրեւ հաւաքատեղի գործածեն զայն, զարգացնելով միութենական կեանքը:

Վարչութիւնները յաջողած են ստեղծել ընկերային աշխոյժ կեանք, գրադարանի եւ գիշերային դասընթացքներու կազմակերպումով:

1954-ին, սուրիական պետական նոր արտօնագիրով, մասնաճիւղը կ'անուանուի «Նետի Քաուքապ»:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երկրորդական կարգի խումբը մասնակցած է Հալէպի մէջ կատարուած միջ-մասնաճիւղային մրցումներուն:

Պատգամաւորական Ժողովներու եւ միջ-մասնաճիւղային մրցաշարքներու մասնակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հասաքէի մասնաճիւղը կանգուն մնացած է մինչեւ 1961:

Սուրիահայ երիտասարդական միութիւն (ՍԵՄ)
Խմբագրել

Սուրիահայ երիտասարդական միութեան (ՍԵՄ) «Արցախ» մասնաճիւղը հիմնուած է 1990-ականներուն:

Սուրիահայ պատանեկան միութիւնը (ՍՊՄ), նոյնպէս հիմնուած է 1990ականներուն:

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ «Եկեղեցասէր տիկնանց» միութիւն
Խմբագրել

Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ «Եկեղեցասէր տիկնանց» միութիւնը հիմնուած է վերջին շրջանին:

2005-2006-ի տուեալներով Հասաքէի հայ ազգաբնակչութեան թիւը եղած է 95 ընտանիք, շուրջ 450 անձ, որոնք կ'ապրին կաթոլիկ ասորիներու, նեստորականներու, քիւրտերու, արաբ բողոքականներու, քաղդէացիներու եւ արաբ կաթոլիկներու հետ:

Մարտ 2011-էն սկիզբ առած Սուրիոյ պատերազմին պատճառով, Հասաքէի հայութիւնն ալ իր բաժինը ստացած է, երբ հայ համայնքը ենթարկուած է անապահովութեան:

Ծանր բախումներ տեղի ունեցած են զինեալ ընդդիմադիրներու եւ սուրիական բանակին միջեւ, յատկապէս Հասաքէի շրջակայքը, ուր նոյնպէս մեծաթիւ հայեր կը բնակէին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել