Ճեզիրէ
Ճեզիրէն առանձին երկրամաս մըն է հիւսիսային Սուրիոյ ծայրամասին վրայ. կը գտնուի Եփրատի եւ Տիգրիսի միջեւ, այդ պատճառով ալ Ճեզիրէ կը կոչուի, այսինքն գետերով սահմանագծուած կղզի մը, որուն հայերը Միջագետք անունը տուած են իրաւացիօրէն: Սահմաններն են` հիւսիսէն Թուրքիա, արեւելքէն` Իրաք, իսկ հարաւէն ու արեւմուտքէն միացած է Սուրիոյ ընդարձակ հողամասին:
Ճեզիրէ
ԽմբագրելՀայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Սուրիոյ անապատները հասած գաղթական հայութեան մէկ կարեւոր համեմատութիւնը կը կեդրոնանայ Ճեզիրէի մէջ, եւ Տէր Զօրի, Հասաքէի ու Ռաս ուլ-Այնի մէջ հայկական համայնքներ կը կազմաւորուին[1]: