Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան (Երեւան)

Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան, XX դարի մեծանուն նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի (1880-1972) տուն-թանգարանը հիմնադրուած է Երեւանի մէջ Հայաստանի կառավարութեան յատուկ որոշմամբ, բացուած է 26 Նոյեմբեր 1967-ին՝ նկարիչին կենդանութեան օրօք։

Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան
Տեսակ թանգարան
Երկիր Հայաստան Հայաստան
Տեղագրութիւն Սարեան փողոց 3, Երեւան, ՀՀ
Վայր Երեւան
Հասցէ Սարյան փող. 3[1]Սարյան փողոց?
Հիմնադրուած է 1967
Տնօրէն Ռուզան Սարեան
40°11′13″N 44°30′33″E / 40.186886°N 44.509214°E / 40.186886; 44.509214
Կայքէջ sarian.am
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Մ. Սարեանի տուն-թանգարանի գլխաւոր ճակատամասը
 
Մ. Սարեանի տուն-թանգարանի ձախ կողմնամասը
 
Ղազարոս եւ Արաքսի Սարեաններու անուան դահլիճ

Թանգարանին շէնքը բաղկացած է երկյարկանի առանձնատունէ, ուր նկարիչը ապրած եւ ստեղծագործած է 1932-1972 թուականներուն, ինչպէս նաեւ՝ եռայարկ պատկերասրահէ, որ կառուցուած է այդ տան կից, 1967-ին։ Մարտիրոս Սարեանի տան յատակագիծին հեղինակն է Երեւան քաղաքի մեծանուն ճարտարապետ Ալեքսանտր Թամանեանը։ Թանգարանային հատուածը կառուցուեցաւ Մարք Գրիգորեանի նախագիծով։

Դէպի փողոց դուրս եկող ճակատամասի վերին հատուածի խճանկարը, Մարտիրոս Սարեանի ուրուագիծով, կատարած է յայտնի նկարիչ Գառնիկ Սմբատեանը:

2013-2016 Տուն-թանգարանը ենթարկուած է հիմնանորոգման, կառուցուած է չորրորդ յարկը, ուր կը գործէ բազմագործառնական դահլիճ: Այստեղ կը կազմակերպուին համագումարներ, սեմինարներ, դասախօսութիւններ, շնորհանդէսներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ: Դահլիճը անուանուած է Վարպետի որդիին եւ հարսին՝ Ղազարոս եւ Արաքսի Սարեաններու անունով:

Նորակառոյց չորրորդ յարկին առանձին սրահին մէջ կը գործէ "Սարեան" արուեստի աշխատանոցը:

Թանգարանի տնօրէններ

Խմբագրել

Տուն-թանգարանին առաջին տնօրէնը եղած է նկարիչի որդին՝ երգահան Ղազարոս Սարեանը, որ ղեկավարած է շէնքին կառուցման աշխատանքները։

1967-2003 թանգարանը գլխաւորած է արուեստաբան Շահէն Խաչատրեանը, որ մեծ նուիրումով հարստացուցած եւ համալրած է թանգարանի ֆոնտը։

2003-2004 տուն-թանգարանի տնօրէն եղած է Լուսիկ Միրզոյեանը, ով մինչ այդ երկար տարիներ թանգարանին մէջ աշխատած է որպէս գլխաւոր ֆոնտապահ։

2004-էն ի վեր տուն-թանգարանը կը ղեկավարէ նկարիչի թոռնուհին՝ Ռուզան Սարեանը։

Ցուցադրութիւն

Խմբագրել

Տուն-թանգարանը առանձնայատուկ է անով, որ այստեղ հանգրուանած են նկարիչին այն աշխատանքները, որոնք կը գտնուէին իր տան եւ իր արուեստանոցին մէջ։ Թանգարանին գեղարուեստական ֆոնտի ստեղծման հիմքը դարձան նկարիչին նուիրաբերած 50 ստեղծագործութիւնները։ Հետագային, ֆոնտերը ընդլայնուած են գնումներու եւ նուիրատուութիւններու շնորհիւ։

Այսօր Մ. Սարեանի տուն-թանգարանի հիմնական նպատակն է Վարպետին արուեստի ցուցադրումը, մեկնաբանումն ու հանրայնացումը։ Թանգարանին մէջ կը տարուի նաեւ գիտական աշխատանք. կը կազմուի Մարտիրոս Սարեանի կեանքին եւ ստեղծագործութեան տարեգրութիւնը, կը հրապարակուին անոր յուշերը, ձեռագիրներն ու նամակները, կը կազմուի աշխատանքներու լիակատար գրացուցակը։ Ներկայիս կը մշակուի նաեւ տուն-թանգարանին յուշային ֆոնտը[2]։

Թանգարանին մշտական ցուցադրութեան մէջ ընդգրկուած են այնպիսի ստեղծագործութիւններ, ինչպիսին են «Ջրհորի մօտ. շոգ օր», «Ինքնադիմանկար», «Քալող կինը», «Գիշերային բնանկար», «Եգիպտական դիմակներով նաթիւրմորթ», «Արեւելեան ծաղիկներ», «Երեք հասակ» ինքնադիմանկարը, ինչպէս նաեւ նկարիչին վերջին կտաւը՝ «Հեքիաթ» գեղանկարը։

Մարտիրոս Սարեանի թանգարանի ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ նկարիչին ստեղծագործական բոլոր շրջաններն ու ժանրերը՝ սկսած 16 տարեկանին կատարուած առաջին գծանկարներէն մինչեւ կեանքի վերջին տարիներուն ստեղծուած աշխատանքները։ 300-էն աւելի ստեղծագործութենէ կազմուած մշտական ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է թանգարանի երեք յարկերուն մէջ՝ ժամանակագրական կարգով։

Այցելուները հնարաւորութուն ունին նաեւ այցելել տուն-թանգարանի սրբավայրը նկարուող Վարպետին արուեստանոցը։

Միջոցառումներ

Խմբագրել

Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին յատուկ կրթամշակութային ծրագիրներ փոքրիկներու եւ երիտասարդութեան համար, տեղի կ՛ունենան թեմատիկ միջոցառումներ, դասական երաժշտութեան համերգներու ընդգրկմամբ։

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Սարեան 3 հասցէին վրայ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Wiki Loves Monuments monuments database — 2017.
  2. «Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարան»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2018-12-25 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել