Մարքոս Վամվաքարիս

Մարքոս Վամվաքարիս (ծ. Սիրոս, 10 Մայիս 1905 – մ. Աթէնք, 8 Փետրուար 1972) յոյն երգիչ էր, յօրինող, բանաստեղծ եւ նուագարանի մասնագէտ, ինչպէս նաեւ նշանաւոր երաժիշտ յունական ժողովրդային «ռեպեթիքօ» երգերու։ Ան նկատուած է իբրեւ «հայր» ռեպեթիքօ երգերուն, որովհետեւ երաժշտական այս ձեւը աւելի յայտնի դարձաւ շնորհիւ իր երգերուն, որոնք մեծ յաջողութիւն ունեցան։

Մարքոս Վամվաքարիս
Ծնած է 10 Մայիս 1905(1905-05-10)[1]
Ծննդավայր Սիրոս, Յունաստան
Մահացած է 8 Փետրուար 1972 (67 տարեկան)
Մահուան վայր Red Cross Hospital, Աթէնքի քաղաքապետութիւն, Աթէնքի Կեդրոն, Ատիկէ, Յունաստան[2]
Քաղաքացիութիւն  Յունաստան
Ազգութիւն յոյն
Տեսակ Ռեպեթիքօ
Մասնագիտութիւն երգիչ, երգահան, Երգահան
Աշխատավայր երգիչ, յօրինող
Երեխաներ Վասիլիս, Սթելիոս, Տոմենիքոս Վամվաքարիս

Նախնական տարիները

Խմբագրել

Ծնած էր 10 Մայիս 1905-ին Սիրօ կղզիի Սքալի գիւղի Վերի թաղին մէջ, կաթոլիկ ընտանիքէ մը (այս պատճառով աւելի յետոյ ստացաւ «Ֆրակոս» անունը)։ Իր ծնողքը աղքատ հողագործ էր եւ ան առաջին զաւակն էր իր 6 եղբայրներուն մէջ։ Մեծ հայրը երգեր կը գրէր, իսկ հայրը «զապունա» (աւանդական յունական նուագարան) կը նուագէր։ Փոքր տարիքէն, Մարքոս իր հօր կը միանար ու դուպի (կղզիի դմբուկ) կը նուագէր տարբեր տօներու առիթով։ Իր ընտանիքի դժուար նիւթական կացութեան պատճառով ստիպուեցաւ դպրոցը ձգել ու ընել զանազան գործեր՝ կօշիկ մաքրող, թերթի ցրուիչ, գործատունի բանուոր, նպարավաճառի օգնական, եւ այլն։

1920-ին, երբ 15 տարեկան էր, մեկնեցաւ Սիրոյէն, որովհետեւ ակամայ ժայռ մը նետեց տան մը տանիքին վրայ։ Հասաւ Փիրէա, իսկ աւելի յետոյ իր ընտանիքը իրեն հետեւեցաւ։ Հոն զբաղեցաւ տարբեր գործերով՝ նաւահանգիստի բանուոր, (ածուխ փոխադրող նաւերու վրայ ածուխի պարկեր շալկող) ապա 1925-էն մինչեւ 1935 աշխատեցաւ Փիրէայի եւ Աթէնքի հանրային սպանդանոցներուն մէջ։

Իր առաջին ամուսնութիւնը կնքեց 18 տարեկանին։ Ամուսնացաւ Էլէնի Մաւրուտի անունով կնոջ մը հետ, որ զայն կը կոչէր «Զիկոալա»։ Այդ ատեն, իր կենսագրութեան համաձայն, պատահմամբ լսեց նուագող Նիքօ Այվալիոթիի պուզուքիի նուագը, եւ այս պատահարը իր լման կեանքը փոխեց։ Այսպէս սկսաւ պուզուքի նուագել սորվիլ ու իր առաջին երգերը գրել։

Յաջողութիւններ

Խմբագրել
 
Փիրէայի նշանաւոր քառեակը,1934ին։ Ձախին ոտքի՝ Մարքոս Վամվաքարիս

1933-ին, արուեստագէտ Սփիրօ Փերիսթերիի դրդումով, Մարքոս ձայնագրեց պուզուքիով իր առաջին երգը, որ մեծ յաջողութիւն դարձաւ Յունաստանի մէջ «Քարատուզենի» անունով։ Հակառակ որ Վամվաքարիս մեծ վերապահութիւն ունէր իր ձայնի որակին մասին, ձայնագրութինը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ եւ յատկանշեց յունական ձայնագրութիւններու պատմութիւնը, որովհետեւ «ռեմպեթիքօ»-ի այլ անուանի արուեստագէտներ՝ Քոսթաս Սքարվելիս, Սփիրոս Փերիսթերիս եւ Բանաեոթիս Թունտաս, անոնք եւս սկսան ձայնագրութիւններ կատարել ժողովրդային նուագարաններու խումբով եւ պուզուքիով։

1934-ի ամռան, արուեստագէտներ Եորղօ Պաթիի, Սթրաթօ Փայումծիի եւ Անեսթի Տելիայի հետ ներկայացան Փիրէայի երաժշտական խանութներուն մէջ։ Անոնք կազմեցին Փիրէայի նշանաւոր քառեակը։ Առաջին անգամ ըլլալով, ան մէջտեղ բերաւ նուագախումբ մը բաղկացած պուզուքիի եւ պաղլամայի գործիքներով, ծայր դնելով ջութակներու նախկին նուագախումբերը, որուն նոյն խանութներուն մէջ ելոյթ կ՚ունենային։

Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմէն առաջ նախորդող շրջանը ամէնէն բեղուն ժամանակը եղաւ Վամվաքարիսին համար։ 1935-ին յօրինեց եւ ձայնագրեց «Ֆրակոսիրիանի» երգը (իր յօրինումներէն ամենալսուած երգը, որ յաջողութիւն ունեցաւ միայն 25 տարի յետոյ՝ Ղրիղորի Պիթիքոցիի ձայնով)։ Ինքը կը պատմէ այս երգի երեւումը։

«Սիրոսի ժողովուրդը շատ կը սիրէր ինծի, որովհետեւ ես ալ ծագում ունէի Սիրոսէն, անոնք ալ հպարտ էին։ Ամէն ամառ, անոնք զիս կը սպասէին հոն հասնիմ եւ իրենց հետ միասին երգեմ։ 1935-ին, միասին առի Պաթիին, փոքր եղբօրս եւ դաշնակահար Ռովերթաքին։ Քսան տարի յետոյ դարձեալ գտնուեցայ կղզին։ Ներկայացումներ ունեցանք ծովեզերեայ խանութի մը մէջ, ամբողջ ժողովուրդը հոն էր։ Ամէն գիշեր, խանութը լեցուն էր, հոն մնացի երկու ամիս։ Երգելու ժամանակ, միշտ գետին կը նայէի, չէի կրնար ժողովուրդին աչքերուն մէջ նայիլ, կ՚ամչնայի։ Պահու մը, նուագած ժամամակ, գլուխս վերցուցի եւ գեղեցիկ աղջիկ մը տեսայ։ Սեւ աչքեր ունէր։ Գլուխս դարձեալ չվերցուցի, միայն գիշերը կը մտածէի անոր, կը մտածէի... մատիտը առի եւ սկսայ հապճեպ գրել.

«Բռնկում մը, հուր մը,

Սրտիս մէջ ունիմ,

Կարծես զիս կախարդած ես՝

Անուշիկ Ֆրակոսիրիանի»

Ոչ ես գիտեմ իր անունը, ոչ ալ ան գիտէ, որ իր մասին գրուած է այս երգը։ Երբ Փիրէա վերադարձայ, յօրինեցի Ֆրակոսիրիանին»։

Ամուսնութիւնները

Խմբագրել

Մարքոիս Վամվաքարիս անբախտ եղաւ իր ամուսնութեան մէջ Էլենի Մաւրուտիի հետ. ամուսնալուծումը չուշացաւ։ Սակայն, նոյնիսկ ամուսնալուծումէն ետք «Զիկոալա»-ն նիւթական պահանջներ ունեցաւ։ Խուսափելու համար իր երգերու իրաւունքներու բռնագրաւումէն դատական հակամարտութեան պատճառով, սկսաւ գործածել իր մեծ հօր ծածկանունը՝ «Ռոքոս», մինչ շարք մը իր երգերէն գրանցուած են իր բարեկամներու անուններով՝ Սփիրոս Փերիսթերիս, Ֆոթիտաս, Փակալաքիս, Մինոս Մացաս եւ ուրիշներ։ Այսպէս, ան կարողացաւ իր հարկային եկամուտը նուազեցնել տալ, որպէսզի իր նախորդ կինը գումար չստանայ (այս պատմութեան շուրջ ան գրեց ինքնակենսագրական երգեր, ինչպէս՝ «Ամուսնալուծումը», Ատեն մը ես ալ էի», եւ այլն։

Մեթաքսասի ժամանակաշրջանը

Խմբագրել

1937-ին, կը համակերպի Մեթաքսասի բռնատիրական վարչակարգի գրաքննութեան եւ իր երգերէն դուրս կը ձգէ այն ժամանակի թմրամոլներու համար երգերու ձեւը, իրողութիւն մը՝ որ աւելի ուշ ան բնորոշեց որպէս ստեղծագործական շրջադարձ։ Մարքոս Վամվաքարիս այն ժամանակ այդքան լսուած էր, որ անգամ մը Թեսաղոնիկէ գտնուելով եւ համերգ տալով քաղաքի Սպիտակ Բերդին առջեւ, 50.000 անձ հաւաքուեցաւ։ «1912» անունով երգին մէջ ան կը գովաբանէ Սելանիկը, մինչդեռ զարմանալիօրէն երբեք չէր երգած Փիրէային համար, հոն ուր կ՚ապրէր եւ կը ստեղծագործէր։ Յոյն-իտալական պատերազմին ժամանակ, կը ներկայացնէր իր սեփական եւ Սփիրօ Փերիսթերիի երգերը, որոնց բառերը բարեփոխուած էին պատերազմի հերոսութեան մասին («Բարեւ՝ մեր զինուորներ», «Պենիթոյի երազը» եւ այլն)։

Գերմանական գրաւումը

Խմբագրել

Գերմանական գրաւումին ժամանակ, մահացան յունական ժողովրդային եւ ռեպեթիքօ երաժշտութեան մեծ թիւով արուեստագէտներ (Փանաեոթիս Թունտաս, Քոսթաս Սքարվելիս, Եովան Չաուշ, Վակելիս Փափազօղլու, իր ամենամօտիկ գործընկերը՝ Անեսթիս Տելիաս, եւ այլն)։ Մարկոս Վամվաքարիս կարողացաւ վերապրիլ այն դժուար տարիները եւ 1942-ին իր երկրորդ ամուսնութիւնը կնքեց Եւակելիա Վերղիուին հետ։ Ունեցան հինգ զաւակ (երկուքը մահացան, իսկ մնացեալ երեքէն՝ Վասիլիս, Սթելիոս եւ Տոմենիքոս, երկու վերջինները անուանի երգիչներ դարձան)։

Պատերազմէն յետոյ «երկրորդ յաջողութիւնը»

Խմբագրել

Վերը նշուած երաժիշտներու մահը ազդեցութիւն ունեցաւ Վամվաքարիսի երաժշտական կեանքին վրայ։ Յունաստանի ազատագրումէն ետք, 1948-1959 ժամանակաշրջանին, ան դժուար պահեր ապրեցաւ, որովհետեւ ժողովրդային երաժշտութեան բնագաւառը, որ արդէն անցած էր այն մարդոց ձեռքը, որոնց Վամվաքարիս օգնած էր անցեալին, ապերախտ գտնուեցաւ պուզուքիի յառաջադէմ վարպետին հանդէպ, որ այլեւս սկսած էր «ժամանակավրէպ» նկատուիլ։ Փորձ եղաւ այլափոխել յունական ժողովրդային երաժշտութեան դիմագիծը, ներմուծելով երաժշտական ձեւեր Հնդկաստանէն ու Արեւելքի երկիրներէն։ Ձայնագրութեան ընկերութիւնները կը դադրին Վամվաքարիսը հրաւիրելէ, իսկ երաժշտական խանութները կը մերժեն գործակցիլ անոր հետ։ Առողջական լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ (ձեռքի մատերու յօդախտութիւն), միաժամանակ տնտեսական տագնապը զինք կը չարչարէ, մինչ կը նզովուի կաթոլիկ եկեղեցիէն, որովհետեւ երկրորդ անգամ ըլլալով կատարած էր ուղղափառ ամուսնութիւն (նզովումը վերացաւ 1966-ին)։

Մարքոս Վամվաքարիս կարողացաւ վերապրիլ եւ իր հիւանդութենէն ազատիլ։ 1954-ին այցելեց Սիրօ կղզին, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ ուրախութեամբ. հոն մնաց մէկ տարի։

 
Մարքօ Վամվաքարիսի արձանը, Սիրոյի մէջ

1950-ական տարիներուն վերջաւորութեան, երաժիշտ Ցիցանիսի նախաձեռնութեամբ, «Գոլումպիա» երաժշտական ընկերութիւնը որոշեց Վամվաքարիսի հին եւ նոր երգերը տրամադրել, երգուած իր կամ ուրիշ երգիչներէ՝Ղրիղորիս Պիթիքոցիս, Քեթի Կրէյ, Անճելա Կրեքա եւ այլն։ 1960-ին ծայր կ՚առնէ, ինչպէս որ ան կը կոչէ, իր «երկրորդ յաջողութիւնը»։

Մարքոս Վամվաքարիս մահացաւ Քոքինիա իր տան մէջ՝ 8 Փետրուար 1972-ին, երբ տակաւին 67 տարեկան էր։ Մահուան պատճառը երիկամունքի անբաւարարութիւնն էր, որ յառաջ եկած էր շաքարախտի հիւանդութենէն։ Յաջորդ օրը թաղուեցաւ Աթէնքի երրորդ գերեզմանատունը՝ Նիքէայի մէջ։ Անոր զաւակը՝ Տոմենիքոս, հեռատեսիլի ծանօթ յայտագիրի մը ընթացքին յայտնած էր, թէ ընտանիքը ստիպուեցաւ վարկ ստանալ, փակելու համար թաղման ծախսերը։

Ձայնագրութիւններ

Խմբագրել

Վամվաքարիսի ձայնագրած երգերը 200-է աւելի են։ Անոնց մեծ մասը ձայնագրուեաւ 1933-էն մինչեւ 1956, 78 շրջանակի սկաւառակներու վրայ։ 1932-էն մինչեւ 1960 ձայնագրեց իր յօրինած 149 երգեր, առաւել մօտ 200 երգեր (131 սեփական, 89 այլ յօրինողներու), որոնց շարքին էին Սփիրոս Փերիսթերիսի յօրինումները (30 երգ), Վասիլիս Ցիցանիսի (24 երգ), Ափոսթոլոս Խածիխրիսթոսի (7 երգ) եւ այլոց։

[3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել