Մարօ Մակարեան (1872, Դերբենդ, Դաղստանի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն - 2 Դեկտեմբեր 1896(1896-12-02)), եղած է Դաշնակցական ղեկավար գործիչ եւ ուսուցիչ։ Ան երկար տարիներով ծառայութիւն կը բերէ յեղափոխական շարժումին զէնքերու փոխադրութեան գործերով զբաղելով։

Մարօ Մակարեան
Ծնած է 1872
Ծննդավայր Դերբենդ, Դաղստանի մարզ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 2 Դեկտեմբեր 1896(1896-12-02)
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Մարիամ Մակարեան, յեղափոխական ծածկանունով՝ Մարօ ծնած է 1872-ին Դերբենտի մէջ։ Փոքր տարիքէն կը կորսնցնէ իր ծնողքը եւ իր եղբայրներուն խնամքին տակ կը մեծնայ։ Նախնական ուսումը կը ստանայ տեղական Գիմնազիային մէջ եւ փոքր տարիքէն կը մասնակցի հայրենասիրական խմբակներու ու կը սկսի տարուիլ հայրենիքի հարցերով։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան թուականէն՝ ան շարքերը կ՚անցնի եւ կը սկսի կուսակցութեան ծաւալուն աշխատանքներուն մասնակցիլ։

1894-ին կ՚երթայ Թաւրիզ իբր ուսուցչուհի։ Հոս՝ Մարօ կը սկսի օգնել զէնք փոխադրելու աշխատանքներուն։ Ան նաեւ իր տունը կը տրամադրէ այդ ընկերներուն, որոնք պէտք է ապաստանուէին կառավարութենէն։

Հայուհեաց Բարեգործական Ընկերութեան կարի արհեստանոցին մէջ աշխատելով չափահաս աղջիկներու կարի եւ նուրբ ասեղնագործութիւններ կը սորվեցնէր։ Ան նոյն ժամանակ խումբեր կը կազմէր այս աղջիկներուն հետ եւ «Դրօշակ» թերթը ծայրէ ծայր կը կարդար ու կը բացատրէր արծարծուած մտքերը, որպէսզի հայրենասիրութեան եւ յեղափոխական գաղափարականութեան սերմերը ցանէր իրենց հոգիներուն մէջ։

Զէնքերու փոխադրութեան գործով զբաղած ժամանակ, Մարօ կը ծանօթանայ զէնքի արհեստանոցին հիմնադիր Արիստակէս Զօրեանին (յեղափոխական անուն՝ Կարօ) (ՀՅԴ հիմնադիր Ռոստոմի եղբայրը)։ Անոնք կը սիրահարուին իրարու։

1896-ին, Թիֆլիսի մէջ գումարուած ժողովին որոշուեցաւ կազմակերպել Խանասորի Արշաւանքը։ Կարօ դէմ էր այս որոշումին։ Մարօ կարծելով թէ իրենց սէրն է Կարոյի դժկամութեան պատճառը կ՚ունենայ հոգեկան տագնապ։ Մարօ Խանասորի Արշաւանքի նախապատրաստական աշխատանքներուն համար կ՚անցնի Սալմասկտ եւ կը պատրաստէ ստեղծնագործ դրօշակ մը, որուն վրայ մասնակցողները իրենց երդումը պիտի ընէին։

2 Դեկտեմբեր 1896-ին ընկերներ Մարոյին անձնասպան գտան իր սենեակին մէջ։ Սենեակին մէջ նաեւ կը գտնուի նամակ մը (առանց հասցէի), ուր կը խրատէր Կարոյին որ մասնակցի Խանասորի Արշաւանքին, առանց իրենց սէրը պատճառ բռնելով։

Աղբիւրներ

Խմբագրել