Մենք ենք, մեր սարերը (ժապաւէն)

«Մենք ենք, մեր սարերը», հայկական գեղարուեստական ժապաւէններէն, 1969։

Մենք ենք, մեր սարերը (ժապաւէն)
Բեմադրիչ Հենրիկ Մալեան
Երաժշտութիւն Տիգրան Մանսուրեան
Արտադրող
ընկերութիւններ
Հայֆիլմ
Երկիր Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն
Լեզու Արեւելահայերէն

Ժպաիէնը նկարահանուած է Հրանտ Մաթեւոսեանի համանուն ստեղծագործութեան հիման վրայ, ուր ներկայացուած է հայկական հին գիւղի շունչն ու առանձնայատկութիւնը, գիւղացիին միամտութիւնը եւ սրամտութիւնը, ազնուութիւնն ու աշխատասիրութիւնը։

Նիւթ Խմբագրել

Իշխանի հօտին մէջ անծանօթ ոչխարներ կը յայտնուին, ան երեկոյեան աշխատանքէն յոգնած հովիւներուն ու հնձուորներուն կ'առաջարկէ մորթել ոչխարները: Առանց երկար-բարակ մտածելու, ընկերովի կը մորթեն ու խորոված կը պատրաստեն: Ուտելու պահուն կը յայտնուի Ռեւազը ու կը միանայ անոնց կերուխումին: Այնուհետեւ կը յիշէ, որ ոչխար կորսնցուցած է ու կը հարցնէ, թէ անծանօթ ոչխարներ տեսա՞ծ են արդեօք: Իշխանը ու ընկերները կը հասկանան, որ իրենց մորթածը Ռեւազին ոչխարներն էին:

Ռեւազին կինն ալ ոստիկանութեան կը դիմէ: Սակայն գիւղ գործուղղուած քննիչը շուտով կը հասկանայ, որ եղածը դիտաւորեալ գողութիւն չէ, ու կը փորձէ քանդել պատմութեան կծիկը:

Դերեր Խմբագրել

Ժապաւէնին դերերը մարմնաւորած են հանճարեղ դերասաններ․

Երաժշտութեան հեղինակը Տիգրան Մանսուրեանն է[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Հայկական Ժապաւէնները` Որպէս Ժառանգութիւն»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2016-05-13։ արտագրուած է՝ 2022-02-09