Մխիթար Սպարապետ

Մխիթար Սպարապետ (17-րդ դարու վերջըոչ վաղ քան 1680, Գանձակ[1] - 1727[1], Խնձորեսկ, Հայաստան[1]), Սիւնիքի ազատագրական պայքարի ղեկավար, ծնած է ԺԷ. դարու վերջին, Գանձակ։ Մահացած է 1730-ին, Խնձորեսկ գիւղին մէջ (Հայաստանի Սիւնիքի մարզ

Մխիթար Սպարապետ
Ծնած է ոչ վաղ քան 1680
Ծննդավայր Գանձակ
Մահացած է 1727[1]
Մահուան վայր Խնձորեսկ, Հայաստան[1]
Մասնագիտութիւն զինուորական

Մխիթար Սպարապետ Դաւիթ Բէկի մահէն (1728) ետք ստանձնած էր Կապանի զինուորական հրամանատարութիւնը: Բայց շուտով ներքին գժտութիւններ կը սկսին եւ Տէր Աւետիս ինք կ'ուզէ տէր դառնալ Դաւիթ Բէկի ժառանգութեան: Գժտութիւններու պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ Մխիթար Սպարապետ տեղացի չէր, այլ գանձակեցի:

Հայ զօրականներու միջեւ գժտութիւններէն կ'օգտուին թուրքերը: Օսմանեան բանակը լայնածաւալ յարձակման կ'անցնի եւ կը պաշարէ Հալիձորը:

Տէր Աւետիս կը նախընտրէ բանակցիլ: Թուրքերը կ'ըսեն, որ անձնատուր ըլլալու պարագային ոեւէ մէկուն վտանգ չի սպառնար: Տէր Աւետիս եւ համախոհները համաձայն կը գտնուին:

Մխիթար Սպարապետ, ի տես Տէր Աւետիսի դաւաճանական քայլին, իր ընտանիքին հետ գիշերով կը հեռանայ բերդէն:

Առաւօտուն թուրքեր կը մտնեն բերդէն ներս, կը կոտորեն բոլոր տղամարդիկը, իսկ կիներն ու երեխաները գերի կը վերցնեն: Թշնամին կը մտնէ նաեւ կուսանոց եւ գերի կը տանի բոլոր կոյսերը:

Մխիթար Սպարապետ կրկին կը սկսի զօրք հաւաքել եւ տարբեր վայրերու մէջ յարձակումներ գործելով կը կոտորէ թշնամին եւ վրէժ կը լուծէ: Ան կը հասնի մինչեւ Օրդուբադ եւ հոնկէ կը վերադառնայ մեծ աւարով` աւելի քան 160 ուղտաբեռ:

Այնուհետեւ ան կը մեկնի Խնձորեսկ, ուր դաւադրաբար կը սպաննուի 1730-ին, մելիք Բարխուդարի ապարանքին մէջ: Դաւաճաններ սպարապետին դիակը կը գլխատեն եւ գլուխը կը տանին Թաւրիզ` Ապտուլլահ փաշային:

Փաշան, սաստիկ զայրացած, կ'ըսէ. «Ո՛վ անօրէններ ու ամբարիշտներ, ինչպէ՞ս համարձակեցանք սպաննել ձեր տէրը, այսպիսի քաջ տղամարդը»:

Դաւաճաններուն ետեւէն Թաւրիզ կը հասնի մելիք Բարխուդարի աղջիկը` Գոհարը եւ օսմանցի փաշայէն կը խնդրէ Մխիթարին գլուխը: Փաշան մեծ գլխագին նշանակած էր Մխիթարին գլխուն համար, բայց յարգելով Գոհարին զգացումները եւ քաջութիւնը, անոր կը յանձնէ գլուխը եւ դաւաճանները: Վերադարձին Գոհար Արաքսի Խուդափերին կամուրջին վրայ ծանր քար մը կը կապէ եղբօր եւ միւս դաւաճաններուն վիզերէն եւ գետը կը նետէ: Այլ աւանդութիւն մը կ'ըսէ, որ Ապտուլլահ փաշայի հրամանով կը գլխատուին բոլոր անոնք, որոնք տարած էին Մխիթարին գլուխը: Մխիթար Սպարապետին մարմինը թաղուած է Խնձորեսկի Անապատ եկեղեցւոյ բակին մէջ. անկէ քիչ մը հեռու Գոհարին գերեզմանն է:

Այս է տապան ի հանգիստեան, Իջեալ մարմնով ի գերեզման, Սայ Մխիթար Մեծ անուան, Սորա օնէր իշխանութեան Սայ բէմուրատ գնաց ջիւան, Որ էր երկրէն սայ Կանճուով էր, Նահատակուեցան թուական ՌՃՀԶ։ (Միջին հայերէն, բարբառախառն) «Սա է մարմնով գերեզման իջածի հանգստեան տապանը։ Անոր անունն է Մեծ Մխիթար։ Ան ունէր իշխանութիւն, բայց նպատակին չհասած՝ գնաց ջահել։ Ան Գանձակ երկիրէն էր։ Նահատակուեցաւ։ ՌՃՀԶ:թուական (Աշխարհաբար)։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Ստեփանոս Շահումեան «Ընտիր պատմութեան Դաւիթ Բէկին․․․»:
  • «Հայ ժողովրդի պատմութիւն», ՀԳԱ ակադեմիայի հրատ., հատ. Դ., Եր.,1972
  • Կնիազեան Հ., Ազատագրական պայքարը Դաւիթ Բէկի գլխաւորութեամբ, Եր.,1963
  • Դաւիթ Բէկ կամ պատմութիւն Ղափանցոց», թարգմ.՝ Ա. Մադոեան, Եր., 1992
  • Կնիազեան Հ., նշվ. աշխ., էջ 120-125
  • «Հայ ժողովրդի պատմութիւն», հատոր Դ., էջ 170
  • Չամչեանց Մ., Հայոց պատմութիւն, հ. Գ, Եր., 1984, Էջ 797
  • Թելունց Մ., Հայ իրաւաքաղաքական. պետաիրաւական միտքը Հայաստանի ազատագրական ծրագրերում։ Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրական պայքարը 1722-1730 եւ հայկական պետականութեան վերականգման ջանքերը, Եր., 2003, էջ 17։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 634.