Մկրտիչ Աղաւնունի
Մկրտիչ Ս. Արք. Աղաւնունի (1863, Bahçecik, Օխու, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա - 24 Օգոստոս 1941, Երուսաղէմ, Միացեալ Թագաւորութիւն[1]), պատրիարքական փոխանորդ Ս. Աթոռոյ:
Մկրտիչ Աղաւնունի | |
---|---|
Ծնած է | 1863 |
Ծննդավայր | Bahçecik, Օխու, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա |
Մահացած է | 24 Օգոստոս 1941 |
Մահուան վայր | Երուսաղէմ, Միացեալ Թագաւորութիւն |
Կեանք եւ գործունէութիւն
ԽմբագրելԾնած է Պարտիզակ: Աշակերտած է տեղւոյն Ներսիսեան վարժարանը, Եղիշէ Դուրեան Վարդապետի տեսչութեան օրով, յետոյ կրօնի եւ թրքերէնի օգնական ուսուցիչ եղած է նոյն վարժարանին մէջ:
Սարկաւագութեան ընթացքին, ուսուցիչ եղած է Ատափազար եւ Նիկոմիդիա, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ Նիկոմիդիոյ, վերաշինել տուած է Չէնկիլէրի Ս. Մինաս եկեղեցին, ժողովրդային նպաստներով: Եղած է առաջնորդ Քէօթահիայի եւ Աֆիոն-Գարահիսարի (1895-1905), իր այս պաշտօնավարութեան ընթացքին կառուցանել տուած է Էսքիշէհիրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին եւ օծումը կատարած:
1905-1912 թուականներու միջեւ եղած է Եգիպտոսի առաջնորդ:
1910 թուականին եպիսկոպոս ձեռնադրուելէն ետք, կը հրաժարի Եգիպտոսի առաջնորդութենէն եւ Պոլիս վերադառնալով, անդամ ընտրուած է Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին:
1012-1914 թուականներուն քննիչ նշանակուած է Պանտըրմայի ընտրական գործոց եւ վարած է Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ քարոզչութիւնը:
Պատերազմի ընթացքին, 1916 թուականին, ընդհանուր ուրիշ վեց եկեղեցականներու հետ, Պոլիսէն կը տարագրուի Ս. Յակոբայ վանքը: 1921 թուականին Միաբանական ժողովի որոշմամբ, միաբան ընտրուած է, նախագահած է Դուրեան պատրիարքը ընտրող Միաբանական ընդհանուր ժողովին, եւ Ս. Յակոբայ եկեղեցւոյ մէջ Դուրեանի գահակալութեան առթիւ անոր կը մատուցանէ պատրիարքական ասան, եւ յանուն Միաբանական ընդհանուր ժողովի, ուղերձով կը շնորհաւորէ նորընտիր պատրիարքը:
1921-էն մինչեւ իր մահը վարած է պատրիարքական փոխանորդի պաշտօն, անդամակցելով նոյն ատեն Տնօրէն ժողովի:
1920-1933 թուականներուն դասախօսած է Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ՝ կրօնագիտական, եկեղեցակագիտական, բարոյագիտական եւ պատմական նիւթերու շուրջ: Իր յօդուածները սովորաբար տպագրուած են «Սիոն»ի մէջ[2]:
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելՀրատարակուած է․
- «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ Երկրին մէջ» գիրքը, 1931, Երուսաղէմ,
- «Միաբանք եւ այցելուք հայ Երուսաղէմի», 1929,
- «Սուրբ Երկրին սրբավայրերու աւանդութիւնները», 1936, ։
Ունի նաեւ անտիպ գործեր, որոնք նոյնպէս, խորագիրներէն դատելով, հայագիտական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ են[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Յաւերժական Երուսաղէմ – 6. Մկրտիչ Եպս. Աղաւնունիի Աղաւնետունը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-07-02
- ↑ 2,0 2,1 «ՄԿՐՏԻՉ ԱՂԱՒՆՈՒՆԻ ԵՒ ԻՐ ԳՈՐԾԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-07-02