Մուհալ (Եուսէֆ Զէյտան)


Մուհալ (Արաբերէն՝ محال) Եգիպտացի վիպասան, իմաստասէր (փիլիսոփայ), Արաբագէտ, Իսլամագէտ, հրապարակախօս, յօդուածագիր, ուսուցչապետ (փրոֆէսօր), դասախօս Եուսէֆ Զէյտան-ի {«Մուհալ», «Կուանթանամո», «Նուր»} եռաբանութեան առաջին վէպն է։[1]

Մուհալ
Հեղինակ Եուսէֆ Զիտան
Երկիր Եգիպտոս
Լեզու Արաբերէն
Հրատարակող Ալ-Շուրուք հրատարակչատուն / دار الشروق
Հրատարակչական թուական
2012
Գիրքի տեսակ Վէպ, վիպասանութիւն
Էջ 244

Այս Վէպին հերոսը անմեղ եւ կրօնասէր Սուտանցի-Եգիպտացի երիտասարդ մըն է, որ զբօսաշրջիկներու ուղեցոյց կ՚աշխատի Ալ-Ուքսոր (Արաբերէն՝ الأُقصر, Անգլերէն՝ Luxor) եւ Ասուան քաղաքներուն մէջ։ Անոր երազներուն ծայրագոյն սահմանը Նուպիացի (Նուպիացիներ՝ Եգիպտոսի հարաւը բնակող Նեղոսա-սահարական ցեղ մը, Անգլերէն՝ Nubian, Արաբերէն՝ النوبيون) գեղեցիկ աղջկայ մը հետ ամուսնանալն ու Վայելուչ եւ զուարթ կեանք մը ապրիլն էր։ Սակայն իր անդորրաւէտ եւ ձանձրալի ապրելակերպը գլխիվայր կը շրջուի, երբ Ի (20-րդ) դարու ինիսունականներուն, Սուտանի մէջ կը հանդիպի «Ուսամա Պին-Լատէն»-ին հետ։[2]

Վէպը գրաւիչ է իր արագընթաց «ամանակ»-ով եւ արշաւասոյր ընթացքով, կարդացողը դէպքերու շարայարութեան ընթացքին հերոսի ճակատագիրին Եգիպտոսի Ալ-Ուքսոր քաղաքէն, Պարսից Ծոցի Արաբական երկիրները, մինչեւ Ուզպեքիստան եւ Աֆղանիստան առյապա (ապա) Կուանթանամո արգելանոցը (կալանաւորները պահելու շէնք)։ «Եուսէֆ Զէյտան»-ի բանաստեղծական լեզուն ընթերցիչին մարդկային իւրայատուկ փորձառութիւն մը ապրիլ կու տայ, ուր իրականութիւնը կը միախառնուի երաւակայութեան հետ, եւ ընթերցողը հերոսին հետ կը սաւառնի աշխարհին եւ վերջինիս (hերոսին) հոգւոյն թաքուն խորշերը բաց յայտնելու ճանապարհորդութեան մէջ։[2]

Եռաբանութիւնը

Խմբագրել

Եուսէֆ Զիտանը կը խօսի իր եռաբանութեան (Արաբերէն՝ ثلاثيّة), (Անգլերէն՝ Trilogy) մասին, արուեստական եւ գրական պատճառներուն մասին որոնք մղեցին իրեն որ եռաբանութեան ձեւով գրէ այս վէպերը ու կ՚ըսէ․ «Գրական ստեղծագործութեանց ձեւը, այն գործիքներէն մէկն է, զոր կը գործածէ հեղինակը, որպէսզի աւանդէ յարմար բնագիր մը, այն ինչով որ կ՚ուզէ ըսել։ Ոչ միայն վիպական քերթողութեան մէջ, այլ մնացած բոլոր ստեղծագործական ձեւերուն եւ գրական գործերուն մէջ»։ Եուսէֆ Զէյտանի եռաբանութեան մէջ չկան իրար յաջորդող սերունդներ, ոչ ալ ընթարձակ ժամանակաշրջան մը, այլ անոր դէպքերը կը տարածուին ինիսուկաններու սկիզբէն մինչեւ այժմու հազարամեակի (ԻԱ /21-րդ դար) սկիզբները։[3]

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Goodreads-Կուտրիտզ / نور - Նուր / Եուսէֆ Զէյտան/يوسف زيدان goodreads.com
  2. 2,0 2,1 Goodreads-Կուտրիտզ / محال - Մուհալ / Եուսէֆ Զէյտան/يوسف زيدان goodreads.com
  3. أقلام الهند - Աքլամ Ալ-Հինտ يوسف زيدان وثلاثيته: دراسة تحليلية - Եուսէֆ Զէյտանն ու իր Եռաբանութիւնը՝ Վերլուծական Ուսումնասիրութիւն محمّد شفيع الزمان - Մուհամմատ Շաֆիի Ուլ-Զաման