Մումթազ Մահալ

(Վերայղուած է Մումթազ իշխանուհի-էն)

Մումթազ Մահալ կամ Մումթազ Իշխանուհին՝ կայսրի consort-ը, 27 Ապրիլ 1593(1593-04-27), Ակրա, Մուղալական Կայսրութիւն - 17 Յունիս 1631(1631-06-17)[1], Պուրհանփուր, Մուղալական Կայսրութիւն), օրիորդական անունը Արճումանտ Պանու Պեկամ։ Շահ Ճահանի սիրելի կինը, որ հայկական ծագում ունէր։ Հայազգի Ասաֆ խանի դուստրն էր։ Մումթազի հայրը եղած էր յայտնի պաշտօնեայ մը արքունիքին մէջ։ Մումթազ անունը անոր տուած էր Շահ Ճահանի հայրը՝ Ճահանկիրը ու կը նշանակէր «պալատի զարդ»։

Մումթազ Մահալ
Ծնած է 27 Ապրիլ 1593(1593-04-27)
Ծննդավայր Ակրա, Մուղալական Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Յունիս 1631(1631-06-17)[1] (38 տարեկանին)
Մահուան վայր Պուրհանփուր, Մուղալական Կայսրութիւն
Կրօնք Շիա Իսլամ
Մասնագիտութիւն թագաւորական ամուսին
Վարած պաշտօններ իշխող կայսրի կին?
Ամուսին Շահ Ճահան
Ծնողներ հայր՝ Abul-Hasan ibn Mirza Ghiyas Beg?
Երեխաներ Աուրենգզեբ?, Dara Shikoh?, Murad Bakhsh?, Shah Shuja?, Jahanara Begum?, Roshanara Begum? եւ Gauhar Ara Begum?

Արճումանտը կ'ամուսնանայ կայսր Շահ Ճահանի հետ 10 Մայիս 1612-ին, 19 տարեկան հասակին։ Ան ծնունդ տուած է 13 զաւակներու։ 14-րդ զաւակի ծննդաբերութեան ժամանակ Մումթազ մահացած է ամուսնոյն ռազմական ճամբարին մէջ, Շահ Ճահանի վրանին մէջ։

Կնոջ մահէն ետք Շահ Ճահանը կը հրամայէ կառուցել մարմարէ մեծ դամբարան Ակրա քաղաքին մէջ։ Շինարարութիւնը կը տեւէ 22 տարի ծանօթ իբր Թաժ Մահալ՝ որ կը նշանակէ «Հնդկաստանի թագը»։

Հայկական ծագումը

Խմբագրել

Սերկէյ Աւագեան իր «Նշանաւոր Հայուհիներ» գիրքին մէջ կը նշէ, որ Մումթազ Մահալը (Հեղինէ) ծնած է 1593 թուականին հնդկական արքունիքի հայազգի պաշտօնեայ Ասաֆ խանի ընտանիքին մէջ։ 1612-ին գահաժառանգ Խուրամի խան կ'ամուսնանայ անոր հետ: 1627 թուականին գահաժառանգ Խուրամի խանը կը դառնայ Հնդկաստանի թագաւոր: Թագադրութենէն ետք Խուրամի խանը կ'անուանափոխուի եւ կը կոչուի Շահ Ճահան:

Աշխարհագրագէտ Կամսար Աւետիսեան իր գիրքին մէջ գրած է, որ 1630 թուականին Մումթազ Մահալ կ'ուղեկցի թագաւոր ամուսնոյն պատերազմի մէջ եւ ռազմի դաշտին վրայ կը հիւանդանայ: Բժիշկները անկարող կ'ըլլան փրկելու անոր կեանքը: Մահամերձ վիճակի մէջ ան ամուսինէն կը խնդրէ իր գերեզմանին վրայ կառուցել տաճար:

Հնդկաստանի հայ թագուհի Մումթազ Մահալ իր մահկանացուն կը կնքէ 38 տարեկանին, 1631 թուականին, Հնդկաստանի Պուրհան Նուրէ բնակավայրին մէջ, ուր հողին կը յանձնուի: Սակայն, քիչ ժամանակ ետք անոր աճիւնը կը տեղափոխուի Ագրա եւ հողին կը յանձնուի` Ճամնա գետի ափին: Այստեղ թագաւոր ամուսինը՝ Շահ Ճահանը իր սիրեցեալ թագուհիին գերեզմանին վրայ կը կառուցէ (1630-1652) աշխարհահռչակ մզկիթ-դամբարանը` Թաժ Մահալը[2]:

Ժապաւէն

Խմբագրել

Թաժ Մահալ. հայուհին` Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի ժապաւէնը (անգլերէն՝ Taj Mahal: The Armenian Woman and the Symbol of India), վաւերագրական ժապաւէն մը, որ կը պատմէ՝ միջնադարուն, Հնդկաստանի մէջ ձեւաւորուած հայկական գաղութին մասին: Ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 8 Մարտ 2015 թուականին: Ժապաւէնը նկարահանուած է Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող՝ Սեմ (Սարգիս) Մակարեանի եւ Արա Ազատեանի աջակցութեամբ[3]: Ժապաւէնը «Հայկական Չափանիշ» ընկերութեան կողմէ իրականացուած «Անծանօթ հայեր» շարքին մէկ մասն է, ուր մանրամասնօրէն կը ներկայացուի Հնդկաստանի մէջ բնակող հայերու պատմութիւնը: Վաւերագրական այս ժապաւէնը կ'անդրադառնայ Հնդկաստանի՝ Ակրա քաղաքին մէջ գտնուող, աշխարհահռչակ Թաժ Մահալի տաճարին, որ ըստ կարգ մը պատմական աղբիւրներու, Հնդկաստանի Շահ Ճահան արքան իր կնոջ՝ Մումթազ Մահալի յիշատակին կառուցած է[4]:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել