Մուսա Լերան Հերոսամարտ

Մուսա Լերան Հերոսամարտ, Մուսա լերան շրջակայքը գտնուող հայկական գիւղերու բնակիչներու 53 օրեայ ինքնապաշպանութիւն՝ թրքական կանոնաւոր եւ անկանոն ուժերու դէմ։

Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձան (Մուսալեռ)

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Հայ խաղաղ բնակչութեան կոտորածները Հայոց Ցեղասպանութեան մաս կազմած էին։ Սակայն, Մուսա լերան գիւղերուն հայ բնակչութիւնը, կանխազգալով մօտալուտ վտանգը բարձրացաւ Մուսա լեռ եւ սկսաւ ինքնապաշպանութիւնը, որ տեւեց 21 Յուլիս 1915էն, 12 Սեպտեմբեր[1]։ Վերջ ի վերջոյ ֆրանսական եւ անգլիական նաւերը տեսնելով ինքնապաշտպանուող կողմին «Քրիստոնեաները վտանգի մէջ են» գրութիւնը, օգնութեան եկան ու տեղափոխեցին ինքպաշտպանուող 4,231 հայեր Եգիպտոս: Յետագային շատերը մտան ֆրանսական հայկական լեգէոնի կազմին մէջ։ Ոգեշնչուած եւ տպաւորուած այս իրադարձութիւններով աւստրիացի գրող «Ֆրանց Վերֆէլ», 1933-ին գրեց «Մուսա Լերան 40 օրերը» ստեղծագործութիւնը։

Սկզբնական դէպքեր

Խմբագրել

Մուսա լերան մօտ կային 6 հայկական գիւղեր՝ Կեպուսիէ, Վաքըֆ, Խտրպէկ, Եողունօլուք, Հաճի Հապիպլի, Պիթիաս, որոնց աւելի քան վեց հազար բնակիչները կը զբաղէին երկրագործութեամբ, շերամապահութեամբ, մեղուաբուծութեամբ: Ունէին իրենց դպրոցներն ու եկեղեցիները։ Սուէտիա գիւղախմբի հայ բնակչութիւնը շրջապատուած էր իսլամներով։ Տեղւոյն բնակչութիւնը անձնուիրաբար տարած է թրքական լուծը, բայց երբե՛ք չէ խոնարհած անոր առջեւ։ 1885 թուականին Սուէտիայի հայութիւնը խիզախաբար մարտնչեցաւ յարձակող թուրքերուն դէմ եւ նոյնիսկ ժամանակաւորապէս՝ երեք տարիէն ձեռք բերաւ ինքնավարութիւն։ Սուէտահայութեան միւս խոշոր ելոյթը տեղի ունեցաւ 1909 թուականին՝ Ատանայի կոտորածի ժամանակ, երբ թուրք խուժանը փորձեց ջարդեր կազմակերպել Մուսա լերան մօտ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի սկսելէն ետք մեծ թիւով սուէտահայեր ենթարկուեցան օսմանեան զօրահաւաքին։ Դրութիւնը աւելի լարուեցաւ, երբ սկսաւ արեւմտահայութեան տեղահանութիւնն ու բռնագաղթը եւ սուէտիահայերը ականատես եղան Զէյթունի ծանր վիճակին։ Զէյթունի կաթողիկէ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տիգրան Անդրէասեանը, որ ի ծնէ եողունօլուքցի էր եւ հազիւ փրկուած էր բռնագաղթէն ու Յուլիս 1915-ին վերադարձած՝ իր գիւղը, մանրամասն պատմած էր Զեյթունի մէջ կատարուածի մասին։

Նախապատրաստում

Խմբագրել

26 Յուլիսին արձակուեցաւ Քեսապի հայութեան տեղահանութեան հրամանը, որ տագնապալից ազդանշան էր սուէտահայութեան համար եւ իրենցմէ պահանջուեցաւ փրկութեան ելք մը գտնել։ 29 Յուլիսին Եողունօլուքի մէջ տեղի ունեցաւ վեց հայկական գիւղերու ներկայացուցիչներու խորհրդակցութիւն, որ մեծամասնութեամբ որոշեց դիմել ինքնապաշտպանութեան եւ այն կազմակերպել Մուսա լերան վրայ։ Թէեւ զէնքը քիչ էր, բայց սուէտահայերը, առանց կուսակցական խտրութեան, նախընտրեցին դիմել անձնազոհ պայքարի, քան՝ յանձնուիլ թշնամիի ողորմածութեան։ Դժբախտաբար ոչ բոլորը ենթարկուեցան խորհրդակցութեան որոշումին։ Խումբ մը հոգեւորականներ եւ հարուստներ կը փորձէին համոզել, թէ փրկութիւնը միայն հպատակութեան մէջ է, թէ մեկուսացած սուէտիահայութիւնը հաւանաբար չգաղթէ եւ այլն։ Բայց արդէն 30 Յուլիսին Անտիոքի գայմագամ Մարուֆը հրամայած էր բոլոր հայերուն ձգել իրենց բնակավայրերն ու գաղթել։ Հայ «խոնարհեալները» ուշքի չեկան եւ կառչելով հրամանատար Մարուֆի տուած քանի մը կեղծ խոստումներուն (իբր թէ գաղթը պիտի ըլլայ ապահով ու խաղաղ, պետութիւնը կ'երաշխաւորէ աքսորեալներու կեանքն ու կայքը եւ այլն), գերադասեցին բռնել գաղթի ուղին։ Այդ գիծը կը վարէին յատկապէս Պիթիաս գիւղի քարոզիչ Նոխուտեանը, Քեբուսէի քահանաներ Մարկոսն ու Մաթէոսը, Սամսոն աղան եւ ուրիշներ։ Այդպիսի պառակտիչ վարքագիծի հետեւանքով ծայր առին անորոշութիւնն ու տատանումները եւ Սուէտիայի հայկական վեց գիւղերու բնակիչներուն մէկ մասը բռնեց կործանարար գաղթի ուղին, բայց մնացած մօտ հինգ հազար հոգին զէնքի դիմեց, բարձրացաւ Մուսա լեռ եւ մղեց անօրինակ հերոսամարտեր։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Մակիչ Արզումանեան, Հայաստան. 1917-1917, Երեւան, 1969:
  • Մհեր Կարապետեան, Հայաստանը 1912-1920 թուականներուն, երեւան, 2003:
  • Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, հատ. 8, Երեւան, 1982, էջ 84-86:
  • Հայ ժողովրդի Պատմութիւն, հատ. VI, ՀՍՍՀ ԳԱ հրտ., Երեւան, 1981, էջ 569-571:
  • Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան, հատ. 3, Երեւան, 1999, էջ 801-802:
  • Յուշամատեան Մուսա լերան, Պէյրութ, 1970, 877 էջ:
  • Տիգրան Անդրէասեան, Զէյթունի Անձնատուութիւնը եւ Սուէտիոյ Ինքնապաշտպանութիւնը 1915 թ., Գահիրէ, 1915, 68 էջ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. New Outlook, Հատոր 111 Խմբագրուած Ալֆրետ Էմանուէլ Դմիթի կողմէ, էջ.800

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել