Յակոբ Աբրահամեան

Յակոբ Աբրահամեան (1885, Քէօթահիա), արեւմտահայ բժիշկ, Պրուսայի նահանգի Կուտինա (Քէօթահիա) քաղաքին մէջ։

Յակոբ Աբրահամեան
Ծնած է 1885
Ծննդավայր Քէօթահիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի՝ սուրբ Էջմիածին ազգային վարժարանին մէջ, զոր աւարտած է 1901 թուականին։ Մի քանի տարի ուսանած է Էսքիշեհիրի Ֆրերներու դպրոցին մէջ։

1913 թուականին աւարտած է Կոստանդնուպոլիսոյ՝ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարանը։

1913 թուականին նշանակուած է Արաբկիրի թաղապետական բժիշկ։ Եղած է երիտասարդ, խոստումնալից, քաղաքի հայ եւ թուրք բնակչութենէն սիրուած ու յարգուած բժիշկ։ 1914 թուականին՝ Առաջին աշխարհամարտը սկսելէ ետք, իրեն ալ՝ շատերու պէս, շղթայակապ տարած են անանուն սպանդանոց։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։