Յակոբ Պապիկեան
Յակոբ Պապիկեան (23 Փետրուար 1856, Ադրիանապոլիս – 2 Օգոստոս 1909, Կ. Պոլիս), Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան։
Պապիկեան ուղիղ ու անաչառ նկարագրով երեսփոխան եղած է։ Ան խորհրդարանին կողմէ ղրկուած է Ատանա՝ 1909-ի ջարդերէն ետք, որուն հետեւանքով անաչառ տեղեկագիր մը պատրաստած է։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՅակոբ Պապիկեան ծնած է Ադրիանապոլիս։ Իր նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն թաղային Արշակունեաց վարժարանին մէջ, որմէ ետք ֆրանսական ուսումնարանէն շրջանաւարտ կ՛ըլլայ։ 1873–ին Սոֆիա մեկնած է՝ պետական պաշտօնով, երբ տակաւին այդ քաղաքը Օսմանեան կայսրութեան մաս կը կազմէր։
Ռուս-թրքական պատերազմին (1877), Պոսնիոյ Արտաքին Գործոց տեսչութեան օգնական նշանակուած է մինչեւ Աւստրիոյ առժամեայ տիրապետութեան հաստատումը։ Այնուհետեւ, 1879–ին վերադարձած է իր ծննդավայրը, ստանձնելով առեւտրական դատարանի առաջին քարտուղարութեան պաշտօնը։ 1881–ին իրաւագիտական ճիւղին հետեւելով, երկու տարի փաստաբանութեամբ զբաղած է եւ յետոյ Ադրիանապոլսոյ վերաքննիչ ատեանի անդամ նշանակուած է։ 1891–ին Պոլիս երթալով Մանիասի Զատէ Րէֆիք պէյի հետ ընկերովի փաստաբանական գործերով զբաղած է։ 1902-ին դարձեալ Ադրիանապոլիս մեկնած ու հոն պաշտօնավարած է մինչեւ 1908, երբ 68–ի վրայ 46 քուէով Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուած է Ռոտոսթոյի կողմէ։ Խորհրդարանին մէջ, ան Օսմանեան Սահմանադրութեան օրէնքին քննիչ յանձնաժողովի անդամ նշանակուած է։
Պապիկեան Միութիւն Եւ Յառաջղիմութիւն Կոմիտէին անդամ էր։ Ան մաս կազմած է Խորհրդարանին կողմէ ղրկուած յանձնախումբին՝ Ատանայի ու Հալէպի նահանգներու 1909-ի արիւնալի դէպքերը քննելու եւ հեղինակները երեւան հանելու նպատակով։
Մօտ երկու ամիս տեւող լուրջ քննութիւններէ ետք, ան վերադարձած է Պոլիս, ու թուրք մամուլին կատարած իր յայտարարութիւններով պատռած է դէպքերուն շուրջ տիրող մշուշոտ վիճակը, տեղւոյն Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն Կոմիտէի անդամներու մասնակցութիւնն ու մեղսակցութիւնը մատնանշելով։ Տեղեկագիրը հազիւ վերջացուցած էր, երբ մահը վրայ հասած է 2 Օգոստոս 1909-ին՝ սրտի կաթուածով։ Կարծիք կայ, որ կրնայ թունաւորուած ըլլալ։
Յուղարկութիւնը աննման շուքով տեղի ունեցած է Գում-Գափուի Մայր Եկեղեցիին մէջ 4 Օգոստոսին։ Շուրջ քսան հազար հոգինոց բազմութիւն մը մասնակցած է՝ ազգային սուգի խորունկ արտայայտութեամբ։ Բոլոր վաճառատունները փակ էին եւ պետական անձնաւորութիւններն ու դեսպանները ներկայ էին յուղարկաւորութեան։ Մարմինը ամփոփուած է Սան Սթեֆանոյի եկեղեցիին մէջ։
Դամբանականը
ԽմբագրելՊատրիարք Դուրեան Սրբազանի խօսած դամբանականը կը զետեղենք հոս, որով այնքան վճիտ կերպով ներկայացուած է՝ Պապիկեանի անկեղծ ու մաքուր նկարագիրը։
«Ազգովին զգածուած սուգի մը թախիծով կու գանք կը բոլորուինք այս դագաղին մօտ, ուր կը հանգչի ողբացեալ Յակոբ էֆ․ Պապիկեան։ Մեր յայտնի զոհերուն վրայ՝ իրմով կամաւոր զոհի մը թիւն աւելցուց այն օրէն, երբ իր ձեռքովն բանալ ուզեց մահահոտ տեսարանի մը արիւնլուայ վարագոյրը։ Օսմանեան Խորհրդարանին անդամակցելու աւագ պատիւին արժանացած ու իր պարտականութեան կատարումովն արիացած կեանքի մը յանկարծական այս կորուստը՝ իբրեւ ճրագի մը շիջուկ՝ մութի մը խարխափը կը բերէ մեր քայլերուն, այն ճամբուն վրայ՝ ուրկէ դժուարին էր անցնիլ առանց մոլորանքի։ Կայծէ մը աւելի, որ կը մոխրանայ եւ մոխիրէ մը աւելի՝ որ կը ցնդի, ի՞նչ կը մնայ իրմէ մեզի, սա պահուն երբ իր յիշատակը կը յարգենք։ Կորա՞ծ է արդեօք այն հոգին որ գիտակցութեան մը ամբողջ ուժովը լարուած, ներքին աշխարհի մը գեղեցիկ վկայութիւնն եղաւ մարդուն մէջ՝ որ արժանապէս ապրեցաւ։ Ո՛չ, կորսուած չէ բան մը․ ամէն ինչ կ՛ապրի իրմէ՝ ծածանելով մեր շուրջը։ Ինքը զաւակ համեստ ծնողքի, ժամանակին կրթութիւնն ու ուսումն առաւ եւ իր բնական օժտումներովը զարգացած անձ մըն էր։ Օրէնքի եւ սկզբունքի մարդն եղաւ իր էութեամբն ու պաշտօնովը․ անհատական իրաւունքներու պաշտպան հանդիսանալով՝ իր վրայ ցոյց տուած էր բարոյական մեծութեան մը դրօշմը, որով յանկուցած էր ծանօթներու եւ բարեկամներու ընդարձակ շրջանակի մը համակրանքն ու սէրը․ բայց օր մը կրնար մեռնիլ ասյպէս որ չգիտնայինք թէ զօրաւոր հոգի մը կ՛ապրէր իր մէջ։ Եւ ահա յանկարծ դէմք մը դարձաւ նա, ո՛չ թէ լեռներու բարձունքներէն իջնելով՝ ուր աստուածներու հետ երբեմն կը խօսէին մարդիկ, այլ աւերակներու ու դիակներու մէջէն մսակիզումի խանձը շնչելով ու տառապած կուրծքերու աղաղակովը ցնցուած՝ մեռելներու աշխարհէ մը դարձաւ մեզի, Արդարութեան լուսապսակ ճառագայթը դէմքին վրայ։ Իր անձին այդ խորունկ փոխակերպումովը՝ որեւէ ժամանակէ աւելի՝ կրցած էր հասկնալ թէ՛ հին եւ նո՛ր քաղաքակրթութեան հիմնաքարն է իրաւունքը՝ որ անհատինն է եւ արդարութիւնը՝ որ ընկերութեանն է։ «Ո՜վ գիտէ, քանինե՜ր անոր շուրջը ժողովուեցան՝ Իսմենիասի սրինը զարնելու, սակայն նա արիութիւնը ունեցաւ պատասխանելու Սկիւթայի իշխանին նման․«Կ՛երգնում ձեզի․ աւելի հաճոյք է ինձ լսել ձիուս վրինջիւնը պատերազմի դաշտին վրայ։» Գիտակցութեան ու զօրութեան այդ ադրուվար հոգին՝ որուն վրայ միայն կրնայ վերելակել Արդարութիւնը, փողի ձայն մը եղաւ ուժգին հնչիւնով։ Հանգուցեալը՝ սակայն՝ օտար մթնոլորտէ կամ երկրէ չէր ստացած այդ գեղեցիկ ժառանգութիւնը․ ինքը մեզի հետ ապրած էր այն հողին վրայ՝ ուր մենք կ՛ապրինք։ Օսմացիութեամբ հպարտ եւ անով արիացած՝ ուրիշ ներշնչումներէ չէր ազդուած, բայց միայն Օսմանեան Սահմանադրութեան սկզբունքներէն։ Ճշմարիտ է որ երբ ինքը մեր դատին համար կը մեռնի, մենք յուսահատ չենք մեր դատի մասին, այլ կը խոստովանինք թէ շ՜ատ ազնիւ հոգիներ կան դեռ, մանաւանդ մեր Թուրք հայրենակիցներուն մէջ, որոնք Արդարութեան եւ իրաւունքի դատը պիտի պաշտպանեն։ - Եղիշէ Ա․ Եպ․ Դուրեան
|
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Բիւզանդիոն, թիւ 38,84,85, 86
- Հայրենիք
- Ժամանակ
- Ազատամարտ
- Մանզուէ
- Արեւելք
- Ազատութեան բանակին մուտք ի Պոլիս, էջ 196-197