Յակոբ Վարժապետեան

Հայ մտաւորական, գրաբարագէտ, գրող եւ ուսուցիչ։

Յակոբ Վարժապետեան (, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1914, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ մտաւորական, գրաբարագէտ, գրող եւ ուսուցիչ։

Յակոբ Վարժապետեան
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1914
Մահուան վայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Ուսումնավայր Թարսուսի Ամերիկեան Գոլէճ

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Յակոբ Վարժապետեան եղած է Մարաշի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ քահանայ` տէր  Գրիգոր Վարժապետեանին միակ զաւակը:  Յակոբ ուսումը ստացած է Թարսուսի Ամերիկեան Ս. Պօղոս քոլեճին մէջ:

Տնօրէնը եղած է Մարաշի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական դպրոցին: Ան ուսումնասիրած է Մարաշի բարբառը, գրած է բանաստեղծութիւններ, երկասիրած է Մարաշի պատմութիւնը, որ հետագին հում նիւթ ծառայած է «Մարաշ կամ Գերմանիկ» ծաւալուն գիրքին, որ հրատարակուած է Գալուստեանին կողմէ, Նիւ Եորք, 1934-ին:

Ան աշխարհաբարի թարգմանած է Եղիշէի «Վարդանանց պատերազմը», որ լոյս տեսած է Պոլիս, 1911-ին: Հեղինակած է նաեւ անգլերէն-հայերէն-թրքերէն զրուցատրութեան հատոր մը:

Վարժապետեան գերդաստանը տուած է բազմաթիւ եկեղեցականներ: Տէր Գրիգորին եղբայրը` Յովհաննէս Վարժապետեան, եղած է արքեպիսկոպոս, իսկ իրենց հայրը` տէր Յովհաննէս, հիմնած է Մարաշի առաջին դպրոցը Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ կից:

Յակոբ Վարժապետեան կ'ամուսնանայ Վիքթորիային հետ եւ կը բախտաւորուին չորս զաւակներով` Սիսակ, Հրաչ, Տիգրան եւ Շահէ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Victoria Varjabedian: An Armenian Mother, THEARMENIAN MIRROR-SPECTATOR, SATURDAY, MAY 13, 2017, P. 14.[1]