Տիգրան Վարժապետեան
Տիգրան Վարժապետեան (1913, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 19 Սեպտեմբեր 1977, Պէյրութ, Լիբանան), հայ բժիշկ, գրող, արձակագիր։ Գրող եւ գրաբարագետ Յակոբ Վարժապետեանի որդին, մանկավարժ եւ թարգմանիչ Սիսակ Վարժապետեանի կրտսեր եղբայրը։
Տիգրան Վարժապետեան | |
---|---|
Ծնած է | 1913 |
Ծննդավայր | Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 19 Սեպտեմբեր 1977 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Ուսումնավայր | Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Մարաշ: Հօր անունը` Յակոբ (Յակոբոս) եւ մօր անունը` Վիքթորիա: Տիգրան հօրը մահուան եղած է հազիւ երկու տարեկան:
1915-ին տէր Գրիգոր մարաշցի 40 ընտանիքներով առաջին տեղահանուածներէն է: Վարժապետեան ընտանիքը այլ հայ գաղթականներու հետ կը հասնի Փոր Սայիտ` անցնելով Քերեք բերդաքաղաքէն եւ Ղոր գիւղաքաղաքէն: Փոր Սայիտ կը մնան գաղթակայաններու մէջ երկար ամիսներ:
Զինադադարին Փոր Սայիտ գտնուող բոլոր հայ գաղթականները կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը: Վարժապետեան ընտանիքն ալ կը հասնի Մարաշ: Վիքթորիա կ'աշխատի Մարաշի Ամերիկեան կարմիր Խաչին մէջ եւ ապա` ամերիկեան հիւանդանոցին: Վիքթորիան իր երեք զաւակներով կ'ապրի Մարաշի աղէտին արհաւիրքը, սակայն հրաշքով կ'ազատին:
Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Վիքթորիան երեք զաւակներով, բոլոր մարաշցիներուն նման, երկրորդ անգամ ըլլալով կը դառնայ գաղթական եւ կը հասնի Հալէպ:
Հալէպի մէջ Վիքթորիա դարձեալ ամերիկեան որբախնամ կազմակերպութեան մօտ կը գործէ: Երբ կը փակուին Հալէպի ամերիկեան որբախնամ հաստատութիւնները, Վիքթորիա երեք զաւակներով կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը տեղաւորէ զանոնք Ժիպէյլի ամերիկեան «Թռչնոց բոյն» որբանոցը, իսկ ինք կը սկսի աշխատիլ Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ:
Վարժապետեան եղբայրները «Թռչնոց բոյն» կը մնան երկու տարի, ապա անոնք կը յաճախեն Պէյրութի Հայ աւետարանական վարժարանը, ուրկէ Տիգրան շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1929-ին:
Տիգրան Վարժապետեան 1929-ին կը մտնէ Պէյրութի ամերիկեան համալսարան եւ կը ստանայ բժիշկի իր վկայականը 1937-ին:
Ասպարէզ
ԽմբագրելԱն տասը տարի որպէս բժիշկ կը գործէ Լիբանանի Ժեզզին եւ Սուրիոյ Սելմիէի քաղաքներուն մէջ:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան 1947-ին կը մեկնի Ամերիկա եւ կը ստանայ «Ք» ճառագայթներու (X Ray) մասնագէտի վկայական Հարվըրտ համալսարանէն, 1949-ին: Պէյրութ վերադառնալէ ետք կը հաստատէ իր անձնական «Ք» ճառագայթային նկարումի դարմանատունը, որ գործած է մինչեւ 1977:
Տիգրանին մայրը` Վիքթորիա, կը մահանայ Պէյրութ, 16 յունուար 1971-ին:
Հասարակական գործիչ եւ գրող
ԽմբագրելԲժիշկ Տիգրան Վարժապետեան, իր բժշկական ասպարէզի կողքին, եղած է հասարակական գործիչ եւ գրող:
Իր բժշկական ասպարէզին կողքին, ազգային հասարակական ծառայութիւնը եղած է իր սիրած երկրորդ ասպարէզը:
Ան իր մասնակցութիւնը բերած է լիբանանահայութեան ազգային, մշակութային կեանքէն ներս` որպէս գրող, բանախօս, վարչական եւ ղեկավար:
1942-46 գործած է ՀԲԸՄ-ի Հայ երիտ. ընկեր. Գրասէր երիտ. միութեան մէջ:
1946-47 աշխատած է ներգաղթի կոմիտէին մէջ:
1948-50 մաս կազմած է Պոսթընի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան:
1952-1975 եղած է ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի վարժարաններուն կրթական յանձնախումբի ատենապետ:
1975-ին բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան Վահէ Վահեանին հետ Միացեալ Նահանգներ կը մեկնին Բարեգործականի կողմէ կազմակերպուած լիբանահայ կարօտեալներու հանգանակութեան առաքելութեամբ: Ան կը խօսի Նիւ Եորքի, Տիթրոյթի, Շիքակոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ եւ յաջողութեամբ կը պսակէ իր առաքելութիւնը:
Աշխատութիւններ
ԽմբագրելԲժիշկ Տիգրան Վարժապետեան սկսած է գրել 1938-ին: Առաջին փորձերը լոյս տեսած են «Ծիածան» գրական պարբերաթերթին մէջ: Աշխատակցած է «Անի», «Շիրակ», «Յուշարար», «Բժիշկ» ամսագիրներու, ինչպէս նաեւ «Զարթօնք», «Սփիւռք», «Պայքար», «Նոր Օր» օրաթերթերուն:
1946-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է պատմուածքներու իր առաջին հատորը` «Կեանքի քառուղիէն»:
1957-ին լոյս տեսած է իր պատմուածքներու երկրորդ հատորը` «Զառիթափին վրայ»:
1967-ին հրատարակած է «Բժիշկը կեանքի ու մահուան հետ» հատորը:
1969-ին, Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 100-ամեակին, հրատարակած է «Գարուն ա» պաստմուածքներու հատորը:
1974-ին լոյս տեսած է իր «Ցայտաղբիւրներ անապատներու մէջ» պատմուածքներու հատորը:
Յետմահու, յաջորդաբար հրատարակուած են Երեւանի մէջ իր պատմուածքներու հաւաքածոյէն` «Հայրենիքէս դուրս», 1985-ին, եւ Լոս Անճելըսի մէջ` «Արծիւը կը սաւառնէր», 1987-ին:
Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան նկատուած է տաղանդաւոր, իրապաշտ եւ անկեղծ արձակագիր մը[1]:
Ընտանիք
Խմբագրել1951-ին ան ամուսնացած է Գառնիկ Պետրոսեանի դստեր` Հերմինէ Պետրոսեանին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով` Լուսայգ, Իռենա եւ Հրակ:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Տիգրան Վարժապետեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2024-07-08