Պայքար (թերթ, Պոլիս)
Հասարակական, մշակութային շաբաթաթերթ։
«Պայքար», հասարակական, մշակութային շաբաթաթերթ։
Պայքար | |
---|---|
Տեսակ | շաբաթաթերթ |
Հիմնադրուած է | 1967 |
Հրատարակման վայր | Պոլիս |
Պատմութիւն
ԽմբագրելԼոյս տեսած է 1967-1971 թուականներուն, 1974 թուականին (նոր շրջան), Պոլիս։ Խմբագրապետ-արտօնատէր՝ Յակոբ Սուապեան, խմբագիրներ՝ Երուանդ Կոպէլեան, Կարպիս Մուրատեան։
Սփիւռքին, յատկապէս պոլսահայութեան, ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան եւ մշակութային ձեռբերումները։
«Թուրք մամուլ» շաբաթական տեսութիւնը լուսաբանած է Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքական կացութիւնը, համաշխարհային իրադարձութիւնները։
Ունեցած է գրականութեան եւ արուեստի հարուստ բաժին, ուր մեծ մասամբ տպագրուած են հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններ, քննադատական յօդուածներ անոնց գործերուն վերաբերեալ։
Ծանօթացուցած է Հայաստանի պատմական յուշարձանները, համաշխարհային արուեստի ներկայացուցիչները։