Կարպիս Մուրատեան
Կարպիս Մուրատեան (աւազանի անունով՝ Պերճ, 15 Դեկտեմբեր 1924, Քադըքյոյ, Պոլիս, Թուրքիա - 22 Սեպտեմբեր 2019), հայ քրոնիկագիր, թարգմանիչ, հրապարակագիր եւ խմբագիր[1]։
Կարպիս Մուրատեան | |
---|---|
Ծնած է | 15 Դեկտեմբեր 1924 |
Ծննդավայր | Քադըքյոյ, Պոլիս, Թուրքիա |
Մահացած է | 22 Սեպտեմբեր 2019 (94 տարեկանին) |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելՈրդին է Եդուարդ Մուրատեանի եւ Աղաւնի Քիւրտեանի։ Իր մեծ հայրը՝ Կարպիս Մուրատեան Իզմիթի յայտնի նկարիչներէն եղած է, որ մահացած է Ատափազարի Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ ներքնամասերը նկարազարդելու պահուն ունեցած անկման հետեւանքով։
Կարպիս նախակրթութիւնը ստացած է Արամեան-Ունճեան Վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք յաճախած էէ Սէն Ժօզէֆ եւ Սէն Պընուա Ֆրանսական վարժարանները եւ վերջինէն ընթացաւարտ եղած է 1946-ին։
Բարձրագոյն ուսման հետեւած է ընդգրկելով լրագրութեան ճիւղը, եւ թղթակցութեան գծով հետեւած է Փարիզի Էքօլ Իւնիիվերսէլ փար Գորեսփոնտանս Վարժարանը եւ չորս տարուան շրջանէ ետք աւարտած է։
Ամուսնացած էր Ովսաննա Մուրատեանի հետ։
Վարած պաշտօններ
ԽմբագրելՎարած է ուսուցչական պաշտօններ Գարակէօզեան Որբանոցի, Կետիկփաշայի Ս. Մեսրոպեան եւ Փանկալթիի Ս. Լուսաւորչեան վարժարաններուն մէջ, դասաւանդելով հայերէն։
Մամուլի մէջ հանդէս եկած է1941-ին, գրի առած հրապարակագրական յօդուածներով, քրոնիկներով, տոմսակներով ու կեանքի զանազան կողմերը պատկերող մանրապատումներով։
1953-ին անդամակցած է Արամեան Սանուց Միութեան վարչութեան։
Վարած է Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի համանուն ամսագիրի տնօրէնութիւնը։ Եղած է գլխաւոր խմբագիրը Գարակէօզեան Սանուց Միութեան «Մեր Տունը», Կազդուրման Կայանի «Քամփ», Արամեան Սանուց Միութեան «Արամազդ» ամսագիրներուն։
Աշխատակցած է «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» օրաթերթերուն, «Քուլիս» հանդէսին, «Ճառագայթ» եւ «Պայքար» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն լեզուով Պթլսոյ մէջ հրատարակուող «Լա Կազէթ» եւ «Ժուրնալ Տ՚Օրիան» օրաթերթերուն։
Հրատարակութիւններ, թարգմանութիւններ եւ յօդուածներ
Խմբագրել«Իրիկուան Տոմսեր» ընդհանուր խորագրին տակ ստորագրած քրոնիկներու շարքը լոյս տեսած է առանձին հատորով, նախաձեռնութեամբ՝ Գարակէօզեան Սանուց Միութեան, 1967 թուականին։
Ունի թարգմանութիւններ․
- «Կարմիրը եւ Սեւը»,
- «Մաութհաուզէն»,
- «Օտարականը»,
- «Սգաւոր Ձիւնը»։
Ունի ճամբորդական յօդուածաշարքեր.
- «Անատօլուն Ինչպէս Որ Է»,
- «Եփեսոս Իր Մարիամ Աստուածամայրով»,
- «Երգ ու Ժպիտ Վիեննան»,
- «Սալութէ Վենետիկ»,
- «Ամիս Մը Արաբական Աշխարհին Մէջ»,
- «Ինչեր տեսայ եւ լսեցի Հայաստանի մէջ»։
1955-ի ամրան բեմադրած է Գատըգիւղի մէջ խումբ մը երիտասարդներու յունարէն լեզուով ներկայացուցած Անուշ օփերէթը, գլխաւոր խաղարկութեամբ Անահիտ Սարեանի եւ Պետրոս Գամճեանի։
1999-ին հրատարակուած է «Սկսայ Ճանչնալ Մարդիկը» խորագրեալ գիրքը, մեկենասութեամբ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին եւ շարունակած է աշխատակցիլ «Մարմարա» օրաթերթին, ստորագրելով քրոնիկներ։
Առողջական պայմաններու բերումով ընդհատած է իր գրչի աշխատանքը։
2013-ին իրեն ի պատիւ սարքուած գրական հանդէսին կ՚ընդերձուի օրուան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի օրհնութեան գիրը[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հայրենադարձութիւն եւ ներառում. Րաֆֆի Տուտագլեան»։ CIVILNET (hy-AM)։ 2018-09-18։ արտագրուած է՝ 2022-03-07
- ↑ «ՈՉ ԵՒՍ Է ԼՐԱԳՐՈՂ ԿԱՐՊԻՍ Ե. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-06
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան, «Յուշապատում Գատըգիւղի», Ե. Հատոր։