Ծիածան (թերթ, Պէյրութ)

Ծիածան, գրականութեան եւ գեղարուեստի պարբերաթերթ։ ՀԲԸՄ Հայ երիաասարդաց ընկերակցութեան գրասէր երիտասարդներու միութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1939-1949 թուականներուն։ Արտօնատէր՝ Սիսակ Վարժապետեան։ Խմբագիր Բիւզանդ Եղիայեան։ Լայն տեղ յատկացուցած է հայ գրողներու գործերուն, տպագրել նմուշներ եւրոպական, ամերիկեան, արաբական եւ այլ գրականութիւններէն։

Պատմաբանասիրական եւ գեղագիտական յօդուածներով աշխատակցած են Գարեգին Ա կաթողիկոս Յովսէփեանը, Վահան Թէքէեանը, Յակոբ Օշականը, Շահան Պէրպէրեանը եւ ուրիշներ։ Լայն տեղ յատկացուցած է հայ խորհրդային գրողներու (Աւետիք Իսահակեան, Դերենիկ Դեմիրճեան, Նաիրի Զարեան, Գուրգէն Մահարի, Յովհաննէս Շիրազի գործերուն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։