Բիւզանդ Եղիայեան

Բիւզանդ Եղիայեան (1900, Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1995), հայ գրող, խմբագիր եւ հրապարակագիր։

Բիւզանդ Եղիայեան
Ծնած է 1900
Ծննդավայր Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1995
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Հանրային, կրթական, մշակութային ու գրական բազմակողմանի իր ծառայութիւններով երախտաշատ մշակ մը՝ Բիւզանդ Եղիայեան, ծնած է Ատանա (կիլիկիա), ուր եւ ստացած է իր նախակրթութիւնը։ Երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսման հետեւած է Տարսոնի եւ Զմիւռնիոյ ամերիկեան գոլէճներուն, Աթէնքի կրօնից Վարժարանին, Ժընեւի Institut Universitaire de Hautes Études Internationalesի եւ Պըրմինկհամ-Վուտրպրութի (Անգլիա) Sally Oak գոլէճին մէջ, մասնագիտանալով մանկավարժական, աստուածաբանական, միջազգային-օրէնսգիտական եւ քաղաքական - տնտեսութեան ճիւղերուն մէջ։ Տեսչական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարած է Քրաֆթ Պոնառի՝ Զուիցերիոյ Հայասէրներու Ընկերութեան հովանաւորած «Հայ Դպրոց»ին, Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքին, Պէյրութի «Դարուհի Յակոբեան» եւ «Յովակիմեան-Մանուկեան» երկրորդ. վարժարաններուն եւ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ, իբրեւ դասախօս գրական, հայագիտական, պատմագիտական, իմաստասիրական եւ մանկավարժական նիւթերու։

Աւելի քան յիսնամեայ իր գործունէութիւնը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի հայահոծ գօտիներուն մէջ, կ'ընդգրկէ առաւելապէս կրթական-դաստիարակչական դերակատարութեամբ։

Գործերը

Խմբագրել

«Սփիւռք» (պատմուածքներ), «Արդի Հայ Գրականութեան», «Մանկութեան Պարտէզ», «Կարաւանը», «Մարդու Օրերը» (պատմուածքներ), «Լուսակամար Հայ Գրականութեան», «Փոքր Ածու» (բանաստեղծութիւններ), «Տրդատ Մեծ», «Վասակ Մարզպան», «Որդի Մարդոյ», «Դաւիթ եւ Մելիք» (թատերգութիւններ):

Իր խառնուածքով եւ մտաւորականի անհատականութեամբ՝ Բ. Եղիայեան կ'անձնաւորէ դասական ուսուցիչը, աւանդապաշտ գրագէտը եւ գիրի ու մշակոյթի բոլորանուէր սերմնացանը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Բ (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 1982։