Յարութիւն Շահինեան
Յարութիւն Շահինեան, Ուրֆացի, ծնած 1890-ին, Պէյրութ հաստատուած 1912-ին եւ աշխատած Սարաֆեան եղբայրներու աթըլիէն որպէս լուսանկարիչ։ ժամանակ մը յետոյ, Պէյրութի մէջ կը բանայ լուսանկարչական աթըլեէի մը։ Առաջին Ընդհանուր Պատերազմին կը զինուորագրուի Թրք. բանակին մէջ եւ կը ղրկուի Դամասկոս, ուր նորեկ գաղթականներու շատ օգտակար կը հանդիսանայ՝ հայ աղջիկներ եւ կիներ գաղտնի կերպով թրքական հարէմներէ աղատելով։ Երբ դաշնակից բանակներ կը գրաւեն Պաղեստինը, կը փախի Փոր Սպիտ, կը միանայ հայ կամաւորներու Լեգէոնին եւ կ'երթայ մինչեւ Ատանայ։ 1920-ին կ'ամուսնանայ բնիկ Անտիոքցի Օր. Անուշ Գալայճեանի հետ, կ'ունենան մանչ մը՝ Գէորգ, եւ աղջիկ մը՝ մարի, Տիկ. Շահինեան Ա. Ընդհ. Պատերազմին հիւանդապահուհի ըլլալով գերմանական զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ, թէ՛ Պէյրութ եւ թէ ՛ Դամասկոս, օգտակար հանդիսացած է բազմաթիւ հայ երիտասարդներ զինուորադրութենէ աղատելու եւ գաղթականներու բազմաթիւ ծառայութիւններ մատուցանելու մէջ, Յարութիւն Շահինեան մեռաւ Պէյրութ, 1938 Նոյեմ. 27-ին:[1]
Յարութիւն Շահինեան | |
---|---|
Ծնած է | 1890 |
Ծննդավայր | Ուռհա, Թուրքիա |
Մահացած է | 27 Նոյեմբեր 1938 |
Մահուան վայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | լուսանկարիչ |
Ամուսին | Անուշ Գալայճեան |
Երեխաներ | մանչ՝ Գէորգ, աղջիկ՝ Մարի |
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։