Յովհաննէս Աւդալեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Յովհաննէս Աւդալեան, Նոր Ջուղայեցի հայ գրագէտ (հաւանաբար ուսանած՝ Նոր Ջուղայի մէջ)։
Յովհաննէս Աւդալեան | |
---|---|
Մասնագիտութիւն | գրագէտ |
Աւդալեան, բնակութիւն կը հաստատէ Հնդկաստանի՝ Կալկաթա հայաշատ քաղաքին մէջ, ուր «Հայոց Մարդասիրական Ճեմարան»էն ներս՝ հայերէն լեզուի քերականութեան եւ ճարտասանութեան ուսուցիչ կը նշանակուի։ 1820-ին ճեմարանը , անոր շնորհիւ, նոր շրջան մը կը թեւակոխէ։ Այս պաշտօնի հետ զուգընթացաբար Կալկաթայի անգլիական «Եպիսկոպոսական Ճեմարան»ի մէջ, կը հետեւի անգլերէն լեզուի դասընթացքներու. սորվելէ ետք՝ Մադրասի ճեմարանէն ներս, նոյն լեզուի ուսւոցչի պաշտօնը կը ստանձնէ։ 1826-ին կ՛ընտրուի Ասիական «Պենկելական Ընկերութեան» անդամ։
Գրական վաստակ
Խմբագրել- «Անգիտաց Անպէտ» (Կալկաթա 1821)
- «Բառարան Անգլերէն-Հայերէն» (Կալկաթա 1825)
- «Վերջին Աւուրք Բարեյիշատակ Տիկին Մերջանին Ստեփանոսեան» (Կալկաթա 1830)
Հրատարակած է Յովհաննէս Արճիշեցիի «Մեկնութիւն Ահաւոր Խորհրդոյ Սրբոյ Պատարագին» (Կալկաթա 1830)։ Թարգմանած է Շատորեանի՝«Ատալա»ն (Կալկաթա 1826), Զօնսընի «Հռասելաո» «Կալկաթա 1826», «Քրիստոսասոյց» (Կալկաթա 1826)։ Հայերէնէն անգլերէն թարգմանած է Չամչեանի «Հայոց Պատմութիւն»ը՝ քաղուածօրէն (Կալկաթա 1827)։ Ունի նաեւ այլ երկասիրութիւններ, մահուան թուականը անյայտ է։