Յովհաննէս Շիրազի տուն-թանգարան

Յովհաննէս Շիրազի տուն-թանգարանը, հիմնադրուած է 1983 թուականին, բայց կը գործէ Սեպտեմբեր, 2003 թուականէն սկսեալ:

Յովհաննէս Շիրազի տուն-թանգարանը Կիւմրիի մէջ, Վարպետաց փողոց 101:

Այս տուն-թանգարանը ընդգրկուած է Կիւմրիի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ:

Պատմութիւն Խմբագրել

Հայ մեծ բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Շիրազին այս տունը նուիրուած է Յուլիս 1983 թուականին։ Սակայն բանաստեղծը այս տան մէջ չէ ապրած: Ան մահացած է 14 Մարտ 1984 թուականին։ Շէնքը կառուցուած է 1886 թուականին եւ եղած է մեծահարուստ վաճառականի մը տունը։ Բանաստեղծին յիշատակը յաւերժացնելու եւ ժառանգութիւնը պահպանելու նպատակով Հայաստանի կառաւարութեան որոշմամբ, Լենինականի տունը պիտի վերածուէր յուշատուն-թանգարանի։ 7 Դեկտեմբեր 1988 թուականի երկրաշարժին պատճառով թանգարանին շէնքին մէջ (որ դեռ չէր բացուած) կ'ապաստանին բազմաթիւ ընտանիքներ, որոնց Կիւմրիի քաղաքապետարանը 2000-2002 թուականներու ընթացքին կը յատկացնէ բնակարաններ՝ ազատելով եւ վերանորոգելով թանգարանի շէնքը[1]։

Ցուցադրութիւն Խմբագրել

Թանգարանին մէջ կը պահպանուին ու կը ցուցադրուին Յովհաննէս Շիրազի անձնական իրերը, ձեռագիրները եւ տպագիր գործերը։ Մեծ արժէք կը ներկայացնեն յատկապէս բանաստեղծին կամ թանգարանին նուիրաբերուած նշանաւոր արուեստագէտներու աշխատանքները (Մարտիրոս Սարեան, Սերգէյ Փարաջանով, Արա Շիրազ, Ստեփան Շիրազ եւ այլն)։

Թանգարանը ունի 6 սենեակներ։ Առաջին սենեակին մէջ կը ներկայացուի տեղեկութիւններ բանաստեղծին մանկութեան մասին։ Երկրորդ սենեակը պատրաստուած է այնպէս ինչպէս եղած էր Շիրազի կենդանութեան ժամանակ։ Մնացած 4 սենեակներուն մէջ կը գտնուին հեղինակին ստեղծագործական աշխատանքները, նկարները եւ այլն։ Հոն տեղադրուած է նաեւ գրականութեան նոպելի մրցանակ ստացած Ճոն Սթէյնպեքի նկարը, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Յովհաննէս Շիրազին՝ անոր Երեւանի մէջ դիմաւորելու վերաբերմունքին համար[2]։

Հասցէ Խմբագրել

Թանգարանը կը գտնուի Կիւմրի, Վարպետաց փողոցի 101-ի վրայ։ Այս փողոցին մէջ կը գտնուի նաեւ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել