Յովհաննէս Սարգիսեան
Յովհաննէս Յովսէփ Սարգիսեան (ծննդեան մականունը Հաթութեան, (25 Մայիս 1890, Քեսապ - ․․․), այնթապցի ուսուցիչ եւ գրող:
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Քեսապ, 25 Մայիս 1890-ին։ Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի դպրոցին մէջ, ապա մեկնած է Այնթապ, ուր Վարդանեան կրթարանէն ներս միջնակարգ կրթութիւն ստացած է, աշակերտելով Ա. Ն. Նազարի: 1910-ին, մուտք գործած է Տարսոնի Ամերիկեան գոլէճը:
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին պատճառով չորս տարի ընդհատուած է իր ուսումը: Ան եղած է թրքական բանակի զինուոր: Պատերազմի ատեն կորսնցուցած է իր ամբողջ ընտանիքը։
Ան ուսումը շարունակած է Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն ներս, ուր հետեւած է հոգեբանական, մանկավարժական եւ իմաստասիրական ճիւղերուն:
Ուսուցչական կեանք
ԽմբագրելՊատերազմի աւարտին, հրաւէր ստացած է ուսուցչութեան պաշտօնով դասաւանդելու գոլէճին մէջ եւ նոյն ատեն ստանալու իր վկայականը 1920-ին:
Ֆրանսացիներու կողմէ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, ան անցած է Իսկենտերոն, ուր տարիներ պաշտօնավարած է Անգլիական բարձրագոյն վարժարանին մէջ։
Յովհաննէս Սարգիսեան կանուխէն զգացած է ուսուցչութեան կոչումը։ Անոր նախասիրած նիւթերը եղած են պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, ընկերաբանութիւնը եւ մանկավարժութիւնը։
Սարգիսեան քանի մը տարի պաշտօնավարած է Անգլիական եւ ֆրանսական գրաւող բանակներուն մէջ իբրեւ թարգման-քարտուղար։
Գրական վաստակ
ԽմբագրելԵրկար տարիներ աշխատակցած է տեղական եւ այլ թերթերու` գրելով ազգային, քաղաքական, պատմական, ընկերային եւ կրօնաբարոյական նիւթեր:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Պատմութիւն Այնթէպի Հայոց», Բ. Հատոր, Լոս Անճէլըս, Գալիֆորնիա, 1953։