Յովսէփ Պաղնացի
Յովսէփ Պաղնացի (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ), Ե. դարու հայ թարգմանիչ։
Յովսէփ Պաղնացի | |
---|---|
Ծնած է | անհայտ[1] |
Մահացած է | անհայտ[1] |
Մասնագիտութիւն | թարգմանիչ |
Հայոց այբուբենի ստեղծման նպատակով, Մեսրոպ Մաշտոցին հետ Ասորիք մեկնած աշակերտներէն մէկուն՝ Յովհան Եկեղեցացիին հետ մասնակցած է Աստուածաշունչի Մեսրոպ Մաշտոցի ձեռնարկած թարգմանութեան։
Հետագային, Եզնիկ Կողբացիին հետ, ան դարձեալ գացած է Ասորիք՝ հոգեւոր հայրերէ թարգմանութիւններ կատարելու։ Հոնկէ, յունարէնի մէջ հմտանալու նպատակով, մեկնած է Կ. Պոլիս, ուր իրեն միացած են Ղեւոնդ Երէցն ու Կորիւնը։
Յովսէփ Պաղնացին եւ իր ընկերները նշանակուած են յունարէնի թարգմանիչներ։
Անոնք թարգմանելու նպատակով իրենց հետ հայրենիք բերած են Աստուածաշունչի լաւագոյն օրինակը եւ Նիկիոյ ու Եփեսոսի ժողովներուն կանոնները[2]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 6 — հատոր 6. — է. 579.
- ↑ Յովսէփ Պաղնացի