Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան
Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան (1948) աւազանի անունով Վազգէն, որդի Խոսրովի եւ Էլիզի ծնած է Հալէպ 1948-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Սահակեան վարժարանէն ներս աւարտած է, 1962-էն։ Ապա գործի լծուած է արհեստի ասպարէզը ընտրելով։ Ընտանեկան յարկը յատկանշուած էր հօր յանձնառու հոգածութեամր եւ մօր ազդու դաստիարակութեամբ։ Բարեպաշտ զոյգը միախոհ ու միասիրտ ըլլալով իրենց զաւակներուն սրտերուն մէջ սերմանած են հաւատքի հունտերը, զանոնք զինելով քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներով։ Ահա թէ ինչու մայրը աոաջնորդած է Վազգէնը Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեղի, ուր դպրութեամր իր ծաոայութիւնր մատուցած է։
Յուսիկ Ա. Քհնյ. Սեդրակեան | |
---|---|
Ծնած է | 1948-ին |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ Առաքելական |
Մասնագիտութիւն | Դասատու |
Աշխատավայր | Քահանայ |
Ծնողներ | Խոսրով եւ Էլիզի |
Երեխաներ | Արա, Տաթեւիկ եւ Շաղիկ |
Կենսագրութիւն
Խմբագրել1966 տարին անոր համար քրիստոնէական կեանքի անկիւնադարձային թուական մը կ'ըլլայ։ Ան վերանորոգուած մտքով եւ հոգիով կ'որոշէ Աստուծոյ ծաոայել՝ նշանակէտ ունենալով աստուածահաճոյ ապրելակերպի եւ եկեղեցանուէր ծաոայութեան նուիրական նպատակը։
Աշխարհիկ կեանքր իր ետին ձգելով իր էութեան մէջ կ'ընունի աստուածագիտութեան լոյսը, անոր համար եկեղեղւոյ ծաոայելու ձգտումը կր վերածուի «սիրով գործի դրուած» Հաւատքի։ Չափանիշ մը, որ եկեղեցական դառնալու բուռն փափաքին որոշադրիչ ցուցանիշներէն է։
Վազգէնը եկեղեցւոյ կողքին կը հետեւի Հայ Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան աղօթքի հաւատքներուն, կը մասնակցի Ս. Գրոց սերտողութիւններուն։ 1967-ին ուսուցչութեան պաշտօնին կը կոչուի Նոր Գիւղի Կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս ծառայելով։ 1968-ին կ'որոշէ հոգեւորական ըլլալ։ Ան կը յղէ իր դիմումնագիրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դպրեվանքի տեսչութեան, ամբողջութեամբ գործէ կը դադրի եւ տեսուչ Հայր Սուրբին թելադրութեան անսալով, շուրջ մէկ տարի դասընթացքներու կը հետեւի ի խնդիր հոգեմտաւոր կազմաւորական։ Այս հանգրուանը կարեւոր կը համարուէր, որով դպրեվանքի լուսաւոր ուղիէն ընթանալու ճանապարհը կը հարթուէր։ 1969-ին Յուլիս 19-ին, դպրեվանքի տեսուչ Գիրպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Աշճեանի նամակով Անթիլիասի դպրեվանք մուտք կը գործէ։
Դասընթացքներ
ԽմբագրելՏեսուչ Հայր Սուրբին տնօրինումով դասաւանդուեիք նիւթերու ցանկ կր ճշդուի եւ ամռան ընթացքին Վազգէնը բծախնդրօրէն կը հետեւի սահմանուած նիւթերուն։ Վերամուտին՝ Դ. Ժառանգաւորացի սաներէն կ'ըլլայ։ Սովորական դասընթացքէն անդին, ուսումնատենչ Վազգէնը ժամանակը սերտողութեան կը յատկացնէ. օգտաշատ գիրքերու ընթերցանութեամբ իր սրտի փեթակր գրական կենսահիւթերով, իր սրտի շտեմարանր Ս. Հայրերու ընտիր Հասկերով եւ իր ներաշխարհը յաւերժական արժէքներով կր հարստացնէ։ Ընծայարանի եռամեայ բաժինը աւարտելէ ետք, 1973-ին շրջանաւարտ կ'ըլլայ եւ Խորէն Ա. վեհափառ Հայրապետի ձեոամբ կր ստանայ վկայական։
Ընտանիք
ԽմբագրելՀալէպ վերադառնալէ ետք կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Վարդուհի Տէմիրճեանը, որուն հետ կր պսակուի 15 Յուլիս 1973-ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ մասնացութեամբ Քահանայ հայրերու։ Հետագային կ՚ունենայ երեք զաւակ՝ Արա, Տաթեւիկ եւ Շաղիկ։
Քահանայութեան Շրջանը
ԽմբագրելՎազգէնին քահանայական ձեոնագրութիւնն ու օծումը տեղի կ՚ունենան Ս. Քաոասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 23 Սեպտեմբեր 1973-ին, ձեոամբ Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթոեանի, խարտաւիլակութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Աոաջնորդ Գերպ. Տ. Տաթեւ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի եւ մասնակցութեամբ այժմ արքեպիսկոպոս հոգշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ կր վերակոչուի Տ. Յուսիկ, օծակից ունենալով Տ. Մինաս քհնյ. Տէր Մինասեանը։
Իր քաոասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը կ'անցընէ թաղականութեան գրասենեակին վրայ գտուող ընդարձակ սենեակը, զոր աւարտելէ ետք Աոաջնորդ Հայր Սուրբին տնօրինութեամբ հոգեւոր հովիւ կր նշանակուի Քեսապի եւ շրջակայքի հօտին, ինչպէս նաեւ Աոաջնորդին եւ Քաղաքական Ժողովին որոշումով Տէր Յուսիկ կր կոչուի Քեսապի Ուսամնասիրաց Միացեալ վարժարանի տնօրէնի եւ Կրօնքի դասատուի զոյգ պաշտօններուն։
Քեսապի հայ գաղութը ներքին տարակարծութեան մատնուած էր, ժողովուրդին կենցաղային տուեալները կը պարզէին տիրող իրավիճակը, տեղ գտած էին պաոակտումներ եւ գոյացած՝ տարակարծութիւններ։ Նորընծայ քահանան համագործակցութեան հոգիով շրջանի լայնախոհ ազգայիններուն հետ կը խորհրդակցի եւ կ'աջակցի հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն տարածել, քրիստոնէական սէր խնկարկելով։
Կացութիւնը փրկելու փորձերը յաջողութեամբ կը պսակուին, կը հաստատուի խաղաղութիւնը եւ միաբանութեան թթխմորը վերստին կը շաղախէ զանգուածը' գաղութը։ Այս փորձառութեան շնորհիւ տէր հօր համար Քեսապը կը դառնայ վարչական եւ կազմակերպչական դպրոց մը։
Կիրակնօրեայ Դպրոցի Հաստատում
ԽմբագրելՏէր հայրը թաղականութեան եւ հոգաբարձութեան հետ գործակցելով կը հաստատէ Կիրակնօրեայ դպրոց, որպէսզի եկեղցւոյ զաւակներուն ջամբուի բարոյական առաքելաշունչ եւ առողջ դաստիարակութիւն։ Ան կը յառաջացնէ ուսուցչական կազմ եւ կը ստանձնէ, տեսչութեան պաշտօնը։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ աշակերտներու հայակերտման։ Այս ուղղութեամբ յանձն կ'առնէ, շարականներ ուսուցանելու եւ բարոյախօսութիւն փոխանցելու պարտականութիւնը։
Ուսումնասիրութիւններ
ԽմբագրելՏէր Յուսիկը Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի ընդհանուր պատկերը բարեփոխելու, ժամանակակից պահանջքներու համապատասխանող տուեալներով պատշաճեցնելու աոաջադրանքէն մեկնած, ազգայիններու օժանդակութեամբ կբ ձեռնարկէ նուիրատուներ ապահովելու եւ հանգանակութիւններ կատարելու աշխատանքին։ Նախաձեռնութիւնները դրական արդիւնք կը ստանան եւ դպրոցը կ'օժտուի նոր գրասեղաններով եւ փոխադրակառքով։
1980-1988 եղած է Դատաստանական Խորհուրդի անդամ։ 1985-ին մաս կազմած է Վերաքննիչ Ատեանին, զորս կր կատարէ մինչեւ օրս։
1982-էն ի վեր, անդամ է Կրօնական Ժողովին, երեք շրջաններ վարած է ատենադպրութեւան պաշտօնը։ 1984-էՆ ի վեր կրօնական երեսփոխան է Ազգ. Գաւառական Ժողովին եւ 12 տարի որպէս ատենադպիր դիւանին։ Աւելի քան 25 տարիէ ի վեր ատենապետն է Թեմիս ազգային տուրքի հաւաքման եւ Գաւառական Ժողովի Լրացուցիչ Ընտրութիւններու Կեւղր. Յանձնախումբին։
Թերթերու մէջ
Խմբագրել1985-1987 մաս կազմած է Առաջնորդարանի «Օշական» պարբերաթերթի խմբագրակազմին միաժամանակ կամաւորաբար թղթակիցր եղած է կրօնական ձեռնարկներուն եւ կայացած նախաձեռնութիւններուն վերաբերող նկարագրականը վերապատրաստելով Ազդակ Օրաթերթ օրաթերթին։ 1988-1989 կամաւոր եւ ինքնակամ ծառայութեամբ խմբագրած, էջադրած եւ լոյս ընծայած է «Օշական» Լրատու Բերիոյ Թեմի երկշաբաթաթերթը, որ կ'ընդգրկէր կրօնաբարոյական եւ լրատուական նիւթեր, չորս էջերու տարածուած։
Ան վարած է բազմաթիւ վարչական պաշտօններ, ինչպէս Կիրակնօրեայ վարժարաններու խորհուրդի անդամ եւ ատենապետ, 2007-էն ի վեր «Հայ Եկեղեցի-Հաւատքի ընտանիք» յանձնախումբի ատենապետ, «Հայ Եկեղեցւոյ Բարի Սամարացի» մարմնի ատենապետ 2009-էն ի վեր։
Ան աւելի քան տասը տարի, 1993-2004, ամսական հերթականաթեամբ այցելած է Հալէպի կեդրոնական բանտը եւ մխիթարած Հայ բանտարկեալները[1]։
Ծանոթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ էջ326։