Նասր ալ-Տին Շահ Քաճար
Նասր ալ-Տին Շահ Քաճար ( 16 Յուլիս 1831[1], Թաւրիզ, Իրան - 1 Մայիս 1896[1][2], Թեհրան, Իրան), Պարսկաստանի թագաւոր. երրորդ ամենաերկար եւ ամենահզօր կառավարիչներէն մէկը, որ ղեկավարած է երկիրը 48 տարի՝ 1848-1896:
Գործունէութիւն
ԽմբագրելԹագաւորը յարգուած չէր տեղւոյն ցեղային եւ կրօնական առաջնորդներու կողմէն, որոնք անոր սահմանած կանոններուն եւ օրէնքներուն չէին հնազանդիր: Ան պարսիկ առաջին ժամանակակից միապետը եղած է, որ պաշտօնապէս Եւրոպա այցելած է 1873, 1879 եւ 1889 թուականներուն:
Ան շատ խելամիտ եւ զարգացած անձնաւորութիւն մըն եղած է: Տաղանդաւոր նկարիչ եւ գրող, հետաքրքրուած է պատմութեամբ եւ աշխարհագրութեամբ:
Նասր ալ-Տին թագաւորը ան այդ ժամանակ ամենամեծ հարեմը ունեցած է. հարեմի մէկ այլ տեսակ՝ պեխեր կամ դէմքին մազեր ունեցող 100 կիներէ բաղկացած:
Թագաւորը ունեցած է նաեւ անմիջականօրէն հարեմի պատմութեանն առընչուող մէկ այլ չափազանց մեծ հետաքրքրութիւն՝ լուսանկարչութիւնը: Անգլիա կատարած այցերու ընթացքին ան առիթը ունեցած է մանրամասն ծանօթանալու եւ հասկնալու լուսանկարչական գործընթացը: Ապա հարկ համարած է, որ լուսանկարչութիւնը տարածում ստանայ իր հայրենիքին մէջ եւ հիմնած է առաջին լուսանկարչական արուեստանոցը Պարսկաստանի մէջ, որ կը գտնուէր Կոլեստան պալատէն ներս:
1873-ին Նասր թագաւորը այցելած է Սեն Փեթերսպուրկ, եւ Ալեքսանդր Բ.-ի հրաւէրով ներկայ գտնուած է պալէի ներկայացման, որ մեծ տպաւորութիւն ձգած է իր վրայ: Տուն վերադառնալով, ան պալէի գոյութեան մասին տեղեկացուցած է իր հարեմին եւ ուզած է, որ կիներէն ոմանք կրեն պալէին յարմարեցուած հագուստներ:
Բոլոր պատկերները թագաւորը պահած է մասնաւոր ալպոմներու մէջ, որոնք մինչեւ այժմ կը գտնուին թանգարանի վերածուած Կոլեստանի պալատին մէջ:
Անտեսելով իր ժողովուրդի դժգոհութիւնը, ան միեւնոյն ատեն կարգ մը խոշոր բարեփոխումներ կատարած է, ինչպիսիք են՝ ճանապարհներ, հեռագրային եւ նամակատնային ծառայութիւններ կառուցելը եւ զինուած ուժերու քանակի յաւելումը:
Նասր ալ-Տին Շահը սպանուած է Շահ Ապտըլ-Ազիմի սրբավայրին մէջ՝ աղօթելու պահուն:[3]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Luminous-Lint — 2005.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 Encyclopædia Britannica
- ↑ «ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻ ԱՐՔԱՅԱԴՈՒՍՏՐԵՐԸ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-08-07