Նորայր Տատրեան, (1969, Պոլիս, Թուրքիա)։ Նախակրթութիւնը ստացած է Գարակէօզեան Ազգային Որբանոցին մէջ։ Ապա յաճախած է Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը։ Ուսանած է Իսթանպուլի Պողազիչի համալսարանին մէջ, եւ ստացած է իմաստասիրութեան Պսակաւոր Արուեստից վկայականը։ Հիմնադիր անդամներէն է Նոր Սան հանդէսին, որուն աշխատակցած է արձակ գրութիւններով։ Կարճ պատմուածքներով եւ յօդուածներով աշխատակցած է Մարմարաին։ Ներկայիս, իր տիկնոջ՝ բանաստեղծ-արձակագիր Նուէր Սիլահլը Տատրեանի հետ հաստատուած է ԱՄՆ[1]։

Նորայր Տատրեան
Ծնած է 1969
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Կարօ Աբրահամեան, Ժամանակակակից իսթանպուլահայ գրողներ, հ. Ա (խմբ. Պէպօ Սիմոնեան), Անթիլիաս, «Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ», 2004։