«Նոր շինարար», ՀԲԸՄ Եւրոպայի շրջանային կեդրոնական յանձնաժողովի պաշտօնաթերթ։

Նոր Շինարար
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1967

Պատմութիւն

Խմբագրել

Լոյս տեսած է 1967-1992 թուականներուն Փարիզի մէջ (1971-1978 թուականներուն ընդհատուած է)։ «Շինարար» պարբերականի (1956-1966, Փարիզ, խմբագիրներ՝ Վահէ Անդրանիկեան, Յովհաննէս Պօղոսեան, Գրիգոր Պահրի, Հայկ Թոփաքեան) շարունակութիւնն է։

«Նոր Շինարար» պարբերականի խմբագիրները եղած են Սեդրակ Քորեանը, Երուանդ Փափազեանը, Կարիկ Պասմաճեանը, Ա. Համբարձումեան։ Այն լուսաբանած է միութեան գործունէութիւնը, անդրադարձած Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան միջոցառումներուն, Մելքոնեան կրթ. հաստատութեան, Նուպարեան մատենադարանի, ազգային այլ հաստատութիւններու աշխատանքներուն, օժանդակած Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման։ Տպագրած է Եւրոպայի հայկական համայնքներու, հայրենիքի առօրեային նուիրուած նիւթեր, գրականութեան, արուեստին, հասարակական գիտութիւններուն վերաբերող յօդուածներ։

Այս յօդուածի կամ անոր բաժնի որոշակի հատուած վերցուած է «Հայ գրատպություն և գրքարվեստ» հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում-Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։