Շոգեկառք, երկաթուղիի վրայէն ընթացող կառախումբ, գնացք[1]:

Պատմութիւն

Խմբագրել
 
Առաջին շոգեկառքերը

Միջին դարերուն հանքերուն մէջ աշխատողները կը գործածէին երկաթագիծերու վրայ շրջող փոքրիկ վակոններ` ածուխը կամ մետաղները փոխադրելու համար: Անոնք անձամբ կը հրէին այդ վակոնները կամ ձիեր կը գործածէին կառքերը քաշելու համար: Այդ գիծերը սկիզբը փայտէ էին, ապա`մետաղէ. անոնք կարելիութիւնը կու տային կառքերուն աւելի դիւրութեամբ սահելու: Սակայն անոնք շատ ծանր էին:

 
Առաջին շոգեկառքերը

1804-ին, հանքագործներուն օգնելու համար, անգլիացի ճարտարագէտ մը Ռիչըրտ Թրեւիթիք կը հնարէ շոգիով բանող առաջին մեքենան: Անոր սկզբունքը պարզ էր. ջուրը տաքցնել շոգիով արտադրելու համար: Այդ շոգին կարելիութիւնը կու տար մեքենական դրութեան մը` շոգեկառքը յառաջ մղելու: Անիկա ժամական 8 քմ արագութեամբ կ'ընթանար:

 

1829-ին, անգլիացի Ճորճ Սթիֆընսըն, կը ստեղծէ քիչ մը աւելի արագ շոգեկառք մը: Անոր կը տրուի «Հրթիռ» անունը: Ապա շոգեկառքը ամէն տեղ կը տարածուի: Կը շինուին նոյնիսկ շատ շքեղ շոգեկառքեր, ինչպէս` «Օրիենթ էքսփրես»ը, որ 1883-ին, անգամ ըլլալով ամբողջ Եւրոպայէն կ'անցնի:

Յաջորդ դարուն շոգիով բանող գնացքները կամաց-կամաց կը փոխարինուին տիզըլ վառելանիւթով կամ ելեկտրականութեամբ բանող գնացքներով[2]: Շատ մեծ արագութեամբ (թէժէվէ) առաջին գնացքը կը բանի Ճափոնի մէջ, 1964-ին: Ան կը սուրայ ժամական 300 քմ արագութեամբ: Ներկայիս մարդիկը կը քաջալերեն` գործածելու գնացքը, որովհետեւ ան ինքնաշարժէն կամ օդանաւէն նուազ կ'ապականէ օդը[3]:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել