Շուշիի Գորգերու Թանգարան


Շուշիի գորգերու թանգարան, արցախեան հնագոյն գորգերու եւ կարպետներու թանգարան (բնական բուրդէ պատրաստուած գորգեր), որ հիմնադրուած է 2011-ին, բացուած՝ 2013-ին Արցախի Հանարապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ[1]:

Շուշիի Գորգերու Թանգարան
Տեսակ Թանգարան
Երկիր  Արցախի Հանրապետութիւն
 Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
 Հայաստան
Տեղագրութիւն Շուշիի շրջան?
Վայր Շուշի եւ Երեւան
Հիմնադրուած է 2011
Հիմնադիր Վարդան Ասծատրյան?
39°45′36″N 46°44′51″E / 39.76°N 46.7474°E / 39.76; 46.7474
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն Խմբագրել

Թանգարանի հիմնադիրն է Վարդան Ասծատրեանը, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ` Աւստրիայէն, Զուիցերիայէն, Սթամպուլէն, Գերմանիայէն գտած եւ գնած էր հին հայկական գորգեր՝ զանոնք տեղափոխելով Արցախ, որոնք միացան Արցախի յայտնի գորգագործներու հին գորգերուն, բերուած` Հայաստանի ու Արցախի տարբեր գիւղերէ: Թանգարանը ունի երկու հիմնական շէնք[2]: 2011-ին Շուշիի մէջ բացուեցաւ թանգարան-հիմնադրամ, որու տարածքը տրամադրուեցաւ շնորհիւ ամերիկեան հովանաւորներու կողմէ: Այնուհետեւ Օգոստոս 2012-ին, մոսկուայաբնակ հովանաւորու կողմէ անյատոյց տրամադրուեցաւ համապատասխան շէնք՝ իբրեւ գորգերու թանգարան: Թանգարանին մէջ կան ոչ միայն արցախեան գորգեր, այլ նաեւ աւանդական արհեստներու հին առարկաներ: Զանոնք ուսումնասիրելէ ետք, կը տրուի փորձագիտական գնահատական, անհրաժեշտութեան պարագային՝ կը վերականգնուի, ապա կը ցուցադրուին[3]: Այսօր թանգարանը ունի շուրջ 300 գորգ, որոնք գործուած էին 17-րդ դարէն մինչեւ 20-րդ դարասկիզբ: Անոնք հիմնականին արցախեան աւանդական գորգեր են: Մօտ 300 գորգերէ կազմուած թանգարանի մշտական ցուցադրութիւնը կը ներառէ 120-ը՝ «Վիշապագորգ», «Խնձորեսկ», «Աստղագորգ», «Ծաղկագորգ», «Արծուագորգ», «Ծաղկած խաչեր», «Պատկերագորգ» եւ այլն:  Հաւաքածոյէն վերականգնուած են առաւել վնասուած գորգերը: Բացի այդ, թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին նաեւ թուրքմենական եւ աֆղանական գորգերու օրինակներ, ինչպէս նաեւ կան ռուսական մշակոյթի որոշ արտեֆակտներ: Օգոստոս 2013-ին՝ թանգարան այցելած Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը, յայտարարեց, որ գորգերու թանգարանը զգալի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ազգային աւանդոյթներու եւ արժէքներու պահպանման գործին, նպաստելով նաեւ Արցախի մէջ զբօսաշրջութեան առաջընթացին[4]:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «Շուշիի գորգերու թանգարանումին մէջ մշտական ցուցադրութեան ներկայացուած է 120 գորգ»։ https://www.panorama.am։ 05/12/2017 
  2. «ԳՈՐԳԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ ՇՈՒՇԻԻ ՄԷՋ»։ http://hushardzan.am։ 05 / 12 / 2017։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-02-10-ին 
  3. «Արցախեան գորգերու թանգարան Շուշի քաղաքին մէջ»։ http://orer.eu/hy/արցախյան-գորգերի-թանգարան-շուշի-քաղա/։ 2017-11-13 
  4. «Նախագահ Սահակյեան այցելել ած է Շուշի քաղաք»։ http://www.president.nkr.am։ 2013-08-24