Շուշիի հրատարակչական գործունէութիւնը Ի. դարուն

Շուշիի մէջ հրատարակչական գործունէութիւնը Ի. դարուն սկիզբը կը զարգանայ:

Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի Տպարանը

Խմբագրել

Եղիսաբէթ Մահտեսի Յակոբեանց, Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի դուստրը, 1901-1904 տարիներուն հօր տպարանէն լոյս կ'ընծայէ չորս գիրք.

  • «Յիշատակարան Ղարաբաղի (Արցախի) հայոց թեմական հոգեւոր դպրանոցի» (1901),
  • Ինգլէս Հ. Դ. «Խեցիներ ժողովող Սիեօր Գօդօլիի պանդխտութիւնը: Անգլերէնէ կը թարգմանէ Աշոտ Բայանդրեան» (1903),
  • Ներսէս վարդապետ Մելիք Թանգեանի «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը. Ա. գիրք. Ներածութիւն եւ աղբիւրներ» (1903, 807 էջ)
  • Անտոն Չեխովի «Մարդը պատեանի մէջ (Զրոյց)». թարգմանիչ` Ա. Բարուտչ (1904):

Բագրատ Տէր Սահակեանցի տպարանը

Խմբագրել

Շուշիի թեմական դպրոցի թուաբանութեան ուսուցիչ Բագրատ Տէր Սահակեանց 1901-ին տպարան մը կը բանայ, ուրկէ մինչեւ 1917 լոյս կը տեսնեն քսան գիրք եւ մէկ թերթ`«Փայլակ»:

  • Մելիքսէթ Գաբրիէլեանցի «Զգացմունքներ»ը (1901),
  • Պետրոս Տէր Յովհաննիսեանցի «Քահանայ» (1901),
  • Վիլլի Րէյխելի «Կենդանական կամ բուժական մագնէտէոմ»ը, թարգմանիչ` Փարամազ (1901),
  • Մաքսիմ Գորկիի «Մտքեր»ը, թարգմանիչ` Յովհաննէս Ստեփանեան (1903),
  • Ներսէս վարդապետ Մելիք Թանգեանի «Հայոց եկեղեցական իրաւունքը» (Բ. գիրք, 279 էջ, 1905),
  • «Մեր ծխական տարրական դպրոցներում պարապելու նպատակայարմար կարգը ու պարապմունքների արդիւնաւէտութեան անհրաժեշտ պայմանները» (1908),
  • «Գրացուցակ Շուշուայ հասարակաց ժողովարանի գրադարանի» (1910),
  • Բիւզանդ Թորոսեանի «Նորագոյն դիտողական ուսման ու հայրենագիտական համառօտ նախագիծ»ը (1910),
  • Ս. Առաքելեանի եւ Գ. Ներսիսեանի «Թախծոտ էջեր»ը (1911),
  • Հովակ Ստեփանեանի «Բնագիտական համառօտ զրոյցներ»ը (1911),
  • Վ. Փափազեանի «Զրոյցներ»ը (1911),
  • Շաւարշի «Ընտանեկան վիշտ եւ հաւատարմութիւն: Պատմական վէպ պարսկահայ կեանքէն (1826-1830)» (1912),
  • Խ. Շաւարշի «Կեանքի դերասանի վերջին խոստովանանք»ը (1912),
  • «Կարգ Ղարաբաղի հայոց թեմական հոգեւոր դպրանոցի 75-ամեայ յոբելենական տօնակատարութեան» (1913),
  • «Ղարաբաղի հայոց հոգեւոր թեմական դպրանոցի 75-ամեակը» (1913),
  • Չարլզ Տարուինի «Մանկական կեանքը» (ռուսերէնէ թարգմանած Հովակ Ստեփանեան, 1914),
  • Զաւէն վարդապետի «Եղէք երջանիկ» (1914),
  • Ի. Զոհրաբեանցի «Տուբերկուլիօզ» (1915), եւ Սիմէոն Սիմէոնեանի «Վերջին զոհը» (1915) եւ «Բանաստեղծութիւններ» (1917):

Մելքում Բաբաջանեանի տպարանը

Խմբագրել

Մելքում Բաբաջանեան Շուշիի Թամիրեան փողոցին վրայ գտնուող Եաղուբեաններու տան մէջ 1910-ին տպարան մը կը բանայ:

Բաբաջանեանի տպարանէն լոյս տեսած գիրքերն են`

  • Սեդրակ Յովհաննիսեանի «Մարդ եւ գեր-մարդ»ը (1910),
  • «Շուշի-Գանձակ ճանապարհի համառօտ հաշիւ»ը (1910),
  • Գրիգոր Տէր Պօղոսեանի «Լեռնականք»ը (1910),
  • Զաւէն վարդապետի «Դաստիարակչական յորդորներ»ը (1911),
  • Գրիգոր Տէր Պօղոսեանի «Հովոցի Եղօն» (1911),
  • Գրիգոր Ներսէսեանի «Խորտակուած յոյսեր» (1912),
  • Լիւդվիգ Ֆուլդի «Երջանիկ երազը» (1912),
  • Գրիգոր Տէր Պօղոսեանի «Լեւոն Շանթի Հին աստուածները եւ Ստեփանոս վանականի յիշատակարանը» (1913),
  • Միրզա Տէր Սարգսեանի «Կաթիլներ»ը (1914),
  • Լեւոն Վարդապետեանի «Տառապանքի արցունքներ»ը (1915),
  • Դ. Ն.ի «Ինչո՞ւ ընձեռեցին պատերազմը. ռուս եւ հայ մտաւորականութեան ձախ թեւերը» (1916),
  • «Լեւոն Աթաբէկեանի յիշատակին մահուան տարեդարձի առթիւ» (1919):
  • Մելքում Բաբաջանեանի տպարանէն լոյս կը տեսնեն նաեւ «Կոկոն» եւ «Ծիծաղ» պարբերականները:

Բժիշկ եւ բանասէր Նիկողայոս Եարամիշեան հրատարակութիւնները

Խմբագրել

Բժիշկ եւ բանասէր Նիկողայոս Եարամիշեան 13 Սեպտեմբեր 1911-ին թերթ հրատարակելու իրաւունք կը ստանայ:

Ան Վրթանէս Փափազեանի եւ Մակար եպիսկոպոս Բարխուդարեանի հետ գործակցաբար 17 Սեպտեմբեր 1911-ին Մելքում Բաբաջանեանի տպարանէն կը սկսի հրատարակել «Ղարաբաղ» գրական-հասարակական եռօրեայ թերթը, որ լոյս կը տեսնէր Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը:

Բժիշկ Նիկողայոս Եարամիշեան բնորոշուած է իբրեւ «Շուշիի լաւագոյն տոքթորը»:

«Ղարաբաղ» եռօրեայ թերթին գլխաւոր խմբագիրը Վրթանէս Փափազեանն էր: Թերթին վերջին համարը լոյս կը տեսնէ 19 Օգոստոս 1912-ին:

«Հայկական աշխարհ» ամսագիրը

Խմբագրել

Շուշիի մէջ հրատարակուած առաջին պարբերականը «Հայկական աշխարհ» գրական, մանկավարժական եւ կրօնական ամսագիրն է, որուն խմբագիրն ու հրատարակիչը Խորէն վարդապետ Ստեփանէն է:

«Հայկական աշխարհ»ը կը հրատարակուի մինչեւ 1879:

Շուշիի մէջ լոյս տեսած ռուսերէն տպագիր օրկանները

Խմբագրել
  • Ռուսերէն առաջին թերթը` «Շուշինսկի Լիստոկ», կը սկսի հրատարակուիլ 9 Յունիս 1911-ին: Խմբագիր հրատարակիչը Շամիլ Մելիք Ղարագէոզովն էր: Թերթը բաղկացած էր չորս փոքրածաւալ էջերէ, իւրաքանչիւր էջը` չորս սիւնակ եւ լոյս կը տեսնէր շաբաթը երկու կամ չորս անգամ: Վերջին համարը լոյս կը տեսնէ 13 Հոկտեմբեր 1911-ին:
  • «Շուշինսկայա Ժիզն» ռուսերէն թերթին առաջին համարը լոյս կը տեսնէ 21 Յունիս 1913-ին: Խմբագիրն էր Ստեփան Մանդինեան: Առաջին խմբագրականին մէջ կ'ըսուի, որ թերթին հրատարակութիւնը օրուան պահանջն է եւ պիտի ձգտի հետաքրքրական ձեւով լուսաբանել աշխատաւորներուն կեանքը: Թերթին վերջին համարը լոյս կը տեսնէ 21 Դեկտեմբեր 1914-ին:

Շուշիի թեմական դպրոցին աշակերտական Միութեան հրատարակութիւնները

Խմբագրել
  • Շուշիի թեմական դպրոցի աշակերտական Միութիւն կազմակերպութիւնը 1913-ին կը սկսի հրատարակել «Միութիւն» պարբերականը: Նոյն տարին իսկ կազմակերպութիւնը կը կազմալուծուի եւ «Միութիւն» պարբերականին հրատարակութիւնը կը դադրի:
  • Թեմական դպրոցի աշակերտներէն ոմանք ալ Միրաժ կազմակերպութիւնը ստեղծած էին, որոնք սուր պայքարի մէջ էին միութենականներուն հետ եւ նոյն տարին`1913-ին կը սկսին հրատարակել «Միրաժ» պարբերականը, որ լոյս կը տեսնէ մինչեւ 1917.  խմբագիրներն էին Սիմոն Ափեան, Անդրանիկ Աւագեան եւ Գրիգորի Խաչեան[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել