Շուշի Քաղաքի Պատմութեան Թանգարան


Շուշի քաղաքի պատմութեան թանգարան, Շուշի հնագոյն քաղաք-ամրոցի բազմադարեայ անցեալը լուսաբանող հնութիւններու կեդրոն։

Շուշի Քաղաքի Պատմութեան Թանգարան
Տեսակ ազգագրական թանգարան? եւ թանգարան
Երկիր  Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Տեղագրութիւն Շուշիի շրջան?
Վայր Շուշի
Հիմնադրուած է 1969
39°45′24″N 46°45′13″E / 39.756547°N 46.753547°E / 39.756547; 46.753547
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն, ցուցադրութիւն

Խմբագրել

Շուշի քաղաքի «Ձորի թաղի» կեդրոնը գտնուող՝ 19-րդ դարու սկիզբը փոխգնդապետ Եսայի Ղարամեանցին (Գրամով) պատկանող հիասքանչ առանձնատան մէջ տեղակայուած Շուշի քաղաքի պատմութեան թանգարանը կը հանդիսանայ հնագոյն քաղաք-ամրոցին բազմադարեայ անցեալը լուսաբանող հնութիւններու կեդրոն։ Այստեղ կը ցուցադրուին Շուշիի հիմնադրման ժամանակի՝ 18-րդ դարու մասին նախկին տեղեկութիւնները հերքող՝ ուշ պրոնզէ դարու եւ հելլենիստական ժամանակաշրջանի հարուստ հնագիտական տեղեկութիւններ։

Թանգարանին հաւաքածոն (թիւով շուրջ 5000 առարկաներ) շատ հարուստ է ազգագրական բնոյթի տեղեկութիւններով, հոս հաւաքուած են յաճախակի իրական արուեստի գլուխգործոցներ ներկայացնող տեղական արհեստագործներու արտադրանքներ։

19-րդ դարու կենցաղի առարկաները կը լուսաբանեն Անդրկովկասի մեծագոյն մշակութային կեդրոնի բնակիչներուն կեանքը։ Դահլիճներու պատերուն տեղադրուած լուսանկարներու եւ վերարտադրուածքներու հաւաքածոն շօշափելի կը դարձնեն այդ դարաշրջանի քաղաքի մշակութային կեանքը։ Հաւաքուած հնութիւններէն շատերը կը լուսաբանեն քաղաքի սեւ օրերը, երբ 22-23 Մարտ 1920-ին թուրք - թաթարական կանոնաւոր եւ անկանոն զօրքերը կը հրդեհեն Շուշի քաղաքի գրեթէ ամբողջ հայկական մասը, շուրջ 30 հազար հայ բնակչութենէն կը կոտորեն 8 հազար հոգի, իսկ ողջ մնացածները մազապուրծ կը փախչին եւ ապաստան կը գտնեն Արցախի գիւղերուն մէջ։

Առանձին վահանակ տրամադրուած է 8-9 Մայիս 1992-ին Շուշիի ազատագրման ռազմագործողութեան։ Այստեղ տեղադրուած է մարտերու պատմութիւնը լուսային ազդեցութիւններով ուղեկցող՝ «Հարսանիք լեռներում» ռազմագործողութեան մանրակերտը[1]։

Շուշի քաղաքի պատմութեան թանգարանը կը գտնուի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ, հասցէ՝ Մեսրոպ Մաշտոց, 32։

Ցուցասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Շուշի քաղաքի պատմութեան թանգարան