Շտեմարան Պատանի Գիտելեաց

պատկերազարդ կրօնական ամսագիր

«Շտեմարան պիտանի գիտելեաց», պատկերազարդ կրօնական ամսագիր։ Ամերիկեան միսիոնարներու հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1839-1842 թուականներուն, 1844-1846 թուականներուն, 1854 թուականին, Զմիւռնիա, ապա՝ Կոստանդնուպոլիս։

Շտեմարան Պատանի Գիտելեաց
Շտեմարան պիտանի գիտելեաց եւ Աւետաբեր եւ շտեմարան պիտանի գիտելեաց
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է Յունուար 1839
Հրատարակման վայր Իզմիր եւ Կոստանդնուպոլիս

Քարոզած է կրօնը, Աստուածաշունչի դրոյթները, ձգտած է բողոքականութիւն տարածել հայկական շրջաններու, յատկապէս երիտասարդութեան մէջ։

Տպագրած է նաեւ ազգագրութեան, երկրագիտութեան, աստղաբաշխութեան, ժամանակի գիտական նուաճումներու վերաբերեալ յօդուածներ, հրատարակած է բարոյախօսական զրոյցներ ու առասպելներ, հեքիաթներ, խրատներ, ասոյթներ։

Նախորդած է «Աւետաբեր եւ շտեմարան պիտանի գիտելեաց» եւ «Աւետաբեր» նոյնատիպ պարբերականներուն։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։