Ուաշինկթընի Հայերը
Համառօտ տեղեկութիւններ
ԽմբագրելՈւաշինկթընի հայ համայնքը ձեւաւորուած է 19-րդ դարու վերջը եւ 20-րդ դարու սկիզը, երբ այստեղ կը հաստատուին Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած հայեր։ Կը յիշատակուի 1887 թուականին Պարսկաստանէն Ուաշինկթըն եկած Տիգրան Վարժապետեանի անունը․ ան զբաղած է արեւելեան ապրանքներու առեւտուրով: 1890 թուականին կը հիմնէ «Վարժապետեան ընկերութիւն» վաճառատունը։ Ուաշինկթըն եկած (1895-ին) յաջորդ հայը Պօղոս Գասպարեանն է, որ կը հիմնէ արեւելեան գորգերու նորոգման ընկերութիւնը։ Գաղութը կը բազմանայ 1894-1896 թուականներու համիտեան ջարդերէն եւ առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք ապաստանած հայ գաղթականներով։ 1885-1910 տարիներուն, Ուաշինկթըն բնակող հայերէն յայտնի են ԱՄՆ-ի գաղտնի ծառայութեան թարգմանիչ Արամ-Քերամ Մինասեան, բժիշկներ՝ Նշան Հինդլեան, նազարեթ Քիւրքճեան, Տոլմաճ, Միհրան Նագաշեան, ամերիկեան նաւատորմի մեքենագէտ Բաստեքեան, գործարարներ Մովսէս Հեքիմեան, Աւագ-Յակոբ Փանոսեան եւ Ինիլեան։
2017, Ապրիլ 5-ին, Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ'ունենայ Հայկական Ազգային Հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան գրադարանի բացումը[1]: Ուաշինկթընի հրապարակներէն մէկուն մէջ կը կանգնուի Ֆրիդ Սողոյեանի Մայր երկիր (Հայաստան) յուշաքանդակը, նուիրուած՝ 1988-ի երկրաշարժի զոհերու յիշատակին։
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք ձեւաւորուած հայ համայնքը
Խմբագրել1940-ական թուականներուն Ուաշինկթընի մէջ կար մէկ հայ ընտանիք։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ Ուաշինկթըն կը հաստատուին ԱՄՆ-ու ուրիշ քաղաքներէն եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն եկած հայեր։ Կը գործեն ՀՅԴ, ՍԴՀԿ, ՀԲԸՄ, Տիկնաց Օգնութեան Ընկերութիւնը, Հայ Կարմիր Խաչը (1931 թուականէն), ՀՕՄ-ը (1910 թուականէն), Վարդանանց Ասպետներ Կազմակերպութիւնը (1942 թուականէն), Վարդանանց Դուստրերու Տիգրանուհի Օթակը (1953 թուականէն), Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Անի մասնաճիւղը։
1960-1970-ական թուականներուն Ուաշինկթընահայ համայնքը կը բաղկանայ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն, Իրանէն, իսկ 1990-ական թուականներուն՝ նաեւ Հայաստանէն գաղթած հայերով։ 2013-ին Ուաշինկթընի մէջ կը բնակին շուրջ 12 հազար հայ։ Անոնք ընդհանրապէս գործարաններ են, պետական, գրասենեկային պաշտօնեաներ, մասնագիտական ընկերութիւններու մէջ աշխատող մասնագէտներ եւ արհեստաւորներ ու առեւտրականներ։
Առաջին եկեղեցական ծառայութիւնը Ուաշինկթընի մէջ կը մատուցուի 1923 թուականին՝ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ 1963 թուականին կը կառուցուի եւ կ'օծուի Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Համայնքին մէջ գործած են նաեւ Սուրբ Մարիամ (Էջմիածնի թեմ), Սուրբ Խաչ (Անթիլիասի թեմ) եկեղեցիները, իրենց շաբաթօրեայ դպրոցներով։ Առաջին հայկական տարրական դպրոցը բացուած է 1932 թուականին՝ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիի աղօթասրահին մէջ։ Ներկայիս կը գործէ Շնորհալի դպրոցը (ունի 100 աշակերտ):
Գործող կազմակերպութիւններ, միութիւններ
ԽմբագրելԿը գործեն նաեւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու տեղական կազմակերպութիւններ, համագաղութային եւ բարեգործական միութիւններու մասնաճիւղեր, հայ-ամերիկեան մշակութային միութիւններ, ՀԲԸՄ տեղեկատուական գրասենեակը, հայ եկեղեցիներու երիտասարդաց կազմակերպութիւնը, հայ ակումբը՝ իր մարզական եւ ընկերային խումբերով, Վալթիմորի հայ մշակութային ընկերութիւնը, «Վասպուրական» եւ «Հայկական» ժողովրդական պարախումբերու միաւորները։ Ուաշինկթընի մէջ կը գտնուի Ամերիկայի հայկական համագումարի կեդրոնական գրասենեակը եւ Հայ Դատի [2] յանձնախումբի մասնաճիւղը, իր գրասենեակով։
1980 թուականին կը հիմնուի Ամերիկայի Հայ Ուսանողներու Ակումբը։ 1996 թուականէն կը գործէ “ANI” (“Armenian National Institute”-(Հայկական Ազգային Հիմնարկ) հաստատութիւնը, որ կը զբաղի Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ փաստաթուղթեր հաւաքելու, ուսումնասիրելու եւ օտարներուն ներկայացնելու աշխատանքով։
- ↑ Ապագայ News, Ապրիլ 7, 2017 http://abakanews.org/news/social/%D5%B8%D6%82%D5%A1%D5%B7%D5%AB%D5%B6%D5%AF%D5%A9%D5%A8%D5%B6%D5%AB-%D5%B4%D5%A7%D5%BB-%D5%B0%D5%A1%D5%B5%D5%B8%D6%81-%D6%81%D5%A5%D5%B2%D5%A1%D5%BD%D5%BA%D5%A1%D5%B6%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1/
- ↑ anc news, Հայ Դատի լրատեղեկատուութիւն էջ 12096 http://ancnews.info/?p=12096