Ուեսթֆալիայի Խաղաղութիւն

Ուեսթֆալեան հաշտութիւն, 1648, կնքուած է Երեսնամեայ պատերազմէն (1618-1648) յետոյ։ Կը միաւորուի 1648 թուականի 24 Հոկտեմբերին Ուեսթ-ֆալիայի (պատմական մարզ Գերմանիոյ մէջ),

Դաշնագիր Խմբագրել

Օսնապրուկ եւ Միւնսթեր քաղաքներու մէջ կնքուած երկու հաշտութեան պայմանագիր՝ Օսնապրուկեան (մէկ կողմէն «Հռոմէական սրբազան կայսրութեան» կայսեր ու անոր դաշնակիցներու եւ միւս կողմէն Շուէտի ու անոր դաշնակիցներու միջեւ) եւ Միւնսթերեան (մէկ կողմէն կայսեր ու անոր դաշնակիցներու եւ միւս կողմէ Ֆրանսայի ու անոր դաշնակիցներու միջեւ)։

Երբեմն Ուեսթֆալեան հաշտութիւնը կը վերագրեն խաղաղութեան հաշտութեան՝ Սպանիոյ եւ Նիտերլանտի միջեւ, որ կնքուած է 1648 թուականի 30 Յունուար-ին: Ատոր հետ մէկտեղ Հոլանտայի եւ Սպանիոյ միջեւ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին՝ 1625-1648 թուականներուն հետազօտողները կը համարեն միաժամանակ եւ՛ երեսնամեայ եւ՛ ութսունամեայ պատերազմները։

Ուեսթֆալեան հաշտութիւնը կը համարուի առաջին ժամանակակից դիւանագիտական համագումարի արդիւնքը։ Այն հիմք կը դնէ Եւրոպայի նոր կարգերուն։ Համաձայնագիրը անդրադարձած է Սրբազան Հռոմէական կայսրութեանը, Սպանիաոի, Ֆրանսային, Շուէտի, Նիտերլանտներուն եւ անոնց համագործակիցներուն։

Փիրէնեան հաշտութիւնը (Treaty of the Pyrenees), որ ստորագրուած է 1659 թուականին, վերջ կը դնէ Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ միջեւ պատերազմին եւ յաճախ կը դիտարկուի որպէս «ընդհանուր միասնութեան» վերջնական փուլը։

Համախմբման վայրը Խմբագրել

 
Ուեսթֆալեան հաշտութիւն
(Հերտեր թեր Պոխի նկարը (1648 թուական)

Հաշտութեան մասին բանակցութիւնները տեղի ունեցած են Ուեսթֆալիա պատմական տարածքին մէջ՝ Միւնսթերի կաթոլիկական եկեղեցւոյ եւ Օսնապրուկի բողոքական եկեղեցւոյ մէջ։ Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան կայսեր եւ Շուէտի միջեւ խաղաղ պայմաններու մէջ դաւանանքային հաւասարութեան հիման վրայ քննարկումներ կատարելու նպատակով հրաւիրուած է Օսնապրուկի բողոքական եկեղեցին, իսկ կաթոլիկական կառավարութեան եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքելու նպատակով՝ Միւնսթեր։

Ֆրանսայի եւ Կապսպուրկներու միջեւ բանակցութիւնները սկսած են Քէոլնի մէջ 1636 թուականին, բայց դադրեցուած են կարտինալ Ռիշելիէի կողմէ։ Համպուրկի մէջ եւ Լիւպրքի մէջ Շուէտը եւ կայսրը բանակցութիւններ կը վարէին հաշտութեան գծով, բայց Շուէտը կ'ընդհատէ այդ գործընթացը եւ կը կնքէ Համպուրկեան համաձայնագիրը Ֆրանսայի հետ։

 
Օսնապրուկի քաղաքապետարան

Այդ ընթացքին Սրբազան կայսրութիւնը եւ Շուէտը կը յայտարարեն Քէոլնի մէջ բանակցութիւններ եւ «Համպուրկի պայմանագիրը» ներածական մասն է համընդհանուր կարգաւորման համաձայնագրի, որը պէտք է կնքուէր երկու հարեւան քաղաքներու՝ Միւնտթերի եւ Օսնապրուկի միջեւ, որոնք բանակցութիւններու ժամանակ դարձան չէզոք եւ ապառազմականացուած։ Միւնսթերը 1535 թուականէն եղած է խիստ կաթոլիկական քաղաք։

Ուեսթֆալեան Հաշտութիւնը Ֆրանսայի եւ Շուէտի միջեւ Խմբագրել

 
Ֆրանսայի դրօշը
 
Շուէտի դրօշը

Ուեսթֆալեան հաշտութեան համաձայն «Հռոմէական սրբազան կայսրութիւնը» Շուէտին 5 միլիոն թալեր ռազմատուգանք վճարելէն բացի, տուած էր Ռիւկէն կղզին, ամբողջ (Western Pomerania) Արեւմտեան Փոմերանիան եւ Արեւելեան Փոմերանիայի մէկ մասը Շթեթթտին քաղաքով, Վիսմար քաղաքը եւ Պրեմէնի արքեպիսկոպոսութիւնն ու Վերտենի եպիսկոպոսութիւնը, որոնք կը վերածուէին աշխարհիկ իշխանութիւններու։ Այդպիսով Շուէտին անցան ոչ միայն Պալթիք, այլեւ Հիւսիսային ծովի կարեւորագոյն նաւահանգիստները։ Ֆրանսան վերջնականապէս իրեն միացուց լոթարինկեան Մեց, Թուլ եւ Վերտէն եպիսկոպոսութիւնները եւ ամբողջ էլզասը (առանց Սթրասպուրկի)։ Յաղթող տէրութիւնները՝ Ֆրանսան եւ Շուէտը յայտարարուեցան Ուեսթֆալեան հաշտութեան պայմանագրի իրականացման գլխաւոր երաշխաւորներ։ Յաղթող տէրութիւններու դաշնակից գերմանական իշխանութիւններ Պրանտենպուրկը, Մեքլենպուրկը, Պրաունշվայկ-Լիւնէպուրկը, Պաւարիան ստացան չնչին հողային փոխհատուցումներ ի հաշիւ աշխարհականացած եպիսկոպոսութիւններու ու վանքերու։

Պաւարիան ստացաւ Վերին Փֆալցը եւ քուրֆիւրսթութեան իրաւունք։ Ինքնուրոյն ճանչուեցան եւ կայսրութեան կազմէն դուրս եկան Զուիցերիան եւ Միացյեալ նահանգներու հանրապետութիւնը (Հոլանտան)։ Գերմանիոյ իշխանները ստացան լիակատար անկախութիւն ինչպէս ներքին, այնպէս ալ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառի մէջ (չէին կրնար կնքել արտաքին դաշինքներ կայսեր եւ կայսրութեան դէմ)։ Վեստֆալեան հաշտութիւն պայմանագիրը ամրապնդեց եւ ուժեղացուց Գերմանիոյ քաղաքական մասնատուածութիւնը։ Կրօնի առումով Ուեսթֆալեան հաշտութիւնը Քալվինականներու (Calvinism) իրաւունքները հաւասարացուեցաւ կաթոլիկներու ու լիւթերականներու իրաւունքներուն, օրինականացուեցաւ եկեղեցականներու հողերու աշխարհականացումը եւ այլն։ Ուեսթֆալեան հաշտութիւնը ամրապնդելով հակահապսպուրկեան խմբաւորման նկատմամբ տարած յաղթանակը, ունեցաւ խոշոր միջազգային նշանակութիւն։ Ձախողեցան սպանական եւ աւստրիական Հապսպուրկներու գլխաւորութեամբ համաշխարհային «քրիստոնէական» կայսրութիւն ստեղծելու փորձը եւ Արեւմտեան Եւրոպայի միջ բարեկարգութեան շարժումները ճնշելու, ինչպէս եւ միջին դասակարգի (bourgeois) Հոլանտայի հանրապետութիւնը հպատակեցնելու ծրագիրները։ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ հաստատուեցաւ Ֆրանսայի երկարատեւ գերիշխանութիւնը։

Պատուիրակութիւններ Խմբագրել

Միւնսթերի եւ Օսնապրուկի քոնկրեսին մէջ հաւաքուեր էին 135[1] դիւանագէտներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր երկիրներու հետաքրքրութիւնները։ Գլխաւոր անձերը եղած են՝

  • Ֆրանսայէն
  • Շուէտէն
  • կայսեր կողմէ
  • Սպանիայէն
  • Սրբազան Հռոմէական կայսրութենէն
  • Պապական կառավարութենէն[2][3]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Meiern, Johann Gottfried von Acta Pacis Westphalicae. — Hanover, 1734. — С. 9 (I).
  2. Meiern, Johann Gottfried von Acta Pacis Westphalicae. — Hanover, 1734. — С. 231-232 (II).
  3. Breucker, G. Die Abtretung Vorpommerns an Schweden. — Halle, 1879.

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։