Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/09

  • Պրազիլի՝ Ամազոնի արեւադարձային անտառին, մէջ բռնկած հրդեհներու թիւը, Յունուարէն մինչեւ օրս, հասած է 39000-ի։
  • Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դիմած է թրքական դատարան՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը:
  • Գիւմրիի մէջ պիտի հիմնուի ազատ տնտեսական գօտի։ Նախատեսուած է 10-12 տարիներու ընթացքին կառուցել 319 հեկտար տարածքով ազատ տնտեսական գօտի, որուն ամբողջական գործարկումը պիտի իրականացուի 5 փուլով։
  • Սեպտեմբեր 1-ին Սանթա Մոնիքայի մէջ մահացաւ սփիւռքահայ էսդրատային երգերու միջազգային ռահվիրայ եւ հայ փոփ երգերու մեկնաբան լիբանանահայ երգիչ Ատիս Հարմանտեանը յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Թողարկած էր 30-է աւելի ալպոմներ եւ ծանօթ էր 400-է աւելի երգերով։
  • Սեպտեմբերին Հայ-ֆրանսական համատեղ հնագիտական պեղումներ կատարող խումբ մը գտած է հիմերը Ուրարտական շրջանի պատկանող տաճարի մը Երեւանի մօտ գտնուող Երեբունի Ամրոցին մէջ։ Այս երրորդ տաճարն է համալիրին մէջ նախապէս յայտնի Խալտի եւ Իյուպսա տաճարներու կողքին եւ մեծ ներդրում մը կը համարուի Հայաստանի եւ ընդհանուր Հին Միջին Արեւելքի պատմութեան վրայ։