Սեպտեմբերին Հայ-ֆրանսական համատեղ հնագիտական պեղումներ կատարող խումբ մը գտած է հիմերը Ուրարտական շրջանի պատկանող տաճարի մը՝ Երեւանի մօտ գտնուող Էրեբունի Ամրոցին մէջ։ Այս երրորդ տաճարն է համալիրին մէջ նախապէս յայտնի Խալթի եւ Իյուպսա տաճարներու կողքին եւ մեծ ներդրում մը կը համարուի Հայաստանի եւ ընդհանուր Հին Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ։
Հայաստանի Ակնալիճ բնակավայրին մէջ բացումը կատարուեցաւ Quba Mere Diwane տաճարին, դառնալով աշխարհի ամենամեծ եզիտի կրօնական տաճարը։ Եօթ գմբէթաւոր տաճարը կ'ընգգրկէ եզիտի գլխաւոր աղօթատեղին, եզիտի կրօնական սեմինար մը եւ եզիտի պատմութեան նուիրուած թանգարան մը։ Հայաստանի մէջ կ'ապրին շուրջ 35,000 եզիտիներ։
Լոս Անճելըսի Թուճունկա շրջանին մէջ 19 Հոկտեմբեր2019-ին բացումը կատարուեցաւ Ուիլիամ Սարոյեան Հրապարակին՝ ի յիշատակ ամերիկահայ նշանաւոր վիպագիրին, թատերագիրին եւ կարճ պատմուածքներու հեղինակին։