Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/05-2022
Նշան Փալանճեան Ճեմարան, հայկական կրթական հաստատութիւն, Պէյրութ, Լիբանան։
Գահիրէի մէջ, 28 Մայիս 1928-ին, կը հիմնուի «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»ը, որուն նպատակն էր Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթին ջահը վառ պահել, դպրոցներու, հրատարակութիւններու, մշակութային եւ գեղարուեստական գործունէութեամբ։ Այս նպատակով, Պէյրութ (Լիբանան), կու գան Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան ու Միութեան հիմնադրումէն երկու տարի ետք, 3 Մարտ 1930-ին կը բացուի «Հայ Ճեմարան»ը՝ Պէյրութի Քանթարի փողոցին վարձու շէնքի մը մէջ, 15 աշակերտներով:
Լ․ Շանթ եւ Ն․ Աղբալեան իրենց շուրջը կ'ունենան խումբ մը աղքատիկ, սակայն լոյսի եւ ուսման սիրահար տղաք։ Լեւոն Շանթ դպրոցին տնօրէնութիւնը կը ստանձնէ։ Իրեն անմիջական գործակից կ'ունենայ Նիկոլ Աղբալեանը եւ երկուքին աշխատակից՝ Գասպար Իփէկեանը։
1930-ի աշնան վերամուտին, աշակերտութեան թիւը կը հասնի 63-ի։
Դպրոցը շուտով կը փոխադրուի Ուատի Ապի-Ժեմիլ փողոց, աւելի ընդարձակ շէնքի մը մէջ։ Յունիս 1935-ին , կու տայ իր առաջին շրջանաւարտները․․․ Աւելին⇒