Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/06-2022
Վերածնունդը կամ Ռընեսանսը (ֆրանսերէն՝ Renaissance, Իտալերէն՝ Rinascimento) Արեւմտեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներու մշակութային եւ գաղափարական զարգացման դարաշրջան մըն է, երբ միջնադարեան մշակոյթէն անցում մը կատարուած է նոր ժամանակի մշակոյթին, Իտալիոյ մէջ ԺԴ.- ԺԶ.դարերուն, իսկ միւս երկիրներուն մէջ՝ ԺԵ.- ԺԶ. դարերուն։
Վերածննդեան մշակոյթի հիմնական գիծերն են աշխարհիկ բնոյթը, հիւմենիզմ-ական աշխարհահայեացքը, հնադարեան մշակութային ժառանգութեան դիմելը, զայն վերածնիլը, որմէ յառաջացած է Վերածնունդ անուանումը։ Վերածննդեան մշակոյթի նախակարապետը եղած է միջնադարեան քաղաքային մշակոյթը, որուն վերելքը հնադարեան մշակոյթին նկատմամբ հետաքրքրութեան յառաջացումն է: Եւրոպական երկիրներուն ու շրջաններուն մէջ գործարար աշխոյժ պայմաններուն մէջ կը յառաջանայ գործօն անձնաւորութիւնը, որուն դիրքն ու յաջողութիւնները կը պայմանաւորուէին ոչ թէ տոհմական ծագումով, այլեւ՝ անձնական ձեռներէցութեամբ եւ գիտելիքներով։ Կրօնական բարոյախօսութիւնը եւ միջնադարեան աւանդոյթները մարդոց համար նեղացուցիչ կը դառնան։ Նոր աշխարհահայեացքը կրողները կը դառնան գրականութեան, բանասիրութեան, իմաստասիրութեան եւ արուեստի ներկայացուցիչները։ Մարդը կը հռչակուի տիեզերքի կեդրոն, բնութեան մաս եւ բնութեան կատարեալ ստեղծագործութիւն․․․ Աւելին⇒